Հրապարակային Ունկնդրութիւն. Լեւոն ԺԴ. Պապին ողջոյնի խօսքը Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 20 Մայիս 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հերթական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ` այս օրերուն պաշտօնական այցելութեամբ Վատիկան ժամանած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։
Սուրբ Պետրոս հրապարակին շրջանը կատարելէն եւ այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները մօտէն ողջունելէն եւ օրհնելէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Պապը ունկնդրութեան սկիզբը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ այս առիթով ինք եւս բազմած էր կեդրոնական ամպիոնին վրայ, Լեւոն Պապին մօտ։
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, շատ ուրախ եմ բարի գալուստ մաղթելու Նորին Սրբութիւն Արամ Ա., Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, իրեն ընկերացող պատուարժան պատուիրակութեան հետ միասին։ Այս եղբայրական այցը կը ներկայացնէ կարեւոր առիթ մը ամրապնդելու համար միութեան կապերը, որոնք արդեն գողութիւն ունին մեր մէջ, մինչ կը մօտենանք մեր Եկեղեցիներու լիակատար միութեան»։
Քահանայապետը առ այդ Անգլերէն լեզուով շարունակելով իր խօսքը ըսաւ.
«Ձերդ Սրբութիւն, այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք Հոգեգալուստին, Սուրբ Հոգիին շնորհքը կը հայցեմ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու դամբարաններուն ձեր կատարելիք ուխտագնացութեան վրայ, եւ կը հրաւիրեմ բոլոր ներկաները ջերմեռանդօրէն աղօթելու Առատաձեռն Տիրոջ, որպէսզի ձեր այցելութիւնն ու հանդիպումները յաւելեալ քայլ մը հանդիսանան դէպի լիակատար միութիւն տանող ճամբուն վրայ։ Աղօթենք նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, որոնք դարձեալ յօշոտուած են բռնութեամբ եւ պատերազմով» ըսաւ ապա Քահանայապետը յատուկ երախտագիտութիւնը յայտնելով եկեղեցիներու համամիութեան նկատմամբ Արամ Ա. Վեհափառին ցուցաբերած մշտական անձնական յանձնառութեան համար, յատկապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ միջազգային աստուածաբանական երկխօսութեան գծով։
«Բարի եկած էք, Ձերդ Սրբութիւն, սիրելի եպիսկոպոսներ եւ սիրելի բարեկամներ։ Միասնաբար հայցենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ, ամենէն առաջ, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի անոնք լուսաւորեն մեր ուղին դէպի այն լիակատար միութիւնը, զոր բոլորս կը բաղձանք»։
Յայտնենք` որ ունկնդրութեան աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմող Գերաշնորհ Սրբազան Հայրերը ողջունելէ ետքը Լեւոն ԺԴ. Պապին անոր կողքին կանգնած միասնաբար հնչեցուցին «Կիլիկիա»ն ապա «Ի վեհ բարձանց սուրբ Սիոնի» օրհներգը որուն վերջին տողերուն մէջ հնչեցուցին Վեհափառ Հայրապետին ուղղուած լմաղթանքը. « Պահեա ով Տէր անսասան Ըսուրբ աթոռն կիլիկեան Կեցցէ Կեցցէ առ յաւէտ Տէր Տէր Արամ Հայրապետ» ապա առաջին անգամն ըլլալով աւելցուցին. «Պահեա ով տէր անսասան Ըսուրբ աթոռն Հռոմեան Կեցցէ Կեցցէ առ յաւէտ Տէր Տէր Լեւոն Հայրապետ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
