Եկած եմ հաւաքելու արցունքները եւ շնորհակալութիւն յայտնելու չարիքին բարիքով պատասխանողներուն. Լեւոն Պապը Աչերրայի մէջ

Քամեանիա շրջանի Աչերրա քաղաք կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ տեղական եկեղեցական հասարակութեան հետ յայտնելով թէ իր այս այցը Ֆրանչիսկոս Պապի փափաքին իրականացումն է, ապա հրաւիրեց ու խրախուսեց ներկաները դառնալու յոյսի նշան մը, «խաղաղութեան բանակ» եւ վկաները կեանքի։ «Աշխարհի փոփոխութիւնը կը ծնի մարդոց սիրտերէն»

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ, 23 Մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը ութի ժամանակները ինքնաթիռով ուղղուեցաւ Իտալիա Քամփանիա շրջանի Աչերրա քաղաքը՝ առ ի զօրակցութիւն «Կրակներու երկիր»-ի բնապահպանական աղէտէն տուժած բնակչութեան։

Աչերրայի «Arcoleo» մարզադաշտ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ տեղական իշխանութիւններու, եկեղեցականներու և խումբ մը պատանիներու կողմէ։ Ան ապա ուղղուեցաւ Աթոռանիս Եկեղեցի` ուր հանդիպում ունեցաւ Քամփանայի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն և այն ընտանիքներուն հետ, որոնք իրենց զաւակները կորսնցուցին շրջակայ միջավայրի ապականման պատճառաւ, այնտեղ փոխանցելով իր սրտին խօսքը և անձամբ հանդիպելով այդ վիրաւոր ընտանիքներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքը

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տիրոջ, որ կրնամ հանդիպիլ ձեզի՝ Փոմփէյի Սրբավայր եւ Նափոլի քաղաք կատարած այցելութենէս քանի մը օր ետք Քամփանիա վերադառնալով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր խօսքին սկիզբը յիշեցնելով նաեւ թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը կը փափաքէր գալ հոս՝ այն վայրը, որ տխրօրէն ստացած է «Կրակներու երկիր» անունը» ու թէ իր այսօրուան այցելութիւնը իրականացումն է անոր փափաքին «ճանչնալով այն մեծ պարգեւը, որ Laudato si’ (Օրհնեալ ըլլաս) Շրջաբերականը հանդիսացած է այս երկրամասին մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար»։

Ճիչ` որ դարձ կը պահանջէ

«Արդարեւ, արարչագործութեան եւ ձեր միջեւ աղքատներուն ճիչը աւելի ցաւագին կերպով զգացուած է՝ մութ շահերու մահացու կեդրոնացումին եւ հասարակաց բարիքին հանդէպ անտարբերութեան պատճառով, ինչ որ թունաւորած է բնական եւ ընկերային միջավայրը։ Այդ մէկը պաղատանք մըն է, որ դարձի գալ կը պահանջէ՛» հաստատեց ապա Քահանայապետը։

Եկած եմ հաւաքելու արցունքները

Ան ապա նշեց թէ այցելութեան այս առաջին պահը՝ «եկեղեցական եւ աւելի ընտանեկան պահ» մըն է, ու թէ ետքը`, «հրապարակին վրայ, մտովի պիտի հանդիպի ամբողջ հասարակութեան»։

«Եկած եմ նախ եւ առաջ հաւաքելու արցունքներն անոնց, որոնք կորսնցուցած են սիրելի անձեր՝ սպաննուած բնապահպանական այն աղտոտումէն, որ պատճառուած է անխիղճ մարդոց եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք չափազանց երկար ժամանակ կրցած են գործել անպատիժ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով նաեւ թէ ինք հոն է «շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց, որոնք չարիքին բարիքով պատասխանեցին. յատկապէս Եկեղեցիի մը, որ գիտցաւ համարձակիլ դատապարտելու (բողոքելու) եւ մարգարէանալու՝ ժողովուրդը յոյսի շուրջ համախմբելու համար»։

Եզեկիէլ մարգարէի տեսիլքը

Հոգեգալուստի նախօրեակին, Սրբազան Պապը ակնարկեց Եզեկիէլ մարգարէի զօրաւոր տեսիլքին. չորցած ոսկորներով լեցուն հովիտը, որոնք Աստուծոյ Հոգիին շնորհիւ կեանքի կը վերադառնան, սոյն պատկերը ներկայացնելով որպէս ։ խորհրդանիշը այն տարածքներուն, որոնք վիրաւորուած են աղտոտումէն, անարդարութենէն եւ ոճրագործութենէն, բայց միեւնոյն ատեն՝ խորհրդանիշ վերածնունդի իրական կարելիութեան։

