Pope Leo XIV leaves the papal residence to head back to the Vatican, in Castel Gandolfo

Իրանի ամբողջ ժողովուրդի նկատմամբ սպառնալիքը անընդունելի է. Լեւոն ԺԴ.

Քասթել Կանրոլֆոյի մէջ լրագրողներուն դիմելով՝ Լեւոն ԺԴ-ը կոչ ըրաւ «բարի կամքի բոլոր մարդկանց միշտ փնտռել խաղաղութիւնը և մերժել պատերազմը», Ան պահանջեց վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան՝ խաղաղ լուծումներ գտնելու համար, և նշեց, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ յարձակումները կը հակասեն միջազգային իրաւունքին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Լեւոն ԺԴ-ը անգամ մը եւս կրկնեց խաղաղութեան կոչը՝ եւ այդ ըրաւ երեքշաբթի 7 ապրիլի երեկոյեան Քասթել Կանտոլֆոյի Վիլլա Պարպերինիի պապական բնակավայրէն դուրս սպասող լրագրողներուն փոխանցած կարճ յայտարարութեան մը միջոցաւ։

«Այսօր բոլորս գիտենք այն սպառնալիքի մասին որ կատարուեցաւ Իրանի համայն ժողովուրդին դէմ եւ այս մէկը անընդունելի է» ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով խաղաղութեան հրատապութիւնը։

ԱՄՆ-ի և Իսրայէլի Իրանի դէմ պատերազմին և ԱՄՆ նախագահին «Իրանի ամբողջ քաղաքակրթութիւնը ոչնչացնելու» ահազանգող սպառնալիքին ի տես Սրբազան Պապը նշեց որ կը ցանկայ պարզապէս կրկնել այն, ինչ որ ըսաւ Ուրպի էթ Օրպի պատգամին մէջ, անցեալ կիրակի օր «վար առնել զէնքերը եւ ընտրել երկխօսութեան եւ ոչ թէ ուժի ուղին։ Նորին Սրբութիւնը առ այդ նշեց թէ այս ծիրէն ներս պէտք է նկատի առնուի «միջազգային իրաւունքը» բայց նաեւ «բարոյական հարցը»։

«Այստեղ, անշուշտ, կան միջազգային իրաւունքի հարցեր, բայց առաւել ևս՝ ասիկա բարոյական հարց է, որ կը վերաբերի ժողովուրդի մը բարօրութեան» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ուշադրութիւնը հրաւիրելով հակամարտութեան լայնածաւալ հետևանքներու վրայ ըսելով «Մենք կ՛ ապրինք համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի, ուժանիւթի ճգնաժամի և Միջին Արևելքի մեծ անկայունութեան իրավիճակ, որ միայն աւելի շատ ատելութիւն կը յառաջացնէ ողջ աշխարհին մէջ»։

«Կը փափաքիմ հրաւիրել բոլորը մտածելու բազմաթիւ անմեղներուն, բազմաթիւ մանուկներուն ու բազմաթեւ տարեցներուն որոնք ամբողջովին անմեղներ են» ըսաւ Սրբազան Պապը որ ասկէ մեկնելով կոչ ըրաւ վերադառնալու երկխօսութեան սեղան։ «Խօսինք։ Փնտռենք լուծումներ խաղաղ ճանապարհով», յարեց Ան  հրաւիրելով բոլորը աղօթելու ու նաեւ մտածելու թէ ինչպէս կարելի է կապ հաստատել «կոնգրեսականներուն հետ, իշխանութիւններուն հետ, ՝ անոնց ըսելու` որ պատերազմ չենք ուզեր, խաղաղութիւն կ՛ուզենք։ Մենք ժողովուրդ մըն ենք որ խաղաղութիւն կը սիրէ։ Մեծ կարիք կայ այսօր աշխարհի մէջ խաղաղութեան» ըսաւ Քահանայապետը։

Նորին Սրբութիւնը իր այս նոյն միտքը կրկնեց Անգլերէն լեզուով հրաւիրելով բոլոր բարի կամքի տէր մարդիկը որոնելու միշտ խաղաղութիւնը եւ ոչ թէ բռնութիւնը, մերժելու պատերազմը, յատկապէս այն պատերազմը որ շատեր որակեցին անարդար որ շարունակաբար կ՛աճի և ոչ մէկ բան չի լուծեր»։

Ան ապա ակնարկեց աշխարհը յուզող ճգնաժամներուն` տնտեսական, ուժանիւթային ու նաեւ Միջին Արեւելքի անկայունութեան, որ միշտ աւելի ատելութիւն կը հրարեն աշխարհին մէջ։

Լեւոն ԺԴ. ապա հաստատեց որ  «քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ յարձակումները կը հակասեն միջազգային իրաւունքին» ու թէ անոնց նշան են ատելութեան, բաժանումի եւ կործանումի։ Ան ապա ներգրաւուած երկիրներու քաղաքացիներուն դիմեց հրաւիրելով զանոնք լսելի դարձնելու իրենց խաղաղութեան ձայնը։

Լեւոն Պապին յայտարարութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2026, 07:45