«Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութիւնը - Ծիսակատարութիւնը Եկեղեցւոյ խորհուրդին մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 20 Մայիս 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հերթական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ` այս օրերուն պաշտօնական այցելութեամբ Վատիկան ժամանած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։
«Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութիւնը
Շարունակելով տարուան սկիզբը սկսած Վատիկանեան Բ. Ժողովի Փաստաթուղթերու մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը եւ աւարտելով «Lumen Gentium» Ժողովական սահմանադրութեան մասին խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տուաւ խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը նուիրուած «Sacrosanctum Concilium» Սահմանադրութեան, որ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի հրապարակած առաջին փաստաթուղթերէն մին է եւ նուիրուած է սրբազան ծիսակատարութեան։
Փաստաթուղթը վաւերացուած Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 4 Դեկտեմբեր 1963-ին, որով վերասահմանուեցաւ կաթողիկէ աղօթքն ու խորհուրդները՝ յառաջ մղելով հաւատացեալներու աւելի գործօն ու գիտակից մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ լատիներէնի փոխարէն տեղական (ժողովրդական) լեզուներու գործածութիւնը։
«Այսօր կը սկսինք խորհրդածութիւններու շարք մը՝ նուիրուած Վատիկանեան Բ. Ժողովի կողմէ հռչակուած առաջին Փաստաթուղթին՝ «Sacrosanctum Concilium» (SC) Սուրբ Ծիսակատարութեան մասին Սահմանադրութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով` թէ այս սահմանադրութիւնը մշակելով՝ Ժողովական Հայրերը ուզեցին առաջնորդել Եկեղեցին՝ խորհրդածելու եւ խորացնելու այն կենդանի կապը, որ զայն կը կազմէ ու կը միաւորէ Քրիստոսի խորհուրդին։
Ծիսակատարութեան մէջ է, որ իրականութիւն կը դառնայ «մեր փրկագործութեան գործը»
«Արդարեւ, ծիսակատարութիւնը կը դպչի այս խորհուրդի ճիշտ սրտին. անիկա միաժամանակ այն տարածութիւնն է, ժամանակը եւ համատեքստը, որոնց մէջ Եկեղեցին Քրիստոսէն կը ստանայ իր իսկ կեանքը։ Ծիսակատարութեան մէջ է, որ իրականութիւն կը դառնայ «մեր փրկագործութեան գործը» (SC, 2), որ մեզ կը վերածէ ընտրեալ ցեղի, թագաւորական քահանայութեան, սուրբ ազգի, Աստուծոյ սեփականացուցած ժողովուրդի (հմմտ. Ա. Պտ 2, 9)» ըսաւ ապա Քահանայապետը մէջբերելով սահմանադրութեան խօսքերը։ ։
Արդ, այս խորհուրդը չի նշանակեր մութ կամ անորոշ իրականութիւն մը, այլ՝ Աստուծոյ փրկչական ծրագիրը, որ յաւիտենականութենէ ի վեր թագնուած էր եւ յայտնուեցաւ Քրիստոսի մէջ, նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «Յիսուս Քրիստոս Եկեղեցւոյ կենսական սկզբունքն է, որ ծնունդ առաւ խաչին վրայ իր մատուցած զոհողութեամբ»։
Սուրբ պատարագը Քրիստոսի խորհուրդին կեդրոնն է
Սուրբ պատարագին եւ արարողութիւններուն ընթացքին, Ան կը շարունակէ ներգործել Սուրբ Հոգիին միջոցաւ՝ սրբացնելով Եկեղեցին եւ զայն միացնելով Հօր Աստուծոյ ուղղուած իր ընծայաբերումին։ Քրիստոս իր եզակի քահանայութիւնը կը գործադրէ Խօսքին, Խորհուրդներուն, պաշտօնեաներուն (եկեղեցականներուն), հաւատացեալներու համայնքին եւ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։ Կատարելով Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը՝ Եկեղեցին կը ստանայ Քրիստոսի Մարմինը եւ ինքնին կը դառնայ Քրիստոսի Մարմին, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիով Աստուծոյ բնակարան դարձած համայնք մը։ Այս բոլորը կ՛իրականացնեն փրկագործութեան տնօրինութիւնը եւ կը կերտեն հաւատացեալներուն հաղորդութիւնը Քրիստոսի հետ։
Սուրբ պատարագը Քրիստոսի խորհուրդին կեդրոնն է․ անիկա Եկեղեցւոյ գործունէութեան գագաթնակէտն ու աղբիւրն է։ Թէեւ Եկեղեցին ունի ուրիշ առաքելութիւններ ալ՝ քարոզչութիւն, աղքատներու ծառայութիւն եւ մարդոց ուղեկցութիւն, սակայն ամէն ինչ կը տանի դէպի պատարագը եւ անկէ կը ստանայ ուժ, յարեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ պատարագին մէջ հաւատացեալները Աստուծոյ Խօսքով, խորհուրդներով եւ ընդհանուր աղօթքով կը նորոգուին ու կը զօրանան իրենց հաւատքին եւ առաքելութեան մէջ։ Այս մասնակցութիւնը ոչ միայն արտաքին արարողութիւն մըն է, այլ նաեւ ներքին հոգեւոր փորձառութիւն, որ պէտք է արտացոլայ առօրեայ կեանքին մէջ։
Սուրբ Հոգին հաւատացեալները կը միացնէ Քրիստոսի կեանքին եւ զանոնք կը դարձնէ Քրիստոսի Մարմինը
Այսպէս, քրիստոնէական կեանքը կը դառնայ «կենդանի եւ սուրբ զոհ» Աստուծոյ համար, իսկ պատարագը կը կառուցէ Եկեղեցին որպէս սուրբ համայնք՝ բաց ու հիւրընկալ բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Սուրբ Հոգին հաւատացեալները կը միացնէ Քրիստոսի կեանքին եւ զանոնք կը դարձնէ Քրիստոսի Մարմինը։
«Սիրելինե՛ր, թոյլ տանք, որ մեր ներաշխարհը ձևաւորուի ծէսերով, խորհրդանիշներով, արարողութիւններով և յատկապէս՝ պատարագին մէջ Քրիստոսի կենդանի ներկայութեամբ, ինչ որ առիթը պիտի ունենանք աւելի խորութեամբ սերտելու յառաջիկայ խորհրդածութիւններու ընթացքին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
