2026.06.27 Concistoro straordinario

Արտակարգ Քոնչիսթորօ. Բ. օրուան Նիստերը

Օրուան երկու նիստերը հաստատեցին Կարդինալներու դասին կամքը՝ իրապաշտութեամբ դիմագրաւելու ներկայի մարտահրաւէրները, մատնանշելով եկեղեցական հաղորդութիւնը, Աւետարանի վկայութիւնը եւ սինոdականութիւնը որպէս հիմնական գործիքներ՝ արդի աշխարհին մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ընկերակցելու համար:

Այսօր Շաբաթ 27 Յունիսին երեկոյեան աւարտեցաւ Կարդինալներու Արտակարգ խորհրդակցական Ժողովի երկրորդ օրը արդի աշխարհի մեծ մարտահրաւէրներուն եւ Սինոդի գործադրման ընթացքին շուրջ խոր քննարկումներով:

Խորհրդածութիւններու կեդրոնը եղան խաղաղութեան, ընդհանուր բարիքին, արհեստական բանականութեան, եկեղեցական կազմաւորման եւ սինոդականութեան թեմաները:

Երրորդ նիստը բացուեցաւ Պօղոս Զ. սրահին մէջ, Կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէի նախագահած Սուրբ Պատարագէն ետք: Աշխատանքները, որոնք կը վարէր Կարդինալ Փրոթազէ Ռուկամպուան, սկսան «Adsumus» աղօթքով՝ առաջնորդութեամբ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին:

Յանուն Քահանայապետին, վարողը շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալներու դասին՝ խաղաղութեան կոչերուն իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար, հրաւիրելով զանոնք այդ մէկը աւելի ազդու դարձնել իրենց տեղական Եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան ի նպաստ համախմբուած ձայն մը բարձրանայ:

Կարդինալ Ստեփան Պրիսլինի ներածական զեկոյցը, որ կը կրէր «Կառուցել բարիքի մէջ. մեր ժամանակի շինհրապարակները» խորագիրը, առիթ հանդիսացաւ լեզուական խումբերու հետագայ աշխատանքներուն, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան Սրբազան Հօր ներկայութեամբ լիագումար նիստին ներկայացուած զեկոյցներով:

Կարդինալներու խորհրդածութիւններէն յայտնի դարձաւ արդի աշխարհը յուզող խոր անդունդներու համատեղ ընկալումը. բաժանումներ ազգերու միջեւ, ընկերային լարուածութիւններ, ընտանեկան յարաբերութիւններու ճգնաժամ եւ անհատական աճող մեկուսացում:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ այս իրողութիւններու հետեւանքներուն՝ ամենաաղքատներուն, երիտասարդներուն եւ տարեցներուն վրայ, այնպիսի համատեքստի մը մէջ, որ յատկանշուած է իմաստի կորուստով, կարեւոր յարաբերութիւններու տկարացումով եւ անհատապաշտութեամբ, որ կրնայ դիմացինը վերածել սեփական յաջողութեան գործիքի:

Քննարկուած ամենահրատապ մարտահրաւէրներու շարքին էր արհեստական բանականութիւնը, որ նախ եւ առաջ նկատուեցաւ մարդաբանական հարց:

Կարդինալները ընդգծեցին համատեղ մարդկային արժէքներ որոնելու, աշխատանքի արժանապատուութիւնը պաշտպանելու եւ սահմանի արժէքը վերագտնելու անհրաժեշտութիւնը, որ մարդկային փորձառութեան բաղկացուցիչ տարրն է, զոր արհեստագիտութիւնը յաճախ կը միտի շրջանցել կամ ժխտել:

Լայն տեղ յատկացուեցաւ նաեւ ընդհանուր բարիքի թեմային, որ սահմանուեցաւ որպէս իրականութիւն մը, զոր հետզհետէ աւելի դժուար է հասկնալ եւ հետապնդել այնպիսի պարագաներու մէջ, ուր քաղաքականութիւնը յաճախ անկարող կը թուի զայն խթանել, իսկ հարստութիւնները կեդրոնացած են քիչերու ձեռքը:

Ըստ բազմաթիւ արտայայտութիւններու, ընդհանուր բարիքը իր հիմքը կը գտնէ առ Աստուած հաւատքին եւ իւրաքանչիