Ափրիկէ ճամբորդութիւնս եղաւ անգնահատելի հարստութիւն իմ սրտիս եւ առաքելութեանս համար. Լեւոն ԺԴ

Քահանայապետի վերջին առաքելական ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակին ունկնդրութեան խորհրդածութեան։ « Քահանայապետին այցելութիւնը ափրիկեան ժողովուրդներուն համար առիթ մըն եղաւ լսելի դարձնելու իրենց ձայնը, արտայայտելու Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալու խնդութիւնը եւ լաւագոյն ապագայի մը յոյսը՝ իւրաքանչիւրին եւ բոլորին արժանապատուութեան համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Չորեքշաբթի` 29 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը առանձնական մի քանի հանդիպումներ ունենալէն ետքը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հերթական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը ուզեց կեդրոնացնել անցեալ 13էն 23 ապրիլ ափրիկեան ցամաքամասի չորս երկիներուն կատարած իր առաքելական այցելութեան` Ալճերիա, Քամերուն, Անկոլա եւ Հասարակածային Կուինէա։

«Իմ Քահանայապետութեանս սկիզբէն ի վեր փափաքած էի ձեռնարկել ճամբորդութիւն մը կատարել դէպի Ափրիկէ։ Շնորհակալ եմ Տիրոջ, որ առիթը տուաւ զայն իրականացնելու որպէս Հովիւ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հանդիպելու եւ զանոնք քաջալերելու համար. ինչպէս նաեւ զայն ապրելու որպէս խաղաղութեան պատգամ՝ պատմական այնպիսի պահու մը ընթացքին, որ յատկանշուած է պատերազմներով ու միջազգային իրաւունքի ծանր ու յաճախակի խախտումներով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. խորհրդածութեան սկիզբը իր շնորհակալութիւնները յայտնելով Եպիսկոպոսներուն ու քաղաքացիական Իշխանութիւններուն որոնք զինք հիւրընկալեցին ու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան ճամբորդութեան կազմակերպութեամբ։

Ալճերիան եւ Սուրբ Օգոստինոսը

«Նախախնամութիւնը կամեցաւ, որ առաջին հանգրուանը ըլլայ ճիշտ այն երկիրը, ուր կը գտնուին Սուրբ Օգոստինոսի վայրերը, այսինքն՝ Ալճերիան։ Այսպիսով, ես մէկ կողմէն՝ վերադարձայ իմ հոգեւոր ինքնութեան արմատներուն, եւ միւս կողմէն՝ կարողացայ ամրապնդելու այնպիսի կարեւոր կամուրջներ այսօրուան աշխարհին ու Եկեղեցւոյ համար, ինչպիսիք են՝ կամուրջը Եկեղեցւոյ Հայրերու բեղմնաւոր դարաշրջանին հետ, կամուրջը իսլամական աշխարհին հետ եւ կամուրջը ափրիկեան  ցամաքամասին հետ» նշեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ Ալճերիայի մէջ իրեն վերապահեցին ոչ մային յարգալից եւ ջերմ ընդունելութիւն, այլ կարողացաւ ականատես ըլլալ եւ աշխարհին ցոյց տա` որ կարելի է ապրիլ միասին որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, նոյնիս տարբեր կրօններու պատկանելով, երբ իրար զիրար կը ճանչնանք, որպէս նոյն ողորմած Հօր զաւակները։

«Այս մէկը յարմար առիթ մը եղաւ Սուրբ Օգոստինոսի դպրոցէն սորվելու. անոր կեանքի փորձառութեամբ, անոր գրութիւններով եւ անոր հոգեւորականութեամբ,՝ ան վարպետ մըն է Աստուծոյ եւ ճշմարտութեան որոնման մէջ։ Վկայութիւն մը, որ այսօր աւլել քան երբեք կարեւոր է քրիստոնեաներուն եւ իւրաքանչիւր անհատի համար» ըսաւ Քահանայապետը։

Երանի աղքատները, հեզերը եւ խաղարարները

Ան ապա նշեց, թէ իր այցելած յաջորդ երկիրները մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ էին` ուր առիթը ունեցաւ «ընկղմելու» հաւատքի տօնախմբութեան մթնոլորտի մէջ։

«Ես ալ, նախորդներուս նման, քիչ մը փորձարկեցի այն, ինչ որ կը պատահէր Յիսուսի հետ Գալիլիոյ ժողովուրդին պարագային. Ան կը տեսնէր զանոնք ծարաւի ու անօթի արդարութեան, եւ կ’աւետէր անոնց. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, երանի՜ հեզերուն, երանի՜ խաղաղարարներուն...» եւ, անոնց հաւատքը տեսնելով, կ’ըսէր. «Դուք էք երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը» (հմմտ. Մտ 5, 1-16)» ըսաւ Քահանայապետը որ ապա մէկի մէկիկ յիշեց ճամբորդութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը։

Քամերուն` յանձնառում ի սպաս հաշտութեան եւ խաղաղութեան 

«Քամերուն այցելութիւնս առիթ եղաւ վերահաստատելու հաշտութեան եւ խաղաղութեան համար միասնաբար պայքարելու կոչը, որովհետեւ այդ երկիրն ալ, դժբախտաբար, թիրախ է լարուածութիւններու եւ բռնութիւններու» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւնը յայտնելով Պամենտան՝ անգլիախօս շրջանը այցելելուն համար, ուր, յարեց Ան, քաջալերեց ներկաները իրարու հետ համագործակցելու վասն խաղաղութեան։

«Քամերունը կը կոչուի «Ափրիկէն՝ մանրանկարի մէջ»՝ ակնարկելով իր բնութեան ու պաշարներու բազմազանութեան եւ հարստութեան. սակայն կրնանք այս արտայայտութիւնը հասկնալ նաեւ այն իմաստով, որ ամբողջ ցամաքամասի մեծ կարիքները կը գտնենք Քամերունի մէջ. հարստութեան արդար բաշխման կարիքը, երիտասարդներուն ասպարէզ տալու կարիքը՝ յաղթահարելով տիրող կաշառակերութիւնը, եւ համապարփակ ու կայուն զարգացման նպաստելու կարիքը՝ հակադրելով նոր-գաղութատիրութեան տարբեր ձեւերուն հեռատես միջազգային գործակցութիւն մը»։ ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով Քամերունի Եկեղեցւոյ եւ համայն քամերունցի ժողովուրդին, որ զինք ընդունեցին մեծ սիրով ապա իր աղօթքը վստահեցուց «որպէսզի այցելութեանս ընթացքին դրսեւորուած միասնութեան ոգին վառ մնայ եւ առաջնորդէ ապագայ որոշումներն ու քայլերը»։

Անկոլան` ազատ Եկեղեցի՝ ազատ ժողովուրդի մը համար։

Լեւոն ԺԴ. խօսեցաւ ապա ճամբորդութեան երրորդ հանգրուանի Անկոլայի մասին, «որ ունի դարաւոր քրիստոնէական աւանդութիւն՝ կապուած փորթուկալական գաղութատիրութեան հետ»։

«Ինչպէս ափրիկեան շատ մը երկիրներ, անկախութիւնը ձեռք բերելէ ետք, Անկոլան ալ անցաւ տագնապալի շրջանէ մը, որ իր պարագային արիւնալի էր երկարատեւ ներքին պատերազմի պատճառաւ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով. որ «այս պատմութեան հնոցին մէջ Աստուած առաջնորդեց ու մաքրագործեց Եկեղեցին՝ զայն աւելի ու աւելի վերածելով Աւետարանի սպասարկութեան, մարդկային վերելքի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան գործիքի»։

«Ազատ Եկեղեցի՝ ազատ ժողովուրդի մը համար։ Մամա Մուշիմա (Mamã Muxima) տիրամօր սրբավայրին մէջ, որ կը նշանակէ «Սրտի Մայր», զգացի անկոլացի ժողովուրդին սրտի բաբախումը։ Զանազան հանդիպումներու ընթացքին ուրախութեամբ տեսայ ամէն տարիքի բազմաթիւ կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ՝ որոնք Երկնքի Արքայութեան մարգարէութիւնն են իրենց ժողովուրդին մէջ. տեսայ դպիրներ ու քարոզիչներ, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են համայնքներու բարօրութեան. տեսայ տագնապներով ու տառապանքներով քանդակուած տարեցներու դէմքեր, որոնք կը ճառագայթէին Աւետարանի խնդութիւնը. տեսայ կիներ ու տղամարդիկ, որոնք կը պարէին յարուցեալ Տիրոջ փառաբանութեան երգերու կշռոյթով՝ որպէս հիմք այն յոյսին, որ կը դիմանայ գաղափարախօսութիւններու եւ հզօրներու սնոտի խոստումներուն պատճառած յուսախաբութիւններուն»։

