2026.05.21 Partecipanti all'Incontro con i Moderatori delle Associazione di Fedeli, dei Movimenti Ecclesiali e delle Nuove Comunita'

Եկեղեցւոյ աշխարհական առաջնորդները պէտք է խթանեն թափանցիկութիւն, եղբայրական մօտիկութիւն եւ համայնքային զատորոշում․ Լեւոն ԺԴ․

Այսօր Սրբազան Քահանայապետը ընդունած է Հաւատացեալներու միութիւններու, եկեղեցական շարժումներու եւ նոր համայնքներու ատենապետերը։ Պապը հրաւիրած է աշխարհական առաջնորդները ըլլալու հեզութեան, անձնուրացութեան եւ դէպի եղբայրներն ու համայնքը անշահախնդիր սիրոյ վկայութեան» օրինակներ, իբրեւ իրենց շարժումներու շնորհապարգեւներու կրողներ, որ կը ներառէ հաւատարմութիւն եւ բացութիւն Եկեղեցւոյ նկատմամբ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 21 Մայիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան կողմէ խթանուած՝ Հաւատացեալներու միութիւններու, եկեղեցական շարժումներու եւ նոր համայնքներու ատենապետերուն։

Համայնքը աճումի վայր

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը, Սրբազան Պապն անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ կառավարման՝ ընդգծելով, որ «ամէն ընկերային միաւորի մէջ կը զգացուի յարմար անձեր եւ կառոյցներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը ստանձնեն հասարակաց կեանքի առաջնորդումն ու համադրումը», որպէսզի «համայնքը աճի վայր ըլլայ իր անդամներու համար»։

Առ այդ, Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ Եկեղեցւոյ կառավարումը «չի բխեր անոր անդամներու կրօնական կարիքները համակարգելու պարզ անհրաժեշտութենէ», այլ՝ «ունի ներքին փրկագործական ուղղուածութիւն, այսինքն՝ պէտք է ձգտի հաւատացեալներու հոգեւոր բարօրութեան, շեշտեց Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը «Կան հրաշքներ՝ բժշկումներու շնորհներ, օգնութեան հասնելու, կառավարելու եւ տեսակ-տեսակ լեզուներ խօսելու պարգեւներ։»

Պապը ապա շարունակեց նշելով, որ աշխարհական միութիւններէն ներս կառավարումը աշխարհականներուն համապատասխան համայնքներու կողմէ վստահիլը «ազատ ընտրութիւններու պտուղ է», «համատեղ զատորոշման արտայայտութիւն, որ թոյլ կու տայ, որ բոլորի ձայնը ազատօրէն արտայայտուի»։

Կառավարման պարգեւի երեք հետեւանքները

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց «Սուրբ Հոգւոյն այս պարգեւի ընդունման» երեք հետեւանքները․

«Առաջինն այն է, որ անիկա պէտք է ըլլայ ի շահ բոլորին (․,․) եւ բնաւ չի կրնար շահագործուիլ անձնական շահերու կամ հեղինակութեան եւ իշխանութեան աշխարհիկ ձեւերու համար»։

Երկրորդ, որ անիկա երբեք չի կրնար պարտադրուիլ վերէն, այլ պէտք է ըլլայ համայնքին մէջ ճանաչելի ու յօժարակամ ընդունուած պարգեւ մը․ ասկէ ալ կը յառաջանայ ազատ ընտրութիւններու կարեւորութիւնը՝ զայն արդիւնաւէտ դարձնելու համար։

Երրորդ հետեւանքն այն է, որ ինչպէս ամէն մէկ շնորհապարգեւ, միութեան կառավարումն ալ ենթակայ է Հովիւներու դատողութեան, որոնք կը հսկեն շնորհներու վաւերականութեան եւ անոնց ուղիղ գործածութեան»։

Կառավարման յատկանիշները

«Կառավարման մէջ քանի մը յատկանիշներ միշտ պէտք է առկայ ըլլան․ փոխադարձ լսողութիւն, համապատասխանատուութիւն, թափանցիկութիւն, եղբայրական մօտիկութիւն եւ համայնքային զատորոշում (հմմտ․ Legionari di Cristo Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներուն ուղղուած Ճառ, 19․02․2026), ընդգծեց Լեւոն ԺԴ․։

Ապա՝ խորհրդածեց Եկեղեցւոյ մէջ աշխարհական առաջնորդներու մարգարէական դերի մասին՝ նշելով, որ այդ մէկը կը պահանջէ լսել արդի հովուական կարիքները՝ նոր մարտահրաւէրներուն արձագանքելու համար։

«Պատկանելիութիւնը, ըսաւ Ան, վաւերական եւ արդիւնաւէտ է, երբ չի սահմանափակուիր միայն ներքին խմբակային գործունէութիւններու մասնակցութեամբ, այլ կը մեկնաբանէ ժամանակներու նշանները եւ կը տարածուի դէպի դուրս՝ հասնելով բոլորին, ժամանակակից մշակոյթին եւ առաքելութեան տակաւին չբացայայտուած ոլորտներուն»։

Խթանել հաղորդութիւնը

Աշխարհական միութիւններն ու եկեղեցական շարժումները կոչուած են ընդունելու հաղորդութիւնը իրար միջեւ եւ համընդհանուր Եկեղեցւոյ հետ։

Ասկէ մեկնելով, Լեւոն Պապը հրաւիրեց աշխարհական առաջնորդները ըլլալու «հեզութեան, անձնուրացութեան եւ դէպի եղբայրներն ու համայնքը անշահախնդիր սիրոյ վկայութեան» օրինակներ, իբրեւ իրենց շարժումներու շնորհապարգեւներու կրողներ․

«Իւրաքանչիւր իսկական շնորհապարգեւ արդեն իսկ կը ներառէ հաւատարմութիւն եւ բացութիւն Եկեղեցւոյ նկատմամբ», յարեց հուսկ Լեւոն Պապը որ ապա գովաբանեց աշխարհական միութիւններու եւ եկեղեցական շարժումներու աշխատանքն ու պատմութիւնը՝ ընդգծելով, որ անոնցմէ յառաջացած են բազմաթիւ լաւ կազմաւորուած անձեր եւ արդիւնաւէտ աւետարանիչներ։

«Պահպանեցէ՛ք եւ, Աստուծոյ շնորհքով, աճեցուցէ՛ք այս բոլոր պարգեւները։ Եկեղեցին կը զօրակցի եւ կ’առաջնորդէ ձեզի, եղաւ Լեւոն Պապի եզրափակիչ յորդորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2026, 12:00