Լեւոն ԺԴ. Պապը Հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Ֆրանսա
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենակի տնօրէն, Մաթթէօ Պրունի հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 25-էն 28 սեպտեմբեր 2026-ին հովուական այցելութիւնը պիտի կատարէ Ֆրանսա։
Հաղորագրութեան մէջ կը կարադանք.
«Ընդառաջելով Ֆրանսայի Պետութեան ղեկաւարին, երկրի եկեղեցական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի (UNESCO) ընդհանուր տնօրէնի հրաւէրներուն՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 25-էն 28 սեպտեմբեր 2026-ին պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Ֆրանսա»։
Հովուապետական այս ուղեւորութեան շրջագիծէն ներս, Պապը յատուկ այցելութիւն պիտի տայ նաեւ ՄԱԿ-ի Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մշակոյթի կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) կեդրոնատեղին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
