Արհեստական բանականութիւն Արհեստական բանականութիւն 

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը վաւերացուց արհեստական բանականութեան յանձնախումբի ստեղծման հրամանագիրը

Լեւոն ԺԴ. Պապի հաւանութեամբ Վատիկանի մէջ ստեղծուած է «Արհեստական Բանականութեան Միջգերատեսչական Յանձնախումբ» մը, որուն նպատակն է քննել այս արհեստագիտութեան ազդեցութիւնը մարդկային արժանապատուութեան վրայ: Սուրբ Աթոռի զանազան գերատեսչութիւններէ ու ակադեմիաներէ կազմուած այս մարմինը պիտի համակարգէ համապատասխան ծրագիրներն ու AI-ի օգտագործման քաղաքականութիւնը՝ խթանելով միջեկեղեցական երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 16 մայիսին, Սուրբ Աթոռը պաշտօնապէս յայտարարեց «Արհեստական Բանականութեան Միջվերատեսչական Յանձնախումբ»-ի ստեղծման մասին։ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան վերատեսչութեան նախագահ՝ կարդինալ Մայքըլ Չերնիի հետ ունեցած հանիդպումի ընթացքին, վաւերացուցած է համապատասխան հրամանագիրը (Rescriptum ex Audientia)։

Այս որոշումին հիմքը կը հանդիսանան վերջին տասնամեակներուն արհեստական բանականութեան (AI) արձանագրած աննախընթաց զարգացումն ու անոր համատարած օգտագործման արագացումը, որոնք ուղղակիօրէն կրնան ազդել մարդ արարածին ու համայն մարդկութեան վրայ: Եկեղեցին, հաւատարիմ իր առաքելութեան, խոր մտահոգութիւն ունի իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութեան եւ անոր ամբողջական զարգացման գծով։

Նորաստեղծ յանձնախումբը պիտի գործէ «Praedicate Evangelium» Առաքելական Սահմանադրութեան համաձայն

Յանձնախումբը կազմուած է հետեւեալ մարմիններու ներկայացուցիչներէն. Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութիւն, Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութիւն, Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւն, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւն, Կեանքի Քահանայապետական Կաճառ, Գիտութիւններու Քահանայապետական կաճառ, եւ Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական կաճառ:

Յանձնախումբի կազմին մէջ կատարուելիք որեւէ փոփոխութիւն պիտի ներկայացուի Քահանայապետին վաւերացման:

Թուարկուած իւրաքանչիւր Վերատեսչութեան վերատեսուչը կը նշանակէ ներկայացուցիչ մը Յանձնախումբին համար:

Յանձնախումբի համակարգումը մէկ տարուան ժամկէտով (որ կրնայ երկարաձգուիլ) կը վստահուի Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութեան: Յետագային, Քահանայապետը համակարգումը պիտի վստահի մասնակից Վերատեսչութիւններուն մէկուն՝ դարձեալ մէկ տարուան ժամկէտով:

Համակարգող Վերատեսչութեան պարտականութիւնն է դիւրացնել անդամներու միջեւ համագործակցութիւնը եւ Արհեստական Բանականութեան վերաբերող գործունէութիւններու ու ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններու փոխանակումը, ներառեալ Սուրբ Աթոռի ներսէն անոր գործածութեան քաղաքականութիւնը՝ խթանելով երկխօսութիւն, հաղորդութիւն եւ մասնակցութիւն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2026, 11:47