Լեւոն ԺԴ. Պապին Ապրիլ – Յուլիս ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը հրատարակեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին յառաջիկայ Ապրիլէն մինչեւ Յուլիս գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը։
13-23 Ապրիլ Նորին Սրբութիւնը Առաքելական Ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Ալճերիա, Քամերուն, Անկոլա եւ Հասարակածային Կինէա, եւ այս պիտի հանդիսանայ անոր Քահանայապետութեան երրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը։
26 Ապրիլին` առաւօտեան ժամը ինին, Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորէ Քահանայական Ձեռնադրութեան արարողութիւնը, ապա 2 Մայիսին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ, կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, եպիսկոպոսական օծումը պիտի շնորհէ Հռոմի մի քանի եպիսկոպոսներուն։
8 Մայիսին նախատեսուած է Քահանայապետին այցելութիւնը Փոմփէյի Սրբավայր եւ Նափոլի։ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.30-ին Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ։ Իսկ 24 Մայիսին` Պենտեկոստէի տօնին օրը, Ան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ, առաւօտեան ժամը տասին, պիտի գլխաւորէ տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագը։
Յունիս ամսուայ մէջ նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Սպանիա` 6-12 Յունիսին, ապա 20 Յունիսին Ան հովուական այցելութիւն պիտի տայ Փավիա քաղաք` ուր կէսօրէն ետքը ժամը հինգին պիտի գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը.
29 Յունիսին` Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ կը մատուցէ սուրբ պատարագը, առաւօտեան ժամը 9.30 -ին, որուն առիթով կը գլխաւորէ նաեւ Պալիումներու կամ Եմիփորոններու օրհնութեան եւ անոնց նորընտիր եպիսկոպոսներու եւ Մետրոպոլիտներու յանձնման արարողութիւնը։
Ի վերջոյ Յուլիս ամսուայ սկիզբը `4 Յուլիսին, Սրբազան Պապը հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Լամփետուզա` ուր առաւօտեան ժամը տասին պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
