Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Սլովաքիոյ հանրապպետութեան նախագահը Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Սլովաքիոյ հանրապպետութեան նախագահը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սլովաքիոյ հանրապետութեան նախագահը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին Սլովաքիոյ հանրապետութեան նախագահին հետ ուեցած հանդիպումի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 4 դեկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Նախագահը, Պրն. Փիթըր Փելլեկրինի-ն։ Նախագահը ապա յ հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին-ի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն ենթաքարտուղար Միհայծա Բլաժ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանքը թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սրտակից զրոյցներուն ընթացքին, վերահաստատուեցաւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն նկատմամբ փոխադարձ գնահատանքը, նկատի ունենալով նաեւ Սուրբ Աթոռին եւ Սլովաքիոյ Հանրապետութեան միջեւ Հիմնական Համաձայնագիրին ստորագրութեան 25-րդ տարեդարձը, եւ վերահաստատուեցաւ ընդհանուր նուիրումը՝ աջակցելու եւ զօրացնելու ընկերային համախմբումը, խթանելու արդարութիւնը եւ պաշտպանելու ընտանիքը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2025, 14:50