Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ճենովայի Դրոշմի խորհուրդի պատրաստուող ուխտաւոր պատանիները

Շաբաթ, 16 մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ճենովայի թեմի Դրոշմի խորհուրդի պատրաստուող եւ զայն ստացած պատանիները, որոնց հետ միասին աղօթեց Տէրունական աղօթքը եւ տուաւ իր օրհնութիւնը: Անպատրաստից արտասանած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրապետը պատգամեց երիտասարդներուն Քրիստոսի հետեւելու քաջութիւն ունենալ եւ յարատեւել հաւատքի ու եկեղեցական համայնքային կեանքին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 16 մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ճենովայի թեմէն ներս Դրոշմի խորհուրդին պատրաստուող եւ զայն արդէն ստացած պատանիներն ու աղջիկները, որոնք ուխտագնացութեամբ կը գտնուին Հռոմ։

Հանդիպման ընթացքին Պապը անպատրաստից սրտառուչ խօսքով մը՝ անդրադարձաւ Սուրբ Հոգիի պարգեւներուն եւ յառաջիկայ Պենեկոստէի (Հոգեգալստեան) տօնին: Ան յատուկ ուրախութեամբ ողջունեց Մանեսենոյի ծուխէն եկած խումբը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմի Արքեպիսկոպոսին՝ այս նախաձեռնութեան համար:

«Եպիսկոպոսի մը ամենամեծ ուրախութիւններէն մէկը Դրոշմի խորհուրդը կատարելն է, որովհետեւ անիկա Սուրբ Հոգիին պարգեւն է»,- նշեց Սրբազան Հայրապետը՝ յորդորելով երիտասարդները Քրիստոսի հետեւելու քաջութիւնն ու խանդավառութիւնը ունենալ, յատկապէս այսօրուան աշխարհին մէջ, որ յաճախ կը փորձէ հեռացնել զիրենք Յիսուսէն:

Քահանայապետը, իր մտահոգութիւնն ու տխրութիւնը յայտնեց այն երեւոյթին գծով, որ Դրոշմի խորհուրդը ստանալէ ետք շատ մը պատանիներ կը հեռանան ու կը կորսուին ծուխերէն: Այս առնչութեամբ ան կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ կառչած մնալու Սուրբ Հոգիի կարեւորագոյն շնորհքներէն մէկուն՝ յարատեւութեան:

«Հաւատքը առանձին չենք ապրիր, այլ՝ միասին: Եկեղեցական համայնքին մէջ ընկերական ու հարազատ յարաբերութիւններ մշակելը Յիսուսի աշակերտ ձեւաւորուելու եւ յարատեւելու լաւագոյն միջոցն է»,- ընդգծեց ան:

Պատգամի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը ներկաներուն հետ միասին աղօթեց «Հայր Մեր»-Տէրունական աղօթքը, տուաւ իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ սիրալիր կերպով զրուցեց ու հրաժեշտ տուաւ պատանիներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2026, 10:31