2025.06.06 S.E. il Signor Sergio Mattarella, Presidente della Repubblica Italiana

Նախագահ Մաթարելլայի շնորհաւորական պատգամը Լեւոն ԺԴ. Պապին

Պատգամը ուղղուեցաւ Լեւոն Պապին Պետրոսեան Ծառայութիւնը սկսելու առաջին տարեդարձին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ« Սերճօ Մաթարելլա շնորհաւորական պատգամ մը յղած է Լեւոն ԺԴ. Պապին՝ անոր քահանայապետութեան ծառայութեան սկիզբի առաջին տարեդարձին առթիւ, որուն մէջ ընդգծած է խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ուղղուած անոր շարունակական կոչերուն արժէքը։

Մաթարելլան շեշտած է, թէ Պապը, իր առաջին հրապարակային խօսքէն իսկ, աշխարհին կոչ ուղղած է խաղաղութիւնը նկատելու որպէս «դժուարին, բայց կարելի բարիք մը»՝ յորդորելով դադրեցնել պատերազմները եւ յաղթանակել տալ արդարութիւնն ու երկխօսութիւնը։

Պատգամին մէջ, Նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է բռնութեան աճող մթնոլորտին եւ այն մակերեսայնութեան գծով, որով այսօր կը սպառնան կամ կը մղուին հակամարտութիւնները՝ պատճառելով մարդկային ծանր տառապանքներ։ Ան նաեւ յիշեցուցած է Քահանայապետին վերջերս Ափրիկէ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին Լեւոն ԺԴ. քաջալերած է երիտասարդներն ու ղեկավար դասակարգերը՝ ներդրումներ կատարելու կրթութեան, վերապատրաստման եւ զարգացման գործակցութեան մէջ։

Մաթարելլան պատգամը եզրափակած է՝ հաստատելով, որ Պապին խօսքերը յոյսի եւ վստահութեան պատգամ կը հանդիսանան նոր սերունդներուն համար, որոնք կոչուած են դիմագրաւելու ներկայի մեծ մարտահրաւէրները՝ պատասխանատուութեամբ, համերաշխութեամբ եւ մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2026, 08:00