Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը. Գեր լրատուականութիւնը հոգեւոր աղքատութիւն կը ստեղծէ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Աւետարանումի Վերատեսչութեան լիագումար նիստի մասնակիցներուն ուղղած իր ճառին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց Յոբելենական տարուան յաջող կազմակերպման համար եւ շեշտեց աշխարհին «յոյսի» պատգամը փոխանցելու կարեւորութիւնը: Ան միաժամանակ մատնանշեց արեւմտեան երկիրներու հաւատքի ճգնաժամն ու արդի «գեր լրատուուական ու սպառողական ընկերութեան մարտահրաւէրները՝ յորդորելով եկեղեցական համայնքները քաջութեամբ վկայելու Քրիստոսի ճշմարտութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, մայիս 28, 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Աւետարանումի Վերատեսչութեան լիագումար Նիստի մասնակիցները։ Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կարեւոր ուղեցոյցներ տուաւ Եկեղեցւոյ ապագայ առաքելութեան համար՝ յատուկ անդրադարձ կատարելով անցեալ տարուան Յոբելենական տարուան յաջողութեան, հաւատքի ճգնաժամին եւ արդի արհեստագիտական ու սպառողական ընկերութեան մարտահրաւէրներուն։

«Այս առիթը պատեհութիւն կ՚ընծայէ ինծի բաժնեկցելու եկեղեցական կեանքին վերաբերող քանի մը մտածումներ, յատկապէս մեր դիմաց եղող տարիներուն համար», ըսաւ Ան։

Յոբելեանի յաջողութիւնը եւ յոյսի աւետումը

Քահանայապետը նախ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց վերատեսչութեան՝ անցեալ տարի Հռոմ ժամանած միլիոնաւոր ուխտաւորներու ընդունելութեան եւ հոգեւոր մեծ աշխատանքի կազմակերպման համար։ Ան շեշտեց, որ թէեւ Սուրբ Դռներու ուխտագնացութիւնը աւարտած է, սակայն «յոյսի» պատգամը պէտք է շարունակէ մնալ քրիստոնէական կեանքի կեդրոնը։

«Աշխարհը աւելի քան երբեք ծարաւ է յոյսի։ Ան կը բաղձայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ եւ ունենալ այն վստահութիւնը, որ Աստուծոյ որդիներուն արժանի քաղաք մը կառուցելը ոչ միայն կարելի է, այլեւ՝ իրական», յայտնեց Սրբազան Հայրը։

Արեւմուտքի Հաւատքի ճգնաժամը եւ արհեստագիտական մշակոյթը

Լեւոն ԺԴ․ Պապը բացայայտօրէն անդրադարձաւ յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ տիրող կրօնական անտարբերութեան, ըսելով, որ  հաւատքի ճգնաժամը մարդոց կը զրկէ կեանքի իմաստի փնտռտուքէն։

Իմաստի կորուստ

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ մինչ արհեստավարժական մշակոյթը կը փորձէ պատասխանել ամէն պահանջի, մեծ գոյաբանական հարցերը կը մնան անպատասխան շեշտելով, որ Միայն Քրիստոսի հետ հանդիպումն է, որ կրնայ լիարժէք իմաստ եւ արժէք վերադարձնել մարդկային կեանքին։

Evangelii gaudium-ի արդիականութիւնը

Քահանայապետը յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապի «Evangelii gaudium» (Աւետարանի Ուրախութիւնը) յորդորագիրը՝ զայն կոչելով առանցքային ուղեցոյց, որ կեդրոնացած է քրիստոնէական ինքնութեան սիրտին՝ Քրիստոսի Յարութեան աւետումին վրայ։

Երիտասարդութիւնը եւ «Գեր լրատուուական» ընկերութեան մարտահրաւէրները

Անդրադառնալով սերունդէ սերունդ հաւատքի փոխանցման դժուարութիւններուն, Սրբազան Հայրը նշեց, որ որոշ շրջաններու մէջ այս կապը գրեթէ փրթած է, ինչ որ պատճառ դարձած է հոգեւոր «աղքատութեան»։

Ան քննադատեց արդի «գեր-լրատուուական» (hyper-mediated) եւ սպառողական հասարակութիւնը, որ կը նուազեցնէ ճշմարտութեան համբերատար փնտռտուքի կարողութիւնը, ուր ամէն պատգամ կը դիտուի որպէս սովորական կարծիք մը՝ բազմաթիւ կարծիքներու կողքին։

«Քրիստոնէութիւնը հրապուրիչ չի դառնար բովանդակութիւնը ջրախառնելով կամ պահանջները մեղմացնելով, այլ՝ խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ վկայելով այն Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը, որ բազմաթիւ մարդիկ դարձի բերած ու սրբացուցած է»։

Այս ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ․ մէջբերեց Պենեդիկտոս ԺԶ․ Պապի խօսքերը՝ շեշտելով, որ աշխարհին այսօր պէտք են այնպիսի մարդիկ, որոնց միտքն ու սիրտը լուսաւորուած են Աստուծմով, որպէսզի կարենան խօսիլ ուրիշներու միտքերուն եւ սիրտերուն։

Ճառի աւարտին, Պապը յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրեց քրիստոնէական դաստիարակութեան վրայ, յատկապէս անոնց համար, որոնք չափահաս տարիքին Մկրտութիւն կը խնդրեն ։ Ան յորդորեց ծխական համայնքներոը՝ մկրտութեան խորհուրդէն ետք եւս չլքել նորընծաները, այլ ապահովել սիրոյ եւ փոխադարձ ծառայութեան վրայ հիմնուած հոգեւոր միջավայր, ձգտելով «քրիստոնէական կեանքի բարձր չափանիշներուն»։ Նոյնպիսի հոգատարութիւն պահանջուեցաւ նաեւ Դրոշմի խորհուրդը ստացող պատանիներուն հանդէպ։

Իր պատգամը Քահանայապետը փակեց՝ Վերատեսչութեան անդամները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին եւ շնորհելով իր հայրապետական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2026, 11:02