2026.05.19 Castel Gandolfo - Visita alla Specola Vaticana

Լեւոն Պապի այցելութիւնը Վատիկանի Աստղադիտարան

Երկրորդ անգամն ըլլալով Քահանայապետը այցելեց Քասթել Կանտոլֆոյի աստղադիտարանը։ Երեկ՝ Մայիս 19-ին, կայացած այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ կարճ աղօթք մը եւ ողջոյնի խօսք ուղղուեցաւ կրօնական, աշխարհիկ եւ գիտական անձնակազմին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք

Մայիս 19-ին կէսօրէն ետքը՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց Վատիկանի Աստղադիտարանը (Specola Vaticana)։ Քահանայապետին համար այս մէկը երկրորդ այցելութիւնն էր՝ նախորդ տարուան Յուլիս 20-ն կատարած այցէն ետքը, որ կատարուած էր Լուսնի վրայ մարդու վայրէջքի 56-րդ տարեդարձին առթիւ։

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ գտնուող աստղադիտարանին մէջ (Հռոմի արուարձաններու քաղաքը, ուր Պապը, ինչպէս սովորաբար, Երեքշաբթի օրը անցուց աշխատանքի եւ հանգիստի մէջ), Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Վատիկան Քաղաք-Պետութեան կառավարչութեան նախագահ քոյր Ռաֆայելա Փեթրինիի, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղարներ՝ Էմիլիօ Նափփա արքեպիսկոպոսին եւ փաստաբան Ճուզեփփէ Փուլիզի-Ալիպրանտիի կողմէ։

Ներկայ էին նաեւ, ի միջի այլոց, Աստղադիտարանի տնօրէն՝ Յիսուսեան հայր Ռիչըրտ Անթոնի Տը Սուզան, եւ իր նախորդը՝ միաբանակից հայր Կայ Քոնսոլմանիոն, որ ներկայիս Վատիկանի Աստղադիտարանի Հիմնադրամի նախագահն է։ Հաստատութեան մատրան մէջ կատարուած կարճ աղօթքէ մը ետք, Քահանայապետը հանդիպեցաւ եւ ողջունեց կրօնական, գիտական ու աշխարհիկ անձնակազմը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2026, 07:45