VATICAN-RELIGION-POPE-REGINA CAELI

Քահանայապետը աղօթք խնդրեց չինացի կաթողիկէներուն համար

«Մասնաւորապէս, յաւիտենական խաղաղութիւն կը հայցեմ օրերս Չինաստանի հիւսիսը գտնուող հանքի մը մէջ պատահած արկածի զոհերուն համար» աւելցուց Սրբազան Պապը եւ Սուրբ Աստուածածնայ՝ Քրիստոնեաներու Օգնականին յանձնեց նաեւ Սուրբ Երկրի, Լիբանանի եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները` «որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառով»

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 24 Մայիս 2026-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքեալական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ուրախ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն, որոնք համախմբուած էին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ յիշեց որ «այսօր կը նշուի Չինաստանի եկեղեցւոյ համար աղօթքի օրը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Քրիստոնեաներու Օգնականի ծիսական յիշատակութիւնը», որ, յայտնեց Քահանայապետը «մեծագոյն ջերմեռանդութեամբ կը յարգուի Շանհայի Շեշանի սրբավայրին մէջ»։

«Մեր աղօթքը կը միացնենք չինացի կաթողիկէներու աղօթքին՝ իբրեւ նշան անոնց հանդէպ մեր տածած սիրոյն եւ տիեզերական Եկեղեցւոյ ու Պետրոսի Յաջորդին հետ անոնց ունեցած հաղորդութեան» յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. հայցելով` որ «Երկնքի Թագուհիին բարեխօսութիւնը Չինաստանի հաւատացեալ համայնքին շնորհէ միութեան շնորհքը եւ բոլորին տայ ուժ՝ վկայելու Աւետարանը իրենց ամենօրեայ դժուարութիւններուն մէջ, ըլլալու համար յոյսի եւ խաղաղութեան սերմ»։

«Մասնաւորապէս, յաւիտենական խաղաղութիւն կը հայցեմ օրերս Չինաստանի հիւսիսը գտնուող հանքի մը մէջ պատահած արկածի զոհերուն համար» աւելցուց Սրբազան Պապը եւ Սուրբ Աստուածածնայ՝ Քրիստոնեաներու Օգնականին յանձնեց նաեւ Սուրբ Երկրի, Լիբանանի եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները` «որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառով» ըսաւ Ան եւ ողջոյնը ուղղեց Հռոմի հաւատացեալներուն եւ տարբեր երկիրներէ եկած ուխտաւորներուն յիշելով մասնաւորապէս Լեհաստանէն ժամանած հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու խումբը, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի Քելմիս քաղաքէն հեծանիւով եկած ուխտաւորները։

«Կեցցէ՛ք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ հրաժեշտ առաւ բոլոր ներկաներէն մաղթելով բարի Հոգեգալուստեան Կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2026, 12:22