Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Մալթայի վարչապետը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր, 15 դեկտեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Մալթայի Վարչապետ. Պրն. Ռոպերթ Ապելա։ Վարչապետը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն ընկերացած էր Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը, Պետութիւններու և Միջազգային Կազմակերպութիւններու Յարաբերութիւններու Քարտուղարը:
Այս առիթով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր զրոյցներու ընթացքին, ընդգծուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները եւ Եկեղեցւոյ ու Պետութիւնին միջև եղած արդիւնաւոր գործակցութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս՝ գաղթականութիւնը, որուն մէջ Եկեղեցին եւ Կառավարութիւնը ուժգին ներգրաւուած են:
Զրոյցի ընթացքին, յղում կատարուեցաւ Եւրոպական և միջազգային իրավիճակին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի վրայ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
