Հոգեգալուստ, Լեւոն ԺԴ. «Սուրբ Հոգին վախը կը վերածէ նոր կեանքի»

Սրբազան Պապը հրաւիրեց բորբոքած սրտով աղօթելու, «որ Յարուցեալին Հոգին մեզ փրկէ պատերազմի չարիքէն, որ կը յաղթահարուի ոչ թէ գերհզօր պետութեան մը կողմէ, այլ՝ սիրոյ Ամենակարողութեամբ» ըսաւ Ան եւ աւելցուց. «Աղօթենք, որպէսզի Ան մարդկութիւնը ազատէ թշուառութենէն, որ կը փրկուի ոչ թէ անհամար հարստութեամբ, այլ՝ անսպառ պարգեւով մը։ Աղօթենք Իրեն, որ մեզ բժշկէ մեղքի վէրքէն՝ յանուն Յիսուսի բոլոր ժողովուրդներուն աւետուած փրկութեան համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Հոգեգալուստի տօնին առիթով, 24 Մայիս 2026-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալները հրաւիրեց վերագտնելու յարութեան եւ Սուրբ Հոգիի պարգեւին խոր իմաստը:

Ան իր քարոզին մէջ, յիշեցուց, թէ ինչպէ՞ս յարուցեալ Յիսուսը կ'երեւի աշակերտներուն՝ ցոյց տալով խաչին վէրքերը, որոնք այլեւս մահուան նշան չեն, այլ՝ փառքի ու յոյսի:

Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ աշակերտները, որոնք վախի պատճառով փակուած էին վերնատան մէջ, վերստին կեանք եւ քաջութիւն կը գտնեն Քրիստոսի ներկայութեան շնորհիւ, որ անոնց կը պարգեւէ խաղաղութիւնը եւ Սուրբ Հոգին:

«Այդ նոյն վերնատան մէջ, ուր հաստատեց նոր եւ յաւիտենական ուխտը, Յիսուս կը հեղու Սուրբ Հոգին. ընթրիքի եւ դաւաճանութեան վայրը կը ձեւափոխուի եւ, Առաքեալներու գերեզմանը ըլլալէ դադրելով, ամբողջ Եկեղեցւոյ համար կը դառնայ յարութեան արգանդ: Հետեւաբար, Հոգեգալուստը Զատկուան տօն է եւ Քրիստոսի մարմնոյն տօնը, որ շնորհքի միջոցաւ մենք ենք» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.

Սոյն խորհուրդը տօնախմբելով կ՛ուզեմ կեդրոնանալ երեք երեւոյթներու վրայ ըսաւ Քահանայապետը եւ խօսեցաւ ` Հոգիի մասին որպէս խաղաղութեան, առաքելութեան, ճշմարտութեան եւ միութեան հոգի։

Հոգին խաղաղութեան Հոգի է

Յարուցեալ Յիսուս կը պարգեւէ ներումի վրայ հիմնուած խաղաղութիւն մը։ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ՝ Աստուած մարդկութիւնը կը հաշտեցնէ Իրեն հետ եւ կը հրաւիրէ հաւատացեալները, որ իրենք եւս ներեն։

Հոգեգալուստը կ'իրականացնէ նոր եւ տիեզերական ուխտ մը. Աստուծոյ օրէնքը այլեւս քարէ տախտակներու վրայ գրուած չէ, այլ՝ սրտերուն մէջ, որպէս սիրոյ օրէնք։ Հոգին կ'առաջնորդէ քրիստոնեաները դէպի խաղաղութիւն, հաշտութիւն եւ հաղորդութիւն։

Հոգին առաքելութեան Հոգի է

Ինչպէս Հայրը ղրկեց Յիսուսը, այնպէս ալ Յիսուս կը ղրկէ Իր աշակերտները։ Սուրբ Հոգին կը զօրակցի Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ Առաքեալներուն տալով կարողութիւնը՝ Աւետարանը քարոզելու բոլոր ժողովուրդներուն։

Հոգիին առաջին գործն է՝ արթնցնել հաւատքը հանդէպ Քրիստոսի։ Բոլոր հաւատացեալները մասնակից կը դառնան աւետարանութեան առաքելութեան՝ կոչուած ըլլալով ուրախութեամբ, ողորմութեամբ եւ յոյսով վկայելու Յիսուսին բերած փրկութիւնը։

Հոգին ճշմարտութեան եւ միութեան Հոգի է

Սուրբ Հոգին կ'առաջնորդէ Եկեղեցին դէպի ճշմարտութիւն՝ յառաջացնելով միութիւն, փոխ ըմբռնում եւ կեանքի հետեւողականութիւն։ Ան կը հակադրուի այն բաժանումներուն, կեղծաւորութիւններուն եւ սուտերուն, որոնք կը խաւարեցնեն Աւետարանը։

Հոգեգալստեան լեզուներու պարգեւը կը խորհրդանշէ ժողովուրդներու միութիւնը նոյն հաւատքին մէջ։ Հետեւաբար, Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է՝ աշխարհի խառնաշփոթութիւնը վերածել Աստուծոյ հետ եւ մարդոց միջեւ հաղորդութեան։

«Այսպիսով, Աստուծոյ մեզի պարգեւած ճշմարտութիւնը կը մնայ ազատագրող խօսք՝ բոլոր ժողովուրդներուն համար, պատգամ մը՝ որ ներսէն կը ձեւափոխէ եւ կը նորոգէ ամէն մշակոյթ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով որ Յարուցեալի Հոգին կը հեղու շարունակաբար… Ան ներկայ է ամէն մէջ Խորհուրդի մէջ, աղբիւրը սրբութեան որ կը բազմապակտէ պարգեւներն ու խարիզմները աղօթքի, ողորմութեան գործերու եւ Աստուծոյ խօսքի սերտումին մէջ

Յարուցեալին Հոգին մեզ փրկէ պատերազմի չարիքէն

«Ինչպէս Առաքեալը կը սորվեցնէ. «Իւրաքանչիւրին տրուած է Հոգիին յայտնութիւնը՝ իւրայատուկ կերպով մը, ի շահ ընդհանուրին» (Ա. Կորնթ. 12, 7)։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ մենք Եկեղեցի ենք՝ մէկ մարմին, որ Աստուծմով կ'ապրի եւ կը ծառայէ աշխարհին։ Հոգիին շնորհիւ է, որ կրնանք բոլորին հասցնել ճշմարիտ խաղաղութիւնը, փրկարար ճշմարտութիւնը, այսինքն՝ Ինքը՝ Քրիստոս Տէրը», յարեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով բորբոքած սրտով աղօթելու, «որ Յարուցեալին Հոգին մեզ փրկէ պատերազմի չարիքէն, որ կը յաղթահարուի ոչ թէ գերհզօր պետութեան մը կողմէ, այլ՝ սիրոյ Ամենակարողութեամբ» ըսաւ Ան եւ աւելցուց. «Աղօթենք, որպէսզի Ան մարդկութիւնը ազատէ թշուառութենէն, որ կը փրկուի ոչ թէ անհամար հարստութեամբ, այլ՝ անսպառ պարգեւով մը։ Աղօթենք Իրեն, որ մեզ բժշկէ մեղքի վէրքէն՝ յանուն Յիսուսի բոլոր ժողովուրդներուն աւետուած փրկութեան համար։ Ա՛յս է այն շնորհքը, որ քաջութիւն կը ներշնչէ Առաքեալներուն. թող զայն ներշնչէ նաեւ մեզի՝ այսօր եւ միշտ, Մարիամի՝ Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2026, 10:53