VATICAN-RELIGION-POPE-AUDIENCE

Ծիսական նորոգութիւնը՝ Եկեղեցւոյ կենդանի աւանդութեան մէջ. Լեւոն ԺԴ. Պապին խորհրդածութիւնը

Քահանայապետը բացատրեց, թէ Sacrosanctum Concilium Սահմանադրութիւնը կը հրաւիրէ միաժամանակ պահպանելու առողջ աւանդութիւնը եւ բացուելու օրինաւոր յառաջդիմութեան առջեւ։ Ծիսակարգին մէջ գոյութիւն ունին աստուածային հաստատումով անփոփոխ տարրեր, բայց նաեւ կան փոփոխելի ձեւեր, որոնք կարելի է համապատասխանեցնել տարբեր ժողովուրդներու եւ ժամանակներու մշակութային պայմաններուն։ Այս կերպով Եկեղեցւոյ պաշտամունքը դարձած է աւետարանութեան կենդանի միջոց եւ հաւատքի փոխանցման ազդու գործիք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Չորեքշաբթի 27 Մայիս 2026-ի առաւօտեան,  Սրբազան Քահանայապետը նախագահելով հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, շարունակեց իր խորհրդածութիւնները Վատիկանեան Բ. Ժողովի Sacrosanctum Concilium Սահմանադրութեան մասին՝ անդրադառնալով Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքի նորոգութեան եւ անոր նշանակութեան։

«Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, Պիոս ԺԲ-ն  Mediator Dei շրջաբերականի շարունակութեան մէջ, կը գրէ որ «Եկեղեցին կենդանի մարմին մըն է, եւ հետեւաբար, նոյնիսկ ինչ որ կը վերաբերի ծիսակարգին, անփոփոխ պահելով իր վարդապետութեան ամբողջականութիւնը, կ'աճի ու կը զարգանայ՝ յարմարելով եւ համակերպելով այն պարագաներուն ու պահանջներուն, որոնք ի յայտ կու գան ժամանակի ընթացքին» (Ա, Ե), ըսաւ  Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան, շարունակելով  իր խոկումները Վատիկանեան Բ. Ժողովի Sacrosanctum Concilium Սահմանադրութեան մասին, որ կը հաստատէ պաշտամունքի (ծիսակատարութեան) բարեփոխման եւ տարածման հիմնական սկզբունքները։ 

Սերտ կապ ընդմէջ ծիսակատարութեան նորոգման եւ համայն Եկեղեցւոյ կեանքի նորոգման

«Արդարեւ Ժողովական նիստը գումարուած էր,  այն նպատակով՝ «որպէսզի աւելի ու աւելի աճեցնէ քրիստոնէական կեանքը հաւատացեալներուն մէջ, մեր ժամանակի պահանջներուն աւելի լաւ յարմարցնէ այն հաստատութիւնները, որոնք ենթակայ են փոփոխութիւններու, քաջալերէ այն ամէնը, ինչ որ կրնայ նպաստել Քրիստոսի հաւատացող բոլոր անձերուն միութեան, եւ վերակենդանացնէ այն, ինչ որ կ'օգնէ բոլորը կանչելու Եկեղեցւոյ գիրկը» (նոյն տեղը)» յարեց Սրբազան Պապը մէջբերելով  Սահմանադրութենէն խօսքեր ու դիտել տալով նաեւ թէ այդ պատմական պահուն զօրեղ կերպով կը զգացուէր ծիսակատարութեան ձեւերու նորոգման անհրաժեշտութիւնը եւ շնորհիւ «ծիսական շարժումին» հասունցած էր այն համոզումը թէ «սերտ կապ մը կայ ընդմէջ ծիսակատարութեան նորոգման եւ համայն Եկեղեցւոյ կեանքի նորոգման»։

Վաւերական աւանդութեան մէջ արմատաւորուած յառաջդիմութեան  օրինաւորութիւն

«Որպէսզի հաւատացեալները աւելի լիակատար կերպով հասնին ծիսակատարութեան միջոցաւ տրուած շնորհքներուն, Sacrosanctum Concilium Սահմանադրութիւնը կը հրաւիրէ պահպանել առողջ աւանդութիւն մը եւ ճամբայ բանալ օրինաւոր յառաջդիմութեան մը» յարեց ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով  թէ  Ժողովը կը հաստատէ վաւերական Աւանդութեան մէջ արմատաւորուած յառաջդիմութեան մը օրինաւորութիւնը՝ ծիսակարգին մէջ իրարմէ զատելով այն, ինչ որ կը վերաբերի աստուածային հաստատման, որ անփոփոխ է, եւ այն, ինչ որ ենթակայ է փոփոխութեան։ 

Ծիսակատարութիւնը աւետարանութեան շարժիչ ուժ  

Հաւատացեալներուն արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը արտօնելու համար, Եկեղեցւոյ պաշտամունքը «մարմնացած» է իւրաքանչիւր դարաշրջանի մշակութային ձեւերուն մէջ։ Այսպիսով, ծիսակատարութիւնը եղած է աւետարանութեան շարժիչ ուժը։  

«Այսօր հարկ է նորոգել այս կորովը՝ կաթողիկէ վաւերական ու կենդանի աւանդութեան շարունակականութեան մէջ, այսինքն՝ այնպիսի թափով  մը, որ կը միտի հաւատացեալները առաջնորդել դէպի ճշմարտութեան լիութիւնը» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը ։

Իւրաքանչիւր բարեփոխում պէտք է միշտ կանխուի «հովուական, պատմական եւ աստուածաբանական ուշադիր հետազօտութենէ մը

Ան ապա աւեցուց. «Եկեղեցւոյ Ուսուցողական Իշխանութիւնը կը յորդորէ կանխել հաւատացեալներուն ամէն տեսակ շփոթութիւնը՝ յիշեցնելով, որ ժողովական Սահմանադրութեան կողմէ կամեցուած նորոգութիւնը բնաւ չի վտանգեր եկեղեցական հաղորդութիւնը։ «Արդարեւ համայն Եկեղեցւոյ բարիքին համար իւրաքանչիւր բարեփոխում պէտք է միշտ կանխուի «հովուական, պատմական եւ աստուածաբանական ուշադիր հետազօտութենէ մը» յարեց ապա Լեւոն ԺԴ.  որ  խորհրդածութիւնը եզրափակեց  յորդորելով բոլոր անոնք, որոնք կոչուած են պատրաստելու աստուածային խորհուրդներու տօնակատարութիւնը, մանաւանդ այն քահանաները, որոնք կը գործադրեն պատարագական նախագահութեան ծառայութիւնը, «միշտ պահպանելու պատարագի բնագիրներուն եւ կարգադրութիւններուն հանդէպ այն յարգանքը, որ կը բխի Աստուծոյ հանդէպ ներքին պատրաստակամութեան եւ վստահութեան կեցուածքէն՝ խոնարհութիւն ցուցաբերելով անոր մեծութեան առջեւ եւ անկեղծ հաւատարմութիւն՝ եկեղեցական հաղորդակցութեան նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2026, 10:28

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >