Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Մոնկոլիոյ նախագահը Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Մոնկոլիոյ նախագահը 

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Մոնկոլիոյ նախագահը

Սուրբ Աթոռ-Մոնկոլիա Յարաբերութիւններու Զարգացումը Եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիի Դերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ հինգշաբթի, դեկտեմբերի 4-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ ընդունեց Մոնկոլիոյ Նախագահ, Պրն. Ուխնաակիյն Խիւրելսիւխը։ Նախագահը ապա հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն ընկերացած է Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Ենթաքարտուղար գերապայածառ,  Միհայցըա Պլաժին

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սրտագին զրոյցներու ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ հետեւեալ կէտերուն.

Քննարկուեցան Սուրբ Աթոռին եւ Մոնկոլիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները, ընդգծելով նաեւ զանոնք մշակութային ոլորտին մէջ զարգացնելու կամքը։

Մատնանշուեցաւ տեղական Կաթողիկէ Եկեղեցիին դրական ներդրումը մոնկոլական հասարակութեան մէջ, յատկապէս կրթական եւ առողջապահական բնագաւառներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2025, 15:03