Լեւոն ԺԴ-ի շրջաբերականը. ԱԲ թող ծառայէ մարդուն ոչ թէ քիչերու իշխանութեան

“Rerum novarum”շրջաբերական նամակի 135րդ տարեդարձին առիթով, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը իր այս “Magnifica humanitas”, առաջին շրջաբերականով կը խորհրդածէ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան մասին Արհեստական Բանականութեան ժամանակաշրջանին մէջ։ Անոր կոչն է պահպանել «Աստուծմէ բնակուած վսեմ (հոյակապ) մարդկութիւն մը», խթանելով ճշմարտութիւնը, աշխատանքի արժանապատւութիւնը, ընկերային արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։ Թուային դարաշրջանին մէջ հարկաւոր է զինաթափ ընել ԱԲ եւ յաղթահարել «արդար պատերազմի» տեսութիւնը

Իզապելլա Փիրօ, Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած հոյակապ մարդկութիւնը այսօր կը գտնուի վճռական ընտրութեան մը առջեւ. կանգնեցնել Բաբելոնի նոր աշտարակ մը, թէ՞ կառուցել այն քաղաքը, ուր Աստուած եւ մարդկութիւնը կ՚ապրին միասին»։ Լեւոն ԺԴ-ի առաջին շրջաբերականին (Magnifica humanitas, «արհեստական բանականութեան ժամանակաշրջանին մարդկային անձի պահպանման մասին») սկզբնաւորութիւնը կը խտացնէ անոր հիմնական պատճառներն ու նպատակը։

Հրատարակուած այսօր՝ երկուշաբթի, 25 Մայիսին, անիկա ստորագրուած է Քահանայապետին կողմէ անցեալ 15 Մայիսին, Լեւոն ԺԳ-ի Rerum novarum-ի հրատարակման 135-ամեակին առթիւ։

Եւ Փրեվոսթ Պապը իր նախորդին ժառանգութիւնը ստանձնելով, գրած է ընկերային շրջաբերական մը, որ կը դիմագրաւէ արդի դարաշրջանի գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկը՝ արհեստական բանականութիւնը։

Հինգ գլուխներու բաժնուած Magnifica humanitas-ը կը մեկնի այն կանխադրոյթէն, թէ արհեստագիտութիւնը «մարդուն հանդէպ հակառակորդ ուժ մը չէ» (4), ոչ ալ «ինքնին չարիք մը» (9)։ Այսուհանդերձ, անիկա «չէզոք չէ, որովհետեւ կ՚առնէ զայն մտածողին, ֆինանսաւորողին, կանոնակարգողին եւ օգտագործողին դիմագիծը»։ Ասկէ կը բխի Քահանայապետին կոչը՝ «բարութեամբ կառուցելու» եւ «մարդ մնալու»՝ հետեւելով համախոհ պատասխանատուութեան եւ հաղորդութեան տրամաբանութեան։

Եկեղեցւոյ ընկերային Վարդապետութիւնը

Առաջին գլուխը - Աւետարանին հաւատարիմ շարժուն մտածողութիւն մը – կը վերընթերցէ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը (ԵԸՎ) վերջին պաշտօնական վարդապետական ուսուցումներուն (magisterium) եւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին լոյսին տակ, ընդգծելով անոր «շարժուն գործնական բնոյթը» (17)։ «Կիրարկելի սկզբունքներու եւ կանոններու տետրակ մը» ըլլալէ անդին, ԵԸՎ-ն աւելի շուտ «պատմութեան մէջ հաղորդութեան աստուածաբանութիւն» մըն է (27), որ կ՚ուղղորդէ դէպքերու ընթերցումը Աւետարանի լոյսին տակ։

Պաշտպանել մարդկային արժանապատւութիւնը

Երկրորդ գլխուն մէջ, Լեւոն ԺԴ. կը թուարկէ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հիմքերն ու սկզբունքները. առաջիններուն շարքին, ան կը նշէ մարդկային անձի արժանապատուութիւնը՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն. մարդկային իրաւունքներու անձեռնմխելիութիւնը, որոնց կարգին է կեանքի իրաւունքը՝ «յղացումէն մինչեւ անոր բնական վախճանը». փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ճանաչումը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կիներուն, որպէսզի անոնք իսկապէս լսուին ու արժեւորուին (57)։

