Լեւոն ԺԴ. Պապը կրօնաւորուհիներուն. «Ձեր աղօթքը եկեղեցւոյ անտեսանելի ոյժն է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 30 մարտ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պենետիկտեան կրօնաւորուհիներուն երեք համայնքներու ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը վեր առաւ կուսակրօն կեանքի դերը ժամանակակից աշխարհին մէջ՝ շեշտելով աղօթքի, հասարակական կեանքի եւ մշտական կազամաւորման կարեւորութիւնը։
Աղօթքը՝ որպէս ինքնաճանաչումի եւ Սրբացման միջոց
Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Սուրբ Պենետկիկտոսի կանոնագիրը, յորդորեց կրօնաւորուհիները «անդադար հսկել իրենց սեփական կեանքի արարքներուն վրայ», նշելով որ Սուրբ Գրային ընթրեցումն ու Lectio Divina-ն պարզապէս բարեպաշտական վարժութիւններ չեն, այլ՝ հայելի մը, որուն մէջ հաւատացեալը կը տենսէ իր տկարութիւնները եւ կը փառաբանէ Աստուծոյ օրհնութիւնները։
«Սուրբ Գիրքը թող ըլլայ ձեր խորհրդածութեան եւ առօրեայ կեանքի սնունդը», նշեց Սրբազան Հայրը ապա յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով «սինոդականութեան» գաղափարին ըսաւ«
«Սինոդականութիւնը, որ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ կը քաջալերուի որպէս քրիստոնէական կեանքի հիմնարար սկզբունք, վանքէն ներս կը թարգմանուի «միասին քայլելու» առօրեայ փորձառութեամբ՝ փոխադարձ լսողութեամբ, Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ կատարուած հասարակական զատորոշումով, ինչպէս նաեւ տեղական Եկեղեցւոյ եւ Պենետիկտեան վանական Միաբանութեան հետ հաղորդութեամբ։ Անիկա կ’արտայայտուի եղբայրական հաւաքներու, հասարակաց աղօթքի եւ հաւաքական որոշումներու միջոցաւ, ուր իշխանութիւնն ու հնազանդութիւնը կը միանան երկխօսութեան մէջ՝ միասնաբար փնտռելու համար Աստուծոյ կամքը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ թէ վանքի ներփակ կեանքը չի նշանակեր անջատում աշխարհէն, այլ՝ միասնական լսողութեան եւ զատորոշման տարածք։
Ուղղութիւն դէպի ապագայ. Մշտական կազմաւորում
Լեւոն ԺԴ. Իր պատգամին մէջ շեշեց, որ որոշումներու կայացումը պէտք է ըլլայ երկխօսութեան եւ հնազանդութեան ներդաշնակութեամբ, կրօնաւորուհիներուն կեանքը պէտք է օրինակ ծառայէ այսօրուայ եսակեդրոն աշխարհին՝ ցոյց տալով յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ աջակցութեան գեղեցկութիւնը։
Քահանայապետը ապա Աննա մարգարէուհին ներկայացուց, որպէս աղօթքի եւ հաւատարմութեան տիպար, որուն հոգեւոր զատորոշումը թոյլ տուաւ Յիսուս Մանուկին մէջ ճանչնալ Մեսիան եւ յոյսի պատգամ փոխանցել ժողովուրդին։ Ասկէ մեկնելով՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց մշտական կազմաւորման կարեւորութիւնը, որուն նպատակն է Քրիստոսի սէրը խորապէս ճանչնալ եւ վանքերը վերածել «Տիրոջ ծառայութեան դպրոցներու»՝ սիրոյ եւ իմաստութեան առաջնորդութեամբ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կրօնաւորուհիներուն այն «անսահման եւ թագուն բարիքին» համար, զոր անոնք կը մատուցեն Եկեղեցւոյ՝ իրենց լուռ զոհողութեամբ։
Պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ներկաները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Պենետիկտոսի հովանիին՝ շնորհելով իր հայրական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
