Հրապարակային ունկնդրութիւն. Վատիկանի Բ. ժողովի փաստաթղթերը «Lumen gentium»ը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Եկեղեցւոյ խորհուրդը, Աստուծոյ հետ միութեան խորհուրդը և ամբողջ մարդկային ցեղի միութեան խորհուրդը» այս է նիւթը` զոր Լեւոն ԺԴ. Պապը ընտրեց 18 Փետրուարի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան համար, զոր այս անգամ գլխաւորեց բացօթեայ տարածք ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, ի ներկայութեան բազմահազար հաւատացեալներու, շարունակելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի փաստաթուղթերուն նուիրած իր խորհրդածութիւններուն շարքը։
Արդարեւ անցեալ ունկնդրութիւններուն ընթացքին Քահանայապետը անդրադարձ կատարած էր Աստուածային յայտնութեան զանազան կողմերուն։
«Մասնաւորաբար տեսանք, թէ Աստուած ինչպէս ընտրեց յայտնել ինքն իրեն՝ բացայայտելով իր աստուածային ծրագրի սիրառատ խորհուրդը՝ միացնելու բոլոր մարդիկը իրեն, իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով`որ «այս խորհուրդին մէջ կարելի է հասկնալ թէ՛ Եկեղեցւոյ ծագումը եւ թէ՛ անոր առաքելութիւնը»։
Եկեղեցին փրկութեան ծրագրին նշանը եւ միջոցը
«Այս լոյսին տակ այսօր կ՛անդրադառնանք «Lumen Gentium»-ին՝ Եկեղեցւոյ մասին Վարդապետական Սահմանադրութեան, որ Եկեղեցին կը ներկայացնէ որպէս փրկութեան այս ծրագրին թէ՛ նշանը եւ թէ՛ միջոցը» յարեց Քահանայապետը բացատրելով, թէ Ան «նշան» է որովհետեւ եկեղեցական համայնքը այսօր աշխարհին տեսանելի կը դարձնէ այն միութիւնը, զորս Քրիստոս հաստատեց իր Խաչով եւ Յարութեամբ։ Ապա «միջոց» է՝ որովհետեւ Եկեղեցւոյ միջոցաւ է, որ Աստուած կ՛ իրագործէ իր նպատակը՝ միացնելու մարդիկը իրեն եւ զանոնք համախմբելու իրարու։
Խորհուրդ բառը
«Lumen gentium» Վարդապետական Սահմանադրութիւնը հաստատուեցաւ 1964 թ. նոյեմբերի 21-ին եւ անոր մէջ օգտագործուեցաւ Սուրբ Պօղոսի Նամակներէն վերցուած «խորհուրդ» (mistero) բառը»։
«Այս բառը ընտրելով՝ Ժողովը չուզեց ըսել` որ Եկեղեցին մութ կամ անհասկանալի բան մըն է, ինչպէս յաճախ կը մտածուի երբ կը լսուի «խորհուրդ» բառը։ Այլ ճիշտ հակառակը։ Երբ Սուրբ Պօղոսը, յատկապէս Եփեսացիցերուն ուղղած նամակին մէջ, այս բառը կ՛ օգտագործէ, Ան կը ցանկայ մատնանշել իրականութիւն մը, որ առաջ թաքնուած էր, իսկ այժմ յայտնուած» ըսաւ Քահանայապետը։
Յիսուս Քրիստոսի ներգործութիւնը կը յաղթէ բաժանումներուն
«Այդ իրականութիւնը Աստուծոյ ծրագիրն է՝ իր նախագիծը՝ բոլոր արարածները միացնելու ի Քրիստոս» յարեց ապա Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով` թէ Յիսուս Քրիստոսի ներգործութիւնը` Սուրբ Հոգիին միջոցաւ կը յաղթէ բաժանումի զօրքերուն ու նոյնինք Բաժնողին։