Անընդունելի է տիրապետել այլ ազգի մը վրայ

«Ինչ կը վերաբերի Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան (ԵԸՎ) սկզբունքներուն, Լեւոն ԺԴ.-ը կը մատնանշէ անոնցմէ հինգը . առաջինը հաւաքական բարիքն է՝ «իւրաքանչիւրին ճանչցուած արժանապատուութեան ընկերային ձեւը» (59)։ Սրբազան Քահանայապետը կէտի մը վրայ յատկապէս անդրդուելի է. «Հաւաքական բարիքի խթանումը երբեք չի կրնար բաժնուիլ ժողովուրդներու՝ գոյութիւն ունենալու, սեփական ինքնութիւնը պահպանելու եւ իրենց ինքնատիպութեամբ ազգերու ընտանիքին նպաստելու իրաւունքի յարգանքէն»։ Հետեւաբար, «ազգ մը ջնջելու կամ հպատակեցնելու որեւէ փորձ կամ ծրագիր խորապէս անբարոյական է եւ, ըստ այդմ՝ անընդունելի» (64)։»

Արհեստագիտութիւնը քիչերու ձեռքերուն մէջ պէտք չէ մնայ

«Երկրորդ սկզբունքը կը վերաբերի բարիքներու համընդհանուր նպատակաուղղման. այստեղ եւ շրջաբերականին այլ կէտերուն մէջ Լեւոն ԺԴ.-ը կը պնդէ այն անհրաժեշտութիւնը, որ արհեստագիտութիւնները կեդրոնացած չըլլան քիչերու ձեռքը՝ խորացնելով թուային յեղափոխութենէն ներառուածներուն եւ դուրս մնացածներուն միջեւ եղած անդունդը (67)։ Ասկէ կը բխին երրորդ եւ չորրորդ սկզբունքները, այսինքն՝ օժանդակութիւնը (sussidiarietà) (68) – որ կը պահանջէ հայրականամտութեան (հովանաւորչութեան) եւ խնամատուութեան յաղթահարումը՝ ի նպաստ համապատասխանատուութեան», – եւ համերաշխութիւնը (73)՝ «սկզբունք եւ առաքինութիւն», որ կը հակադրուի անտարբերութեան։»

Ընկերային Արդարութիւնը

«ԵԸՎ-ի (Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան) հինգերորդ սկզբունքը ընկերային արդարութիւնն է. թուային դարաշրջանին մէջ անիկա պէտք է երաշխաւորէ բոլորին համար հաւասար հասանելիութիւն դէպի հնարաւորութիւններ, պաշտպանէ ամենախոցելիները, պայքարի ատելութեան ու ապատեղեկատուութեան դէմ եւ հանրային վերահսկողութեան տակ դնէ արհեստագիտութիւններու օգտագործումը։ Այս ոլորտին մէջ Լեւոն ԺԴ.-ը կը նշէ «վճռորոշ փորձաքար» մը, որ կը վերաբերի գաղթականներուն. այն ձեւը, որով ընկերութիւնը կը վարուի անոնց հետ, կը փաստէ, թէ «արդեօք արդարութեան գաղափարը առաջնորդուա՞ծ է վախով, թէ՞ եղբայրութեամբ»։ Ասկէ մեկնելով՝ կոչ կ՛ուղղուի թէ՛ պահպանելու մեկնիլ ստիպուած եղողներուն «յոյսի իրաւունքը»՝ անոնց համար երաշխաւորելով ապահով եւ օրինական ուղիներ, արժանապատիւ ընդունելութիւն եւ ներառում, եւ թէ՛ խթանելու իւրաքանչիւրին «սեփական հողին վրայ մնալու իրաւունքը»՝ խաղաղութեան ու ապահովութեան մէջ, դիմագրաւելով գաղթի «խորքային պատճառները» (81)։ Քահանայապետը կը նախատեսէ, որ յիշեալ հինգ սկզբունքները ուղղուած ըլլան նաեւ Եկեղեցւոյ, որ կոչուած է «խղճի քննութեան»՝ լսելու «հոգեւոր, տնտեսական, հաստատութենական, սեռային, իշխանութեան եւ խղճի չարաշահումներու զոհերը», քանի որ ատիկա «արդարութեան ուղիի մը անբաժանելի մասն է, որ կը ներառէ վնասի ճանաչումը, արդար հատուցումը (դարմանումը) եւ կանխարգիլումը» (89)։»

