Դառնանք Աւետարանի լուսաւոր վկաները. Լեւոն Պապի հրեշտակի երկուշաբթի օրուան Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր` Քրիստոս Յարեաւ։ Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ2 Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սկսաւ` երկուշաբթի` 6 Ապրիլ 2026-ի կէսօրին, Հրեշտակի Երկուշաբթի Օրուան առիթով, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ուրախ Լեր Թագուհի Երկնից» Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը, նշելով, որ «Ուրախութեամբ եւ զարմանքով լի այս ողջոյնը` մեզի պիտի ընկերանայ բոլոր շաբթուայ ընթացքին» եւ աւելցուց «Տօնախմբելով նոր օրը` զոր Տէրը ըրաւ մեզի համար, ծիսակատարութիւնը կը տօնախմբէ համայն արարչութեան մուտքը փրկութեան ժամանակին մէջ մահուան յուսահատութիւնը վերացուած է մէկ ընդմիշտ յանուն Յիսուսին»։
Ընտրել երկու պատմութիւններու միջեւ
«Այսօրուան Աւետարանը (Մատթ. 28, 8-15) մեզմէ կը խնդրէ ընտրել երկու պատմութիւններու միջեւ․ կամ կանանց պատմութիւնը` որոնք հանդիպեցան Յարուցեալին (հմր. 9-11), կամ պահակներունը, որոնք կաշառուած էին Սինետրիոնի պետերէն (հմր. 11-14)» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, թէ «առաջինները կը հռչակեն Քրիստոսին յաղթանակը մահուան վրայ, երկրորդները կը հռչակեն որ մահը կը յաղթէ միշտ եւ ամէն բանի հանդերձ։ Անոնց համաձայն Յիսուս յարութիւն չ՛առաւ այլ անոր դիակը գողցուեցաւ»։
Քրիստոնէական վկայութեան արժէքը եւ սուտ լուրերը
«Նոյն իրողութենէն՝ դատարկ գերեզմանէն, կը բխին երկու մեկնաբանութիւններ․ մէկը կը դառնայ նոր եւ յաւիտենական կեանքի աղբիւր, իսկ միւսը՝ անխուսափելի եւ վերջնական մահուան պատճառ», յարեց Քահանայապետը ընդգծելով թէ այս հակասութիւնը մեզի խորհրդածել կու տայ քրիստոնէական վկայութեան արժէքի մասին ու մարդկային հաղորդակցութեան ազնւութեան մասին»։
«Արդարեւ շատ անգամներ,ճշմարտութեան պատմութիւնը կը մթագնուի այն, ինչ որ այսօր կը կոչուի «fake news»էն, այսինքն՝ սուտեր, ակնարկներ եւ անհիմն մեղադրանքներ։ Սակայն այսպիսի խոչընդոտներուն դիմաց ճշմարտութիւնը չի մնար ծածուկ, ընդհակառակը՝ ան մեզի կը դիմաւորէ, կենդանի եւ պայծառ, լուսաւորելով ամէնէն խիտ խաւարը», հաստատեց Սրբազան Պապը նշելով, որ նման գերեզման հասած կիներուն, Յիսուս այսօր ալ մեզի կ’ըսէ․ «Մի՛ վախնաք։ Գացէ՛ք եւ աւետեցէ՛ք» (հմր. 10)։
Զատկական աւետիսը կը փրկէ մեր ապագան գերեզմանէն
«Այսպէսով նոյնինքն ինք կը դառնայ բարի լուրը, զոր պէտք է վկայենք աշխարհին. Տիրոջ Զատիկը մեր Զատիկն է, մարդկութեան Զատիկը, որովհետեւ այս մարդը, որ մեզի համար մեռաւ, Աստուծոյ Որդին է, որ մեզի համար իր կեանքը տուաւ։ Այնպէս ինչպէս միշտ կենդանի եւ ներկայ Յարուցեալը կ’ազատէ անցեալը կործանարար աւարտէ մը, նոյնպէս Զատկական աւետիսը կը փրկէ մեր ապագան գերեզմանէն» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. կարեւոր նկատելով, որ այս Աւետարանը հասնի մասնաւորապէս անոնց` որոնք ճնշուած են չարէն, եւ մտաբերեց բոլոր ժողովուրդները, որոնք կը տանջուին պատերազմի պատճառաւ, քրիստոնեաները` որոնք հալածուած են իրենց հաւատքին համար եւ մանուկները որոնք զրկուած են կրթութենէ։
«Քրիստոսին Զատիկը խօսքով եւ գործերով հռչակելը կը նշանակէ նոր ձայն մը տալ յոյսին, որ խեղդուած է բռնաբարներու ձեռքերուն մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ հաստատեց` թէ «երբ Բարի Լուրը աշխարհին մէջ կը հռչակուի, ան կը լուսաւորէ ամէն ստուեր՝ ամէն ժամանակի մէջ»։
Ֆրանչիսկոս Պապին յիշատակը
Խորհրդածութեան աւարտին Լեւոն Պապը «յատուկ սիրով եւ Յարուցեալի լոյսին ներքոյ» ուզեց յիշել Ֆրանչիսկոս Պապը` որ, ըսաւ Ան, «ճիշտ անցեալ տարուայ Հրեշտակի Երկուշաբթիին օրը, իր կեանքը յանձնեց Տիրոջ»։
«Մինչ կը յիշենք անոր մեծ հաւատքի եւ սիրոյ վկայութիւնը, միասին աղօթենք Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Իմաստութեան Աթոռին, որպէսզի կարենանք աւելի ու աւելի պայծառ կերպով դառնալ ճշմարտութեան աւետարանիչներ» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հրեշտակի Երկուշաբթի օրուայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը որմէ ետքը արտասանեց «Ուրախ Լեր Թագուհի Երկնից» Մարեմեան աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