Աղօթէ Քահանայապետին հետ․ Աղօթենք՝ տագնապի մէջ գտնուող քահանաներուն համար

Հրապարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին 2026 թուականի Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, որուն մէջ Ան կը հրաւիրէ «հաւատացեալներն ու բարի կամքի տէր անձերը՝ պահ մը կանգ առնելու աղօթքի մէջ, ճանչնալու եւ խորացնելու այն գիտակցութիւնը, թէ քահանաները նոյնպէս իրենց սպասաւորութեան (պաշտօնին) մէջ մօտիկութեան եւ ունկնդրութեան կարիքն ունի»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Աւագ Շաբթուան սկիզբը, հրապարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ.․ Սրբազան Քահանայապետին 2026 թուականի Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը՝ նուիրուած տագնապի մէջ գտնուող քահանաներուն՝ խորհրդածելու համար անոնց հանդէպ խնամքի, անոնց ունկնդիր ըլլալու եւ ուղեկցելու անհրաժեշտութեան շուրջ։

Իր աղօթքին մէջ Սրբազան Հայրը խորապէս կ’աղերսէ դժուարութեան պահեր ապրող քահանաներուն համար՝ «երբ միայնութիւնը կը ծանրանայ, կասկածները կը մթագնեն սիրտը եւ յոգնութիւնը յոյսէն զօրեղ կը թուայ»։

Սրբազան Պապը աղօթքը կը սկսի դիմելով Յիսուսին` Բարի Հովիւին, անոր յանձնելով բոլոր քահանաները ու յատկապէս անոնք, որոնք կ՛ապրին տագնապի պահեր։

Ան կը խնդրէ ապա` որ Տէրը այնպէս ընէ, որ Քահանաները իրենք զիրենք չզգան «ոչ պաշտօնեաներ եւ ոչ ալ միայնակ հերոսներ, այլ՝ սիրուած զաւակներ, հեզ ու արժէքաւոր աշակերտներ», եւ հովիւներ` որոնց թիկունք կը կանգնի իրենց ժողովուրդին աղօթքը։

Ընդգծելով ապա քահանայական սպասաւորութեան համայնքային կարեւորութիւնը Սրբազան Պապը կը հայցէ Հօր Աստուծմէ,  որ որպէս հասարակութիւն, մեզի սորվեցնէ հոգ տանիլ քահանաներուն` «ունկնդրելու զանոնք՝ առանց դատելու, շնորհակալ ըլլալու՝ առանց կատարելութիւն փնտռելու, անոնց հետ կիսելու մկրտութեան առաքելութիւնը, հռչակելու համար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խօսքով եւ գործերով ու անոնց ուղեկցելու՝ մօտիկութեամբ եւ անկեղծ աղօթքով»։

«Ըրէ` որ գիտնանք թիկունք կանգնիլ անոնց որոնք յաճախ մեզի թիկունք կը կանգնին», կ՛ըսէ աղօթքին մէջ Նորին Սրբութիւնը եւ Սուրբ Հոգիէն կը խնդրէ նաեւ, որ քահանաները ունենան «առողջ բարեկամութիւններ, եղբայրական ցանցերու աջակցութիւն եւ շնորհքը վերաբացայայտելու իրենց կոչումին գեղեցկութիւնը եւ երբեք վստահութիւնը չի կորսնցնելու Աստուծոյ վրայ ու չկորսնցնելու Եկեղեցւոյ ծառայելու ուրախութիւնը. խոնարհ ու վեհանձն սրտով։

Ֆրանչիսկոս Պապին 2018 թուականի Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը նոյնպէս նուիրուած էր քահանաներուն, ուր Երջանկայիշատակ Քահանայապետը իր անհանգստութիւնը արտայայտած էր քահանաներու համար՝ սկսելով իր խօսքը հետեւեալ բառերով․ «Քահանաներու յոգնութիւնը։ Գիտէ՞ք քանիցս կը մտածեմ այս մասին» ։

26 Յունիսին Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապը՝ դիմելով Կղերի Վերատսեչութեան կողմէ կազմակերպուած «Ուրախ քահանաներ. Ձեզ կոչեցի բարեկամներ» վերտառութեամբ հաւաքին, հաստատած էր․ «Մեծ ուրախութիւն է ինծի համար այսօր այստեղ ըլլալ ձեզի հետ։ Սուրբ Տարուայ սրտին մէջ, մենք միասին կ՛ ուզենք վկայել, որ հնարաւոր է ըլլալ երջանիկ քահանաներ, քանի որ Քրիստոսը մեզ կանչեց ու դարձուց իր բարեկամները (հմմտ. Յովհ. 15։15)» ասիկա շնորհք մըն է, զոր կ՛ընդունի «երախտագիտութեամբ և պատասխանատուութեամբ»։

«Քահանայապետի աղօթքի միջազգային ցանց»ը կ’ընդգծէ, որ այս դիտաւորութիւնը միայն աղօթքի հրաւէր մը չէ, այլ նաեւ գործելու՝ խթանելու եւ ամրապնդելու համար հիւրընկալ եւ լսելու ունակ համայնքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2026, 15:00