Բարոյական կանոնակարգ մը Արհեստական Բանականութեան համար

Երրորդ գլուխը՝ «Արհեստագիտութիւն եւ տիրապետութիւն. մարդկային անձին վեհութիւնը՝ Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) խոստումներուն դիմաց», կը սուզուի արհեստական բանականութեան նիւթին բուն էութեան մէջ։ Լեւոն ԺԴ. կը զգուշացնէ «արհեստագիտական իշխանապետութեան կաղապարէն» (paradigma tecnocratico), որ արդէն իսկ դատապարտուած էր Ֆրանչիսկոսի կողմէ, եւ որուն պատճառով ամէն ընտրութիւն կը թելադրուի բացառապէս արդիւնաւէտութեան ու շահոյթի չափանիշներով (92)։ Ընդհակառակը՝ ամենահզօր արհեստագիտութիւնը անպայմանօրէն լաւագոյնը չէ. ԱԲ-ն կրնայ նմանակել ու ձեւացնել մարդը, բայց չունի բարոյական գիտակցութիւն, կարեկցանք, զգացական, յարաբերական եւ հոգեւոր կարողութիւն։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ԱԲ-ին մօտենալ չափաւոր ու արթուն ձեւով՝ յստակութիւն պահպանելով անոր բոլոր փուլերու պատասխանատուութեան (accountability) շուրջ, ինչպէս նաեւ հիմնուելով համապատասխան քաղաքականութիւններու ու իրաւական շրջանակներու, անկախ հսկողութեան եւ օգտատէրերու դաստիարակութեան վրայ։ Յատկապէս կարիքը կայ բարոյագիտական կանոնագիրքի մը, որ կ’ենթարկուի համատեղ ընկերային արդարութեան չափանիշներուն, որովհետեւ «պէտք չէ աւելի բարոյական ԱԲ մը, եթէ այդ բարոյականութիւնը քանի մը հոգիի կողմէ կ’որոշուի» (107)։ Առանց անտեսելու նոր արհեստագիտութիւններու բնապահպանական ազդեցութիւնը, որոնք մեծ քանակութեամբ ուժանիւթ եւ ջուր կը պահանջեն՝ ազդելով ածխաթթու կազի արտանետումներուն վրայ եւ վնասելով Արարչագործութիւնը (101)։

Զինաթափել ԱԲ

Պէտք է «զինաթափել ԱԲ-ն»,— կը պնդէ Լեւոն ԺԴ.,— զայն դուրս բերելու համար զինուորական, տնտեսական եւ ճանաչողական (cognitiva) մրցակցութեան տրամաբանութենէն. խզելու համար արհեստագիտական հզօրութեան եւ կառավարելու իրաւունքի միջեւ եղած հաւասարութիւնը. զայն փրկելու համար մենաշնորհներէն եւ արգիլելու, որ տիրապետէ մարդկայինին։ Այս առաջադրանքը բարոյագիտական է, արհեստագիտական եւ բնապահպանական, որովհետեւ ԱԲ-ն «արդէն իսկ այն միջավայրն է, որուն մէջ ընկղմած ենք, եւ այն ուժը, որուն հետ պէտք է հաշուի նստինք» (110)։ Լայն տեղ յատկացուած է անդրմարդկայնութեան (transumanesimo) եւ յետմարդկայնութեան (postumanesimo) քննադատութեան, որոնք յառաջդիմութիւնը կը մեկնաբանեն իբրեւ մարդկային սահմաններու յաղթահարում։ Ընդհակառակը՝ սահմանը կամ սահմանափակումը վերացուելու ենթակայ թերութիւն մը չէ, այլ անձի բաղկացուցիչ չափանիշ, որովհետեւ «մարդ արարածը չի ծաղկիր հակառակ իր սահմանափակումներուն, այլ յաճախ՝ այդ սահմանափակումներուն ընդմէջէն» (118)՝ տկարութեան եւ սահմանափակութեան մէջ ճանչնալով այն վայրերը, ուր կը հասուննան յարաբերութիւնը, հոգատարութիւնը եւ բացուածքը՝ հանդէպ Աստուծոյ ու դիմացինին։

