Լեւոն ԺԴ. Պապը օգոստոսին պիտի այցելէ Սան Մարինօ եւ Ռիմինի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ Օգոստոս 22-ին, շաբաթ օրուան ընթացքին, հովուապետական պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Սան Մարինոյի Հանրապետութիւն եւ Ռիմինի քաղաքը։
Այս այցելութիւնը կը կատարուի ընդառաջելով Սան Մարինոյի նախկին Նախագահ-Կապիտաններ (Capitani Reggenti)՝ Վսեմաշուք Մաթէօ Ռոսսիի եւ Լորենցօ Պուլիի կողմէ ուղղուած պաշտօնական հրաւէրին։
Ըստ հաղորդուած յայտագիրին, Սրբազան Հայրը շաբաթ, Օգոստոս 22-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն պիտի ժամանէ Սան Մարինօ, ուր տեղի պիտի ունենան պետական եւ հոգեւոր հանդիպումներ։
Այցելութեան շարունակութիւնը Ռիմինիի մէջ
Նոյն օրուան յետմիջօրէին, ինչպէս նախապէս արդէն յայտարարուած էր, Քահանայապետը պիտի փոխադրուի Ռիմինի քաղաքը, ուր ներկայ պիտի գտնուի աւանդական «Meeting» մշակութային ու միջազգային համագումարին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն հաւատացեալներուն եւ քաղաքային իշխանութիւններուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