Դառնալ յոյսի նշան

Նորին Սրբութիւնը առ այդ դատապարտեց բնապահպանական եւ ընկերային այն աւերածութիւնը, որ հարուածած է ժամանակին «Campania felix» (Երջանիկ Քամփանիա) կոչուած տարածքը՝ հարուստ կեանքով ու գեղեցկութեամբ, ու նշեց թէ այժմ կայ վճռական ընտրութիւն մը՝ մնալ անտարբեր, թէ՞ ստանձնել իրավիճակը փոխելու պատասխանատուութիւնը։

Որդեգրելով Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի ուսուցումները՝ Ան հրաւիրեց համայնքները դառնալու յոյսի նշան՝ քաղաքացիական յանձնառութեան, ընկերային արդարութեան եւ արարչագործութեան խնամքի միջոցաւ։

«Վերածնունդը ո՛չ անմիջական է, ո՛չ ալ պարզ, այլ կը ծնի հաւատքի, համագործակցութեան եւ յարատեւութեան շարունակական ընթացքէ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Խաղաղութեան բանակը

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, Սուրբ Հոգին թող շնորհէ ձեզի տեսնել խաղաղութեան «բանակ» մը, որ ոտքի կը կանգնի եւ կը բուժէ այս երկրի ու անոր համայնքներուն վէրքերը։ Ո՛չ եւս կործանարար հուր, այլ կրակ՝ որ կը կենդանացնէ ու կը տաքցնէ. Հոգիին կրակը, որ կը բորբոքէ հազարաւոր ու բիւրաւոր մարդոց եւ կիներու, մանուկներու եւ տարեցներու սիրտերն ու միտքերը, եւ կը ներշնչէ խնամք, սփոփանք, ուշադրութիւն ու ճշմարիտ սէր» յարեց ապա Ան յատուկէն կոչ ուղղելով այն ընտանիքներուն, «որոնց մահը հարուածած է», հրաւիրելով զանոնք «նոր կեանք տալու՝ զաւակներուն, թոռներուն եւ դրացիներուն փոխանցելով պատասխանատուութեան այն զգացումը, որ մինչեւ հիմա չափազանց յաճախ պակսած է»։

Վկայել կեանք ու դաստիարակել խնամքով

«Թո՛յլ տուէք, որ քէնը մեռնի, դո՛ւք առաջինը գործադրեցէք այն արդարութիւնը, որ կը պահանջէք, վկայեցէ՛ք կեանքը, դաստիարակեցէ՛ք խնամքով» ըսաւ Լեւոն Պապը եւ զօրեղ կոչ մը ուղղեց կղերական դասին, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն, որպէսզի անոնք ծառայութեան, խոնարհութեան եւ ներողամտութեան շօշափելի օրինակ դառնան, դատապարտելով պատասխանատուութեան պակասի մշակոյթը, որ կը նկատուի ընկերային ու բնապահպանական խոր վէրքերու պատճառ։

Աշխարհի փոփոխութիւնը կը ծնի մարդոց սիրտերէն

Դարձեալ յղում կատարելով Եզեկիէլ մարգարէին Սրբազան Պապը խրախուսեց զանոնք հաւատալու ներքին հարազատ փոփոխութեան մը կարելիութեան. «միայն «նոր սիրտ» մը եւ «նոր հոգի» մը կրնան ձեւափոխել հասարակութիւնը եւ վերակենդանացնել համայնքները» ըսաւ ի միջի աղլոց Ան, Սուրբ Հոգին ներկայացնելով որպէս ուժ մը, որ ընդունակ է ներշնչելու համագործակցութեան, աւետման եւ տարածքի խնամքի նոր ձեւեր։

«Աշխարհի փոփոխութիւնը կը ծնի մարդոց սիրտերէն» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ հայցելով որ Յարուցեալ Յիսուս բոլորին պարգեւէ շնորհքը ապրելու միասին, կարող ըլլալով հիւրընկալել ու ի գործ դնել Աստուծոյ Խօսքը, որպէս «ուխտաւորներ այստեղ եւ քաղաքացիներ անոր յաւիտենականութեան մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2026, 10:22