Արհեստագիտութեան յառաջդիմութիւնը թող չի ստորադասէ սիրտը

Հետեւաբար, արհեստագիտութիւնը զարգացնել՝ ջնջելով մարդկային սահմանները, կը նշանակէ հետընթացի մատնել սիրտը։ Հոյակապ, բայց եւ վիրաւոր, արդարեւ, մարդկութիւնը «պէտք չէ փոխարինուի եւ ոչ ալ գերազանցուի»։ Արհեստագիտութիւնը կրնայ ամոքել անոր տառապանքները եւ նոր կարելիութիւններ բանալ անոր առջեւ, բայց պէտք չէ ուրանայ այն, ինչ որ յատուկ է իրեն՝ «յարաբերութեան եւ սիրոյ կարողութիւնը» (126)։ ԱԲ առջեւ իսկական ընտրանքը խանդավառութեան եւ վախի միջեւ չէ, այլ յառաջդիմութիւն կերտելու երկու ձեւերու միջեւ. ի սպաս անհատին ու ժողովուրդներուն, թէ՞ ուժի տրամաբանութեան (129)։ Ընտրանք մը, որ կը հրաւիրէ բոլորը. «Բաբելոնի՞ կառուցումը, թէ՞ Երուսաղէմի», մարդուն եւ Աստուծոյ այն երկու «քաղաքները», որոնք նաեւ մատնանշուած են Սուրբ Օգոստինոսի կողմէ (130)։

Հաղորդակցութեան բնապահպանում

Չորրորդ գլխուն մէջ՝ - Պահպանել մարդկայինը փոխակերպման ընթացքին. Ճշմարտութիւն, աշխատանք, ազատութիւն - , շրջաբերականը կը մաղթէ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած «հաղորդակցութեան բնապահպանութիւն»։ Պապը կը պահանջէ թափանցիկութիւն՝ բովանդակութեան ընտրութեան տրամաբանութեան մէջ, անձնական տուեալներու պաշտպանութիւն, փաստարկման ու ստուգման վրայ հիմնուած լուրջ լրագրութիւն, նոր գիտակցութիւն Արհեստական Բանականութեան «ճիշդ եւ քննադատական» օգտագործման մէջ, ինչպէս նաեւ գիտելիքներու համարկում։ Թափանցիկ եւ անկեղծ հաղորդակցութիւն կը պահանջուի նաեւ Եկեղեցիէն, յատկապէս անարդարութիւններու եւ չարաշահումներու պարագային։ Կեդրոնական է նաեւ կրթական վերանորոգուած դաշինքի մը կոչը, որպէսզի երիտասարդներուն մօտ չմարի «հարցումներ ուղղելու փափաքը»՝ այնպիսի կատարեալ մեքենաներու պատճառով, որոնք մարդկային մտածողութիւնը անօգուտ կը թուացնեն (140)։ Լեւոն ԺԴ-ն նաեւ կը խնդրէ յենուլ դպրոցին վրայ՝ իբրեւ վայր, ուր կը սորվին «փնտռել եւ սիրել ճշմարտութիւնը» (147)։

Աշխատանքի Արժանապատուութիւնը

«Չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան» մէջ, որ կը ներկայացնէ թուային անցումը, Քահանայապետը կը շեշտէ աշխատանքի արժանապատուութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը՝ ծրագրելով այնպիսի համակարգեր, որոնք կեդրոնացած են անհատին եւ ոչ թէ միայն արտադրողականութեան վրայ։ Արհեստագիտութիւնը անշուշտ կրնայ թեթեւցնել մարդը ծանր կամ կրկնուող պարտականութիւններէ, բայց պէտք չէ յանգեցնէ գործազրկութեան՝ յանուն ծախսերու նուազեցման եւ շահոյթի աւելացման։ Այս առումով, կը մաղթուի նաեւ արհմիութիւններու վերանորոգում մը։

