VATICAN-RELIGION-POPE-AUDIENCE-JUBILEE

«Խաղաղութիւն ձեզ բոլորիդ. դէպի «զինաթափուած և զինաթափող» խաղաղութիւն». Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուայ պատգամը

Այս կը հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առաջին պատգամը որ ներշնչում կը քաղէ անոր ընտրութեան օրը արտասանած խօսքերէն` զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Խաղաղութիւն ձեզ բոլորիդ. դէպի «զինաթափուած և զինաթափող» խաղաղութիւն». Այս է Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ ընտրուած 2026-ի Խաղաղութեան 59-րդ օրուան պատգամին բնաբանը։ Օր որ պիտի յիշատակուի մէկ Յունուար 2026-ին։

Պատգամին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18 դեկտեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն առիթով ելոյթ կ՛ունենան Մարդկային համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Կարդինալ Միքայել Չեռնի, Փիզա Համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ իրաւագիտութեան փրոֆ. Թոմմազօ Կրէքօ, Հայր Փերօ Միլիչևիչ, Մոսթարի (Պոզնիա) Սուրբ Ղուկաս եւ Մարկոս Աւետարանիչներու եկեղեցւոյ ժողովրդապետ ապա Մարիա Անիեզէ Մորօ, երբեմնի իտալացի քաղաքական անձնաւորութիւն` Ալտօ Մորոյի դուստրը։

Այս կը հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առաջին պատգամը որ ներշնչում կը քաղէ անոր ընտրութեան օրը արտասանած խօսքերէն` զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութիւն։

Նշենք` որ Խաղաղութեան համաշխարհային այս Օրը հաստատուած է Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետին կողմէ եւ ամէն տարի կը նշուի տարուան առաջին օրը` մէկ յունուարին որով Եկեղեցին կը հրաւիրէ հաւատացեալները ու բարի կամք ունեցող մարդիկը խորհրդածելու խաղաղութեան կարեւորութեան վրայ ու նաեւ անհատի եւ ժողովուրդներու բարիքի ու անոնց բարգաւաճումին ի նպաստ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2025, 12:30