Լեւոն Պապը Հռոմի Թեմէն երիտասարդի մը հետ Լեւոն Պապը Հռոմի Թեմէն երիտասարդի մը հետ  (ANSA)

Սրբազան Պապը՝ «անհանգիստ» երիտասարդի մը. «Ժամանակը ուսուցիչ է եւ կը բուժէ ամէն վէրք»

Լեւոն ԺԴ. Piazza San Pietro պարբերաթերթին մէջ կը պատասխանէ քալապրիացի ուսանողի մը, որ կ՛ապրի «անհանգստութիւն եւ շփոթութիւն, որոնք գլխաւորաբար կը վերաբերին ժամանակի ընթացքին ստեղծած յարաբերութիւններուն ու կապերուն»։


Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապը` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի «Piazza San Pietro» պարբերաթերթին միջոցաւ պատասխանած է Ռեճիօ Քալապրիայէն (Reggio Calabria) Փիեթրօ անունով ուսանողի մը, որ իրեն նամակ գրած էր՝ խոստովանելով, թէ ինք անհանգիստ ու շփոթած կը զգայ ինքզինք, յատկապէս ժամանակի ընթացքին ստեղծուած ընկերութիւններուն եւ կապերուն պատճառաւ։

Քահանայապետը յորդորած է չի շտապել ամէն ինչ անմիջապէս հասկնալու՝ բացատրելով, թէ «ժամանակը համբերատար ուսուցիչ է եւ կը բուժէ վէրքերը»։ Ան երիտասարդին խորհուրդ տուած է աղօթել, մտիկ ընել Աստուծոյ Խօսքը, դիմել սուրբ խորհուրդներուն եւ խորհրդակցիլ իմաստուն մարդոց հետ՝ վաւերական յարաբերութիւնները  անկեղծներէն զատորոշելու համար։

Լեւոն ԺԴ. հանգստացուցած է երիտասարդը՝ յիշեցնելով անոր, որ ինք անձնապէս սիրուած է Յիսուսի կողմէ, եւ թէ ճշմարիտ կապերը չեն կորսուիր, նոյնիսկ եթէ ժամանակի ընթացքին փոխուին։ Ան շեշտած է, որ Յիսուս նոյնպէս ապրած է խորունկ ընկերութիւններ, բայց նաեւ՝ հեռացում ու դաւաճանութիւն։

Ի վերջոյ, Սրբազան Քահանայապետը քաջալերած է Փիեթրոն՝ վստահութեամբ պահպանելու քրիստոնէական սիրոյ վրայ հիմնուած ընտանիք կազմելու փափաքը, անոր վստահեցնելով իր աղօթքները եւ զայն յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2026, 13:00