Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Եկեղեցին եւ արդի արհեստագիտութիւնը. Լեւոն ԺԴ. Պապի անդրադարձը

Վատիկանի մէջ կայացած «Պահպանել մարդկային ձայնն ու դէմքը» միջազգային համագումարի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապն ընդգծեց, որ արդի թուային արհեստագիտութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը պէտք է ծառայեն մարդկութեան բարօրութեան եւ չվնասեն մարդկային արժանապատուութեան։ Քահանայապետը շեշտեց նաեւ երիտասարդներու հոգեւոր բարօրութեան պահպանման եւ թուային գրագիտութեան անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է օգնէ անոնց բացայայտելու կեանքի իսկական իմաստը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 22 մայիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Պահպանել մարդկային ձայնն ու դէմքը» խորագիրով միջազգային համագումարի մասնակիցները։ Հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ Մշակոյթի եւ դաստիարակութեան վերատեսչութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համագումարը նուիրուած է Համաշխարհային հաղորդակցութեան 60-րդ օրուան։

Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ջերմօրէն արտայայտուեցաւ ներկայացուած նախաձեռնութեան կարեւորութեան մասին՝ նշելով.

«Մասնակցելով այս նախաձեռնութեան՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը բերաւ իր ձիրքերն ու տաղանդները՝ նպաստելու համար մարդկութեան ապագայ ուղղութեան՝ արհեստագիտութեան ընդարձակ աճով բնորոշուած այս ժամանակաշրջանին մէջ, որ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող հարց մըն է Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար»։

Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը ընկերային հաղորդակցութեանց ոլորտին մէջ

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու հանդէպ Եկեղեցւոյ ունեցած յանձնառութիւնը լաւագոյնս կ’ընկալուի անոր տիեզերական առաքելութեան համատեքստին մէջ։ Վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովի՝ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մասին փաստաթուղթը (Inter mirifica, թիւ 3), որ հիմք հանդիսացաւ Համաշխարհային հաղորդակցութեան օրուան հաստատման, կը յիշեցնէ, թէ Եկեղեցին հիմնադրուած է Քրիստոսի կողմէ՝ բոլոր մարդոց փրկութիւն ջամբելու համար։ Հետեւաբար, անոր պարտականութիւնն է տարածել Աւետարանի պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ Եկեղեցւոյ գլխաւոր մտահոգութիւնն ու նպատակը կը շարունակէ մնալ իւրաքանչիւր մարդու յաւիտենական փրկութիւնը, ինչպէս նշուած է Յովհաննու Աւետարանին մէջ. «Որպէսզի ճանչնան Քեզ՝ միակ ճշմարիտ Աստուածը, եւ Յիսուս Քրիստոսը, որ Դուն ղրկեցիր» (Յհ 17, 3)։ Այս հիմնարար սկզբունքն է, որ կ’ուղղորդէ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը տեղեկատուական բոլոր հարթակներուն վրայ։

Արհեստագիտութիւնը՝ ի սպաս մարդկութեան

Լեւոն ԺԴ. իր պատգամին մէջ նշեց, որ բոլոր մարդոց փրկութեան եւ ճշմարտութեան հասնելու քրիստոնէական փափաքը պէտք է ուղղորդէ ոչ միայն մեր քայլերը, այլեւ լրատուամիջոցներու, թուային արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան կիրառումը, որպէսզի անոնք իսկապէս ծառայեն մարդկութեան բարօրութեան։

Մարդկային էութեան «խաւարումը», արհեստագիտութեան անխնայ տարածումը՝ ի հաշիւ մարդկային արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ «չաթպոթներու» կողմէ մարդկային յարաբերութիւններու պահանջքին շահագործումը պատճառ դարձած են մարդկային ինքնութեան ու իմաստի կորուստին։

«Ներկայ ճգնաժամը ոչ թէ պարզապէս արհեստավարժական է, այլեւ՝ մարդաբանական, ուստի հրամայական է վերագտնել Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած իսկական մեծութիւնն ու նշանակութիւնը»,— ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ քանի մը օրէն հրապարակուելիք իր նոր Շրջաբերական նամակը պիտի նպաստէ այս մեծ մարտահրաւէրի դիմագրաւման։

«Բոլորս ալ, վստահ եմ, յատկապէս մտահոգուած ենք թուային արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան օգտագործման հնարաւոր հետեւանքներով՝ ոչ միայն մանուկներու եւ երիտասարդներու ֆիզիքական ու մտաւոր զարգացման, այլեւ անոնց հոգեւոր բարօրութեան վրայ։ Այս առումով, բոլորը, բայց յատկապէս երիտասարդները, թող «վարժուին այս արհեստագիտութեան չափաւոր եւ կարգապահ օգտագործման» (Inter mirifica, թիւ 10)՝ ծնողներու եւ դաստիարակներու առաջնորդութեամբ ու աջակցութեամբ»,— ըսաւ Քահանայապետը՝ աւելցնելով,— «Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ Աստուծոյ ու մարդկային անձի վերաբերեալ ներկայ սխալ պատկերացումներու լոյսին տակ, թուային գրագիտութիւնը պէտք է ներառէ նաեւ դաստիարակութիւն մը՝ Աստուծոյ եւ մարդկութեան մասին ճշմարտութեան շուրջ։ Երիտասարդները, յատկապէս, բաց են այս ճշմարտութեան առջեւ եւ փափաքող՝ բացայայտելու կեանքի իմաստը։ Հետեւաբար, մենք պէտք է օգնենք անոնց հանդիպելու կեդանի Քրիստոսին եւ սորվեցնենք անոնց արհեստագիտութեան օգտագործումը ներդաշնակել ամբողջական կենսակերպի մը մէջ»։

Լեւոն ԺԴ. եզրափակեց պատգամը՝ ըսելով. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս նիւթը յատկապէս սրտամօտ է ինծի եւ սրտամօտ է Եկեղեցւոյ։ Արդարեւ, իբրեւ Մայր, Եկեղեցին կը հետաքրքրուի իր զաւակներու կեանքով՝ փափաքելով անոնց առաջնորդել դէպի լիակատար հասունութիւն (հմմտ. Եփ 4, 13)։ Իմ յոյսս է, որ այս խորհրդածութիւնները առաջնորդեն դէպի նորոգուած վստահութիւն հանդէպ արհեստագիտութեան՝ իբրեւ մարդկային հանճարի արգասիք, միշտ ներդաշնակ Աստուծոյ արարչագործական ծրագրին հետ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ձեր ներկայ եւ ապագայ ջանքերուն համար՝ ի սրտէ կը հայցեմ ձեր եւ ձեր ընտանիքներուն վրայ իմաստութեան, խնդութեան եւ խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւնները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2026, 13:33