«Այս յոյսը կը պահանջէ գործնական յանձնառութիւն» հաստատեց Քահանայապետ, «եւ Եկեղեցին պատասխանատուութիւն ունի՝ վկայութեամբ եւ Աստուծոյ Խօսքի քաջարի քարոզչութեամբ, ճանչնալու բոլորին իրաւունքները եւ սատարելու անոնց գործնական յարգանքին» աւեցլուց Ան մատնանշելով թէ ինք Անկոլայի քաղաքական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ, «վերահաստատեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կամքը՝ շարունակելու իր ներդրումը բերել, յատկապէս առողջապահական եւ կրթական մարզերուն մէջ»։

Հասարակածային Կուինէա

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետութեան առաքելական Երրորդ ճամբորդութեան չորրորդ եւ վերջին հանգրուանը եղաւ Հասարակածային Կուինէան, երկրին աւետարանութեան 170 ամեակին առիթով։

«Աւանդութեան իմաստութեամբ եւ Քրիստոսի լոյսով՝ Կուինէացի ժողովուրդը անցաւ իր պատմութեան հանգրուաններէն, եւ վերջին օրերուն, Պապին ներկայութեամբ, մեծ խանդավառութեամբ վերանորոգեց իր կամքը՝ միասնաբար քալելու դէպի յոյսի ապագայ մը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յուզմունքով յիշելով Պաթայի բանտին մէջ պատահածը.

Պաթայի բանտարկեալներուն երգն ու աղօթքը 

«Բանտարկեալները ի բոլոր սրտէ  երգեցին Աստուծոյ եւ Պապին ուղղուած շնորհակալական երգ մը՝ խնդրելով աղօթել «իրենց մեղքերուն եւ իրենց ազատութեան համար»։ Երբեք նման բան չէի տեսած» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով թէ անոնք , տեղատարափ անձրեւի տակ, իր հետ միասին աղօթեցին նաեւ «Հայր Մեր»-ը» այս մէկը նկատելով «Աստուծոյ Արքայութեան հարազատ նշան մը»։

«Եւ դարձեալ անձրեւի տակ սկսաւ երիտասարդութեան հետ մեծ հանդիպումը՝ Պաթայի մարզադաշտին մէջ։ Քրիստոնէական խնդութեան տօն մը՝ երիտասարդներու յուզիչ վկայութիւններով, որոնք Աւետարանի մէջ գտած էին ազատ ու պատասխանատու աճումի ուղին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով որ` «այս տօնախմբութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ յաջորդ օրուան Սուրբ Պատարագով, որ արժանապէս պսակեց Հասարակածային Կուինէա կատարած այցելութիւնը եւ նոյնիսկ ամբողջ առաքելական ճամբորդութիւնը»։

Անգնահատելի հարստութիւն մը իմ սրտիս եւ առաքելութեանս համար

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Քահանայապետին այցելութիւնը ափրիկեան ժողովուրդներուն համար առիթ մը եղաւ լսելի դարձնելու իրենց ձայնը, արտայայտելու Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալու խնդութիւնը եւ լաւագոյն ապագայի մը յոյսը՝ իւրաքանչիւրին եւ բոլորին արժանապատուութեան համար։ Ուրախ եմ, որ իրենց տուի այս կարելիութիւնը, եւ միեւնոյն ժամանակ շնորհակալ եմ Տիրոջ այն բոլոր բաներուն համար, զոր անոնք պարգեւեցին ինծի՝ անգնահատելի հարստութիւն մը իմ սրտիս եւ առաքելութեանս համար» եղան Սրբազան Պապին խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2026, 10:27

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >