2025.04.19  Veglia Pasquale nella notte santa presieduta dal Cardinale Giovanni Battista Re

Աւագ Շաբաթ օր. Սուրբ Զատկուայ հսկումի արարողութիւնը

Աւագ շաբթուան մասին Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետը կ՛ըսէ. «Այդ շաբաթ տրորուեցաւ ու ոտնահարուեցաւ մահը, ջնջուեցաւ մեղքը, փշրուեցաւ երդումն ու դրախտի փականը, կտրուեցաւ երկնքի անմատչելիութիւնը, հեռացուեցաւ բաժանութեան պատնէշը, զաւթուեցան անջրպետող սահմանները, Աստուած աշխարհի մէջ հաշտեցուց երկնայինն ու երկրայինը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4 Ապրիլին` Աւագ Շաբաթ օրն է, այս առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ երեկոյեան ժամը ինին կը գլխաւորէ Սուրբ Զատկուայ հսկումի արարողութիւնը որ Քրիստոնէական ամենակարեւոր տօնակատարութիւններէն մին է, զոր Սուրբ Օգոստոսինը անուանած է «բոլոր հսկումներու մայրը»։

Արարողութիւնը կը կատարուի յիշեցնելու Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը և մահէն դէպի կեանք անցումը։ ԱՆ լի է խորհրդանիշներով եւ կազմուած է չորս մասերէ.

Լուսաւորութեան արարողութիւնը (Լոյսի արարողութիւն): Արդարեւ հսկումը կը սկսի խաւարած եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՛ Օրհնուի նոր կրակը և կը վառուի Զատկական Մոմը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսը՝ աշխարհին լոյսը։

Խօսքի ծիսակատարութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուին տարբեր ընթերցումներ (եօթն Հին Կտակարանէն և երկուքը Նոր Կտակարանէն, ներառեալ ընթերցուածն ու և Աւետարանը), որոնք կը պատմեն փրկութեան պատմութիւնը՝ ստեղծումէն ի վեր մինչև Իսրայէլի ժողովուրդի ազատագրումը։

Մկրտութեան Խորհուրդի մատակարարում: Արարողութեան ընթացքին կը կտարուի նաեւ ջուրի Օրհնութիւնը հուսկ Սուրբ Մկրտութեան եւ Սուրբ Դրոշմի խորհուրդները կը մատակարարուին քրիստոնէական կեանքի նախապատրաստուող մեծահասակներուն, մինչ բոլոր հաւատացեալները կը նորոգեն իրենց մկրտութեան ուխտերը։

Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը: Այս մէկը հսկումի գագաթնակէտն է, երբ Եկեղեցին, այսինքն Աստուծոյ Ժողովուրդը, կը համախմբուի Յարուցեալին պատրաստած ընթրիքի խորանին շուրջ։

Արարողութիւնը հրաւէր է մթութեան մէջ ապրելու աղօթքը, ապա տօնելու մահի և հիասթափութեան նկատմամբ յաղթանակը։

Իսկ ըստ հայկական ծէսին Աւագ շաբաթ օրը կը յիշատակուի դժոխքի աւերումը:

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին դպիրներ մարգարէական ընթերցուածներ կը կարդան, որոնք կը խօսին Մեսիայի աշխարհ գալուստի ու Աստուծոյ փրկութեան ծրագիր մասին։ Ընթերցումներուն կը յաջորդէ Ճրագալոյցի պատարագը: Այդ երեկոյ եկեղեցւոյ վառած մոմերէն կը վառուին բազմաթիւ մոմեր ու ճրագներ, զոր հաւատացեալները կը տանին իրենց տուները` իբրեւ խորհրդանիշ Յիսուսի յարութեան ուրախ աւետիսին:

Աւագ շաբթուան մասին Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետը կ՛ըսէ. «Այդ շաբաթ տրորուեցաւ ու ոտնահարուեցաւ մահը, ջնջուեցաւ մեղքը, փշրուեցաւ երդումն ու դրախտի փականը, կտրուեցաւ երկնքի անմատչելիութիւնը, հեռացուեցաւ բաժանութեան պատնէշը, զաւթուեցան անջրպետող սահմանները, Աստուած աշխարհի մէջ հաշտեցուց երկնայինն ու երկրայինը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2026, 08:31