Խաղաղութիւն եւ զարգացում

Քահանայապետը, հետեւաբար, կը նշէ ՀՆԱ-ն (Համախառն Ներքին Արդիւնք)՝ որպէս երկրի մը զարգացման մակարդակի չափանիշ տեսութիւնը գերազանցելու անհրաժեշտութիւնը՝ փոխարէնը շեշտը դնելով աշխատանքի արժանապատուութեան, համատեղ բարգաւաճման, անհաւասարութիւններու նուազեցման եւ շրջակայ միջավայրի պահպանման վրայ։ «Իրօք, ֆինանսը՝ ֆինանսի համար տարբեր է զարգացման միտած ֆինանսէն» (159-160)։ Եւ Սուրբ Պօղոս Զ-ի հետքերով՝ կը շեշտուի խաղաղութեան ու զարգացման միջեւ փոխադարձ կախուածութիւնը՝ մաղթելով միջազգային համագործակցութիւն մը, որ ընդունակ է սահմանելու համատեղ ռազմավարութիւններ, յատկապէս ի նպաստ ամենախոցելի երկիրներուն եւ խումբերուն, որովհետեւ բարգաւաճումը կը նպաստէ խաղաղութեան «միայն եթէ ան տարածուած է, ներառական եւ կայուն» (163)։

Ընտանիքը ընկերային առաջնային բարիք

Այնուհետեւ, ուժգին կոչ կ՚ուղղուի ընտանիքին, որ հիմնուած է այր մարդու եւ կնոջ միջեւ կայուն միութեան վրայ. այն կը նկատուի «առաջնային ընկերային բարիք», «իւրաքանչիւր համայնքային կազմակերպութեան հիմնական եւ անփոխարինելի բջիջը» (165), որուն թիկունք պէտք է կանգնին նաեւ աշխատանքային այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք կը քաջալերեն կայունութիւնն ու մարդկային կշռոյթները (ռիթմերը)՝ այսպիսով պաշտպանելով «ապագայ կերտելու» ընկերային կարողութիւնը։

«Տեսանելիութեան ճարտարապետութիւնը

Ի վերջոյ, մարդկային ազատութեան թեման. այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, ուր թուային հարթակները ծրագրուած են օգտատէրերու ժամանակը գրաւելու եւ անոնց խոցելիութիւնները շահագործելու համար, անհրաժեշտ է զօրացնել իւրաքանչիւրին ներքին ազատութիւնը՝ դիմագրաւելով նաեւ ընկերային վերահսկողութեան վտանգը, որ կը յառաջանայ տուեալներու զանգուածային հաւաքագրումէն եւ ալկորիթմական (algoritm) համակարգերու օգտագործումէն։ Արդարեւ, վարքագիծերու բնութագրումը (profiling), կանխատեսումն ու կողմնորոշումը «նոր իշխանութիւն մըն է» (171), որ կրնայ խտրականութեան ենթարկել ամենատկարները։ Պապը յատկապէս կը դատապարտէ «տեսանելիութեան ճարտարապետութիւնը», որ միայն կ՚ընդլայնէ այն ինչ որ տեսանելի է՝ ձեւաւորելով կարծիքները։

Նոր ստրկութիւններ եւ նոր գաղութատիրութիւն

Արհեստական Բանականութիւնը կը յառաջացնէ ստրկութեան նոր ձեւեր, ինչպէս «դրոշմուած, անդամալուծուած, հիւծած մարմիններ»ն (173) անոնց որոնք կ՚աշխատին արհեստագիտութեան համար անհրաժեշտ «հազուագիւտ հողերու» արդիւնահանման վրայ։ Այս պատճառով, նոր ստրկութիւններու դէմ պայքարը թուային փոխակերպման «բարոյական զատորոշման այլ մէկ վճռորոշ փորձաքարն է»։ Այս գծով, Լեւոն ԺԴ. կը շեշտէ, թէ «Եկեղեցին կը նորոգէ իր խիստ դատապարտումը ստրկութեան, մարդոց առեւտուրի եւ շահագործման բոլոր ձեւերուն դէմ» եւ կը վերահաստատէ, որ «մարդկային արժանապատուութեան այս ծանր խախտումները» չհակազդելը կամ հանդուրժելը փաստացիօրէն կը նշանակէ «մեղսակից դառնալ» (174)։ Միեւնոյն ժամանակ, Պապը «սրտանց ներողութիւն» կը խնդրէ այն ուշացումին համար, որով Եկեղեցին, անցեալին, դատապարտած է «ստրկութեան չարիքը»։ Շրջաբերականը կ՚ակնարկէ նաեւ «իշխանութեան նոր հազուագիւտ հողերուն», այսինքն՝ կենսական տեղեկութիւններուն (օրինակ՝ առողջապահութեան եւ ժողովրդագրութեան վերաբերեալ), որոնք կ՚օգտագործուին տնտեսական ռազմավարութիւնները կողմոնորշելու համար։ Ասիկա, կը բացատրէ Քահանայապետը, գաղութատիրութեան աննախադէպ դէմքն է, որ կ՛ իւրացնէ տուեալները եւ անձնական կեանքերը կը վերածէ շահագործելի տեղեկատուութեան՝ թուային միջավայրը վերածելով «կողոպուտի տարածք» (178-179)։

Շրջանցել արդար պատերազմի տեսութիւնը

Հինգերորդ գլխուն մէջ՝ «Ոյժի մշակոյթը եւ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը», Լեւոն ԺԴ իր հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի պատերազմը. «Թուային յեղափոխութիւնը կը փոխէ հակամարտութիւններու քերականութիւնը» եւ, առանց բարոյական մօտեցման, մարդոց կեանքի ու մահուան վերաբերեալ որոշումները պիտի դառնան աւելի ու աւելի անդէմ (անձնականութենէ զուրկ)՝ ոյժի կիրառումը նկատելով որպէս «անմիջական եւ իրագործելի ընտրանք» (182-183)։ Այս բոլորին հիմքին մէջ կայ «ոյժի մշակոյթ մը», որ կը բնականոնացնէ պատերազմը եւ զայն կը վերականգնէ որպէս «միջազգային քաղաքականութեան գործիք»՝ խթանելով վերազինումը։

Այսօր հանրային կարծիքին վրայ կը ճնշեն նաեւ լրատուամիջոցներու բեւեռացնող պատմողական ձեւերը (narratives), ինչպէս նաեւ «պատմական յիշողութեան մտահոգիչ կորուստ մը», որ կը զրկէ երկարաժամկէտ տեսլականէ (191)։ Իբրեւ հետեւանք, այսօր խաղաղութիւնը այլեւս չի հասկցուիր որպէս ստանձնելիք պարտականութիւն, այլ՝ որպէս դադար մը հակամարտութիւններու միջեւ։ Այս պատճառով, Լեւոն ԺԴ կը վերահաստատէ, որ — անփոփոխ պահելով ամենախիստ հասկացողութեամբ օրինական պաշտպանութեան իրաւունքը — անհրաժեշտ է շրջանցել «արդար պատերազմի» տեսութիւնը՝ փոխարէնը քաջալերելով երկխօսութիւնը, դիւանագիտութիւնն ու ներողամտութիւնը (192)։

Ոչ մէկ Ալկորիթմ կարող է պատերազմը դարձել բարոյապէս ընդունելի

Պապը չի վարանիր դատապարտելու ռազմական արդիւնաբերութեան աճը, միջուկային սպառազինութիւններու մրցավազքը, զինեալ նոր դերակատարներու՝ ներառեալ ժիհատիսթներու ի յայտ գալը, որոնք կը միտին հակամարտութիւնները յաւերժացնել որպէս իշխանութեան եւ եկամուտի աղբիւր։ Նոյնպէս յստակ է նախազգուշացումը Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) հետ կապուած զէնքերու օգտագործման դէմ, քանի որ «չկայ որեւէ ալկորիթմ, որ կրնայ պատերազմը բարոյապէս ընդունելի դարձնել»։ Անհրաժեշտ են առ այդ միջազգային մակարդակով որդեգրուած խիստ բարոյագիտական սահմանափակումներ, որոնք հիմնուած ըլլան անձնական պատասխանատուութեան եւ քաղաքացիական անձերու պաշտպանութեան վրայ, որովհետեւ «ամէն արհեստագիտութիւն, որ կը դիւրացնէ հարուածելը՝ առանց դիմացինին դէմքը տեսնելու, կը նուազեցնէ հակամարտութեան բարոյական շեմը» (199)։

Բազմակողամինութեան ճգնաժամը

«Ոյժի մշակոյթը կը բխի նաեւ բազմակողմանիութեան ճգնաժամէն եւ «անօրէն ու հակամարտական բազմաբեւեռութեան» մը յայտնութենէն, ուր կը տիրապետէ փոխադարձ անվստահութիւնը (201)։ Իրաւունքի ուժին կը փոխարինէ ուժեղագոյնին իրաւունքը. ուժի տրամաբանութիւնը կը գերակայէ խաղաղութեան կերտման վրայ, որ մղուած է երկրորդական դասակարգի վրայ, իսկ ժողովուրդներու համատեղ ճակատագիրը պահպանելու համար ստեղծուած հաստատութիւնները այժմ տկարացած են եւ չեն ճանչցուիր իրենց բարոյական հեղինակութեամբ։ Այս գծով, Պապը ՄԱԿ-ի եւ միջազգային քաղաքական համակարգին համար կը մաղթէ «արմատական բարեփոխումներ», որոնք կը յաղթահարեն արժէքներու ներկայ ճգնաժամը՝ ի նպաստ ճշմարիտ ընդհանուր բարիքին (226)»։

Սիրոյ քաղաքակրթութիւնը

Ուժի մշակոյթին քրիստոնեան կոչուած է պատասխանելու՝ կերտելով «սիրոյ քաղաքակրթութիւնը» եւ ընտրելով՝ սնուցանե՞լ ուժի տրամաբանութիւնը, թէ՞ պահպանել խաղաղութիւնը։ Հայրապետին կողմէ մատնանշուած «պատասխանատուութեան ուղիները» հինգն են. զինաթափել բառերը՝ ճշմարտութիւնը խօսելով. կերտել խաղաղութիւնը արդարութեան մէջ. որդեգրել զոհերու հայեացքը՝ դիրքորոշում որդեգրելով, որովհետեւ կան հակամարտութիւններ, որոնց պարագային «արդար չէ չէզոք մնալ». մշակել «առողջ իրապաշտութիւն մը», որ խաղաղութեան գործնական ուղիներ կը փնտռէ փաստերով եւ ոչ միայն խօսքերով։ Վերջապէս, վերակենդանացնել երկխօսութիւնը՝ ուժի մշակոյթէն անցնելով բանակցութեան մշակոյթի։

Աստուծոյ անունը չգործածել պատերազմները արդարացնելու համար

Վճռորոշ է նաեւ «կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը»՝ որպէս խաղաղութեան պատգամի փոխանցող. «Ան որ Աստուծոյ անունը կը գործածէ ահաբեկչութիւնը, բռնութիւնը կամ պատերազմը արդարացնելու համար, կը դաւաճանէ Անոր դէմքը»՝ այս է Լեւոն ԺԴ-ի (223) ազդարարութիւնը։

Հոյակապ մարդկութիւնը

Շրջաբերական Նամակի աւարտին, Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները՝ բնակելու նոր արհեստագիտութիւններու մէջ Աւետարանի լոյսին ներքոյ, հետեւելով «քրիստոնէական կեանքի չափաւոր ու պահանջկոտ ուղեգիծի մը»։ Որպէսզի նոյնիսկ Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) դարաշրջանին, ամէնքը կարողանան վկայել «Աստուծմով բնակուած սքանչելի մարդկութեան մը գեղեցկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2026, 11:30