Հայր Փազոլինի. Գալստեան շրջանը՝ փրկութեան վստահելի սպասումի ժամանակ է
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Սուրբ Ծնունդի պատրաստութեան «Գալստեան» շրջանի առիթով Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Գալստեան» շրջանի առաջին խորհրդածութեան նիստը, զոր գլխաւորեց Քահանայապետական Տան քարոզիչ` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինին խորհրդածելով «Տիրոջ գալուստը։ Անյապաղ սպասում» թեմայի շուրջ՝ Սուրբ Ծննդեան սպասումը կապելով յոյսին եւ Քրիստոսի վերջնական գալստեան հետ։
Գալստեան պատրաստութեան շրջանը նկարագրուած է, որպէս յոյսը վերակենդանացնելու և խաղաղ ու ջանասիրաբար զգօն ապրելու ժամանակ։ «Գալստեան շրջանը», կը յիշեցնէ Փազոլինին, կը նշանակէ ըլլայ ներկայութիւն, ըլլայ գալուստ և Յիսուս զայն կը համեմատէ Նոյի օրերուն հետ. ժամանակ, երբ կեանքը կ՛ ընթանար բնականոն հունով, բայց միայն Նոյը, հնազանդելով Աստուծոյ, կառուցեց տապանը և փրկուեցաւ։
Հայր Փազոլինին հրաւիրեց ճանչնալ Աստուծոյ շնորհքը, որ մեզ կ՛ ազատէ մեղքէն և մահուան վախէն: Բաւարար չէ ճանչնալ ներկայի մարտահրաւէրները - պատերազմներ, անարդարութիւններ, արդիւնաւէտութեան և արհեստագիտութիւններու գերիշխանութիւնը, ներառեալ արհեստական բանականութիւնը - մեզի անհրաժեշտ է այն շնորհքը, որ դարձի կը բերէ սիրտը: Եկեղեցւոյ ծառայողները կոչուած են Աստուած չընդունելու որպէս ինքնըստինքեան տրուած, այլ վերագտնելու այն Աստուծոյ խորհուրդը, որ կը շարունակէ հաւատալ մարդկութեան:
Քարոզիչ Վանականը խօսքը կեդրոնացուց ապա Ջրհեղեցի վրայ ընդգծելով որ չարը պէտք է ոչ միայն ներուի, այլեւ ջնջուի. գործողութիւն, որ, ի տարբերութիւն չեղեալ համարուող մշակոյթի, կը նշանակ բացուիլ Աստուծոյ առջև, որպէսզի Ան կարողանայ բուժել մարդկային թուլութիւնը: Նոյը կը դառնայ այն մարդուն օրինակը, որ կը ճանչնայ շնորհքը, Աստուծոյ թոյլ տալով վերսկսիլ պատմութիւնը: Կեանքը կը ծաղկի, երբ Աստուած դարձեալ կեդրոն կը դառնայ։
Այսպիսով, ջրհեղեղը հանդէս կու գայ որպէս վերստեղծմումի պահ. Աստուած վար կը դնէ իր աղեղը՝ ընտրելով չկիրառել բռնութիւն, մինչդեռ մարդկութիւնը տակաւին կը պայքարի ընդօրինակելու անոր օրինակը պատերազմով և տառապանքով յատկանշուած աշխարհին մէջ: Կարևոր է այն է սորվիլ չվնասել եւ ստեղծել իսկական դաշինքներ։
Քահանայապետական Տան քարոզիչը յղում կատարեց Աւետարանի արթնութեան կոչին: Սակայն այսօր Քրիստոսի վերադարձի սպասումը, կարծես, մարած է՝ փոխարինելով հրաժարականով և յոգնութեամբ: Եկեղեցւոյ կը սպառնան երկու գայթակղութիւններ՝ մոռանալ փրկութեան անհրաժեշտութիւնը և աւելի շատ կենտրոնանալ պատկերի վրայ, քան Աւետարանի արմատականութեան վրայ: Սպասման ժամանակը, ժամանակ է բարութեան սերմեր ցանելու, Քրիստոսին հետեւելու ուրախութեամբ և ապրելու որպէս «աշխարհի գիշերներու պահապաններ»՝ Անոր գալստեան յոյսով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
