Անհրաժեշտ է, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը զգան Քրիստոսի ներկայութեամբ յատկանշուող համայնքին ջերմութիւնը․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 18 Մայիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Catholic Extension Society - Կաթողիկէ տարածման հասարակութիւն» համայնքի կառավարիչներու խորհուրդի անդամները՝ իրենց ընտանիքներու հետ միասին Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, որ կը զուգատիպի Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւորագոյն պահի մը` Հոգեգալստեան տօնի նախօրէին՝ քանզի ինչպէս Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ, Առաքեալներուն վրայ Սուրբ Հոգիին էջքին կը յաջորդէ վաղ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի բոլոր ազգերուն մէջ Աւետարանի տարածման պատմութիւնը։
Նշենք թէ՝ «Կաթողիկէ տարածման հասարակութիւնը» (Catholic Extension) ոչ-առեւտրային, Քահանայապետական կազմակերպութիւն մըն է՝ հիմնադրուած է 1905 թուականին, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Չիքակօ։ Դրամահաւաքի միջոցաւ ան կը սատարէ Միացեալ Նահանգներու ամենէն աղքատ ու հեռաւոր շրջաններուն մէջ կաթողիկէ համայնքներուն՝ զարգացման տարբեր ծրագիրներով։
Երախտագիտական խօսքեր՝ առաքելական ջանքերուն համար
Յիրաւի, Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Կաթողիկէ տարածման համայնքի անդամներուն՝ Միացեալ Նահանգներուն եւ արտերկրի մէջ աղքատ կաթողիկէ համայնքներու կարիքները «միսիոնարական ոգեւորութեամբ» հոգալու շարունակական ջանքերուն համար՝ հետեւելով իրենց հիմնադիրին՝ Հայր Ֆրենսիս Քլեմենթ Քելլիին, որ իր հերթին, ներշնչուելով «վաղ Եկեղեցւոյ քրիստոնեաներէն, որոնք կը տարածէին Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւին լուրը», կը ձգտեր հասնիլ ԱՄՆ ծայրամասերու ողջ հաւատաւոր ժողովուրդին։
«Մասնաւորապէս կը ցանկանայի գովաբանել Ձեր աշխատանքը Քուպայի եւ Փուերթօ Ռիքոյի մէջ»։ «Անհրաժեշտ է, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը զգան Քրիստոսի ներկայութեամբ յատկանշուող համայնքին ջերմութիւնը»՝ շեշտեց Սրբազան Հայրը՝ ուղղակիօրէն դիմելով ներկաներուն։
Հաւատքով լեցուն համայնքները հնարաւորութիւն կու տան զգալու Քրիստոսի մէջ նոր կեանքի ուրախութիւնը
«Այսօր յատկապէս անհրաժեշտ է Կաթողիկէ Տարածման Հասարակութեան յանձնառութիւնը՝ ոչ միայն մեղմացնելու աւելի նուազ բախտաւորներուն աշխարհիկ կարիքները, այլեւ ներդրում կատարելու կենսունակ կաթողիկէ համայնքներու կերտման գործին մէջ։ Հաւատքով լեցուն համայնքները հնարաւորութիւն կու տան անհատներուն զգալու Քրիստոսի մէջ նոր կեանքի ուրախութիւնը, զոր կ՚ապրին ամէն օր (…) եւ «լաւ հող» են, որուն վրայ քահանայութեան եւ կրօնական կեանքի նոր կոչումները կրնան արմատաւորուիլ ու սկսիլ աճիլ (հմմտ. Մատթէոս 13:8)՝ ապահովելով նոր մշակներ գալիք տարիներու հունձքին համար (հմմտ. Ղուկաս 10:2)», յարեց ի վերջոյ Լեւոն Պապը։
Ան, ի վերջոյ, իր պատգամն աւարտեց բոլոր ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեպաշտութեան, ինչպէս նաեւ իր առաքելական օրհնութիւնը բաշխեց անոնց։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