Իրապէս, երբ Աստուած կը գործէ պատմութեան մէջ, Ան իր գործունէութեան մէջ կը ներգրաւէ անձերը։ Եկեղեցւոյ միջոցաւ Աստուած մարդիկը կը միացնէ իրեն եւ զանոնք իրարու կը համախմբէ, որովհետեւ միութեան փափաքը կը բնակի մարդկային սրտին մէջ։
Եկեղեցիին նայելով կը յայտնաբերուի Աստուծոյ ծրագիրը` խորհուրդը
Այս համախմբումը կարելի չէ սահմանել լոկ խումբ մը անհատներու այլ սահմանուած է բոլոր մարդկային արարածներուն։ Ասոր համար է` որ Վատիկանի Բ Ժողովը, «Lumen gentium» Սահմանադրութեան սկիզբը, կը յայտարարէ․ «Եկեղեցին՝ ի Քրիստոս, կերպով մը խորհուրդն է, այսինքն՝ նշան եւ միջոց Աստուծոյ հետ անհատական միութեան եւ ամբողջ մարդկութեան միասնութեան» (հ. 1)։ «Խորհուրդ» եզրով եւ հետեւող բացատրութեամբ նկատի կ՛առնուի, որ Եկեղեցին մարդկութեան պատմութեան մէջ արտայայտութիւն է այն բանի, ինչ որ Աստուած կ՛ուզէ իրականացնել հետեւաբար՝ անոր նայելով որոշ չափով կը յայտնաբերուի Աստուծոյ ծրագիրը, խորհուրդը»։
Բաժանուած մարդկութեան մէջ, միութեան եւ հաշտութեան արդիւնաւէտ նշան
«Աստուծոյ հետ միութիւնը իր արտացոլումը կը գտնէ մարդկային անհատներու միութեան մէջ։ Այս է ահա փրկութեան փորձառութիւնը» յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. անգամ մը եւս մէջբերելով վերոնշեալ Սահմանադրութենէն խօսքեր հայող Եկեղեցւոյ, որպէս Քրիստոսի Մարմին եւ փրկութեան տիեզերական խորհուրդ։
«Իսկ ճշմարիտ՝ Քրիստոսը, – կ՛ըսէ Ժողովը, – երբ բարձրացաւ երկրէն, բոլորը քաշեց դէպի իրեն (տե՛ս Յովհ 12,32); մեռելներէն յարութիւն առնելով (տե՛ս Հռոմ 6,9) իր կենսատու Հոգին սփռեց առաքեալներուն մէջ, եւ Անոր միջոցաւ հաստատեց իր մարմինը, որ է Եկեղեցին, որպէս փրկութեան նդհանուր խորհուրդ,. նստած Հօր աջ կողմը՝ անընդհատ կը գործէ աշխարհին մէջ, որպէսզի մարդիկ առաջնորդէ դէպի Եկեղեցի եւ անոր միջոցաւ զանոնք աւելի սերտօրէն միացնէ իրեն, եւ իր մարմինին ու իր արիւնին սնունդով զանոնք մասնակից դարձնէ իր փառաւոր կեանքին»։
«Այս մէկը մեզի կ՚օգնէ հասկնալու կապը Յիսուսի Զատկուան միաւորող գործունէութեան՝ որ տառապանքի, մահուան եւ յարութեան խորհուրդն է, եւ Եկեղեցւոյ ինքնութեան միջեւ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ «միաժամանակ ան մեզ երախտապարտ կը դարձնէ, որ կը պատկանինք Եկեղեցւոյ՝ յարուցեալ Քրիստոսի մարմինին եւ պատմութեան մէջ ուխտագնաց շրջող Աստուծոյ միակ ժողովուրդին, որ կ՚ապրի որպէս սրբագործող ներկայութիւն տակաւին բաժանուած մարդկութեան մէջ, որպէս միութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան արդիւնաւէտ նշան» ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
