2026.04.05 Domenica di Pasqua Risurrezione del Signore - Messa del giorno

Այնտեղ ուր տակաւին կը սաւառնի մահուան ստուերը թող փայլի կեանքին լոյսը. Լեւոն ԺԴ. Պապին Սուրբ Զատկուան տօնին քարոզը

Նորին Սրբութիւնը Կիրակի 5 Ապրիլ 2026-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցանեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագը մասնակցութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներուն։ Ան հաստատեց որ Զատիկը կը նորոգէ ամէն բան եւ հրաւէր ուղղեց դառնալու յոյսի վկաներ
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Այսօր ամբողջ արարչագործութիւնը կը փայլի նոր լոյսով, երկրէն կը բարձրանայ փառաբանութեան երգ մը, մեր սրտերը կը ցնծան. Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, և Անոր հետ մենք նոյնպէս յարութիւն առինք նոր կեանքի համար». Քրիստոնեայ հաւատքի կեդրոնը հանդիսացող սոյն աւետիսով է` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սկիզբ տուաւ Կիրակի 5 Ապրիլ 2026-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին։

Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր հաւատացեալներ։

Հակառակ որ մահը կը շարունակէ յայտնուիլ մեր կեանքի մէջ Սուրբ Զատիկը մեզի լոյս կը բերէ

Քահանայապետը ապա նշեց թէ ինչպէս վերոնշեալ այս Աւետիսը զանց չ՛ընէր գոյութեան առօրեայ դժուարութիւնները յիշելով թէ ինչպէս մահը ամէն օր կը յայտնուի ըլլայ ներքնապէս, մեղքի ու տառապանքի միջոցաւ, ըլլայ աշխարհին մէջ անարդարութեան բռնութիւններու անձնասիրութեան ու պատերազմներու ընդմէջէն։

Խոցելիութեամբ և մթութեամբ յատկանշուած այս իրավիճակին մէջ Սուրբ Զատիկը կը ներկայանայ որպէս լոյս, որ չի մարիր։

Նոյնիսկ ամենամութ պահերուն կարող է որ ծնունդ առնէ նոր բան մը

Քրիստոնէական պատգամը հրաշքով չի վերացներ ցաւը, այլ կ՛ անցնի անոր մէջէն, բանալով յոյսին ճանապարհը, դիտել տուաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Evangelii gaudium» յորդորագիրին խօսքերը թէ, նոյնիսկ ամենամութ պահերուն կարող է որ ծնունդ առնէ նոր բան մը։

Զատիկը կը նորոգէ ամէն բան

Յարութեան Աւետարանը կոչ մըն է արարչութեան ու մարդկութեան նոր սկիզբ մը կը հռչակէ ու Զատիկը կը դառնայ նոր ստեղծագործութիւնը ` նոր մեկնակէտ մը որուն մէջ կեանքը վերջնական յաղթանակ կը տանի մահուան վրայ, բացատրեց խորհրդածութեան ընդմէջէն Լեւոն Պապը` որ ապա հրաւիրեց հաւատացեալները չի բաւարարուելու միայն Յարութեան մասին խոկալու այլ դառնալու յոյսին գործնական վկաները։

Դառնանք յոյսին վկաները

«Զատիկը նոր արարչագործութիւնն է, որ կ’իրականացնէ յարուցեալ Տէրը. ան նոր սկիզբ մըն է, այն կեանքն է, որ ի վերջոյ յաւիտենական կը դառնայ՝ Աստուծոյ յաղթանակով հին Հակառակորդին վրայ։ Այս յոյսի երգին այսօր մենք պէտք ունինք։ Եւ մենք ենք՝ Քրիստոսի հետ յարուցեալներս, որ պէտք է զայն տանինք աշխարհի փողոցները։ Ուրեմն վազենք Մարիամ Մագդաղենացիի պէս, հռչակենք զայն ամէնուն, մեր կեանքով տարածենք յարութեան ուրախութիւնը, որպէսզի այնտեղ ուր տակաւին կը սաւառնի մահուան ստուերը, փայլի կեանքին լոյսը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը եզրափակեց հայցելով որ Քրիստոս` մեր Զատիկը, օրհնէ մեզ ու մեզի եւ համայն աշխարհին պարգեւէ իր խաղաղութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2026, 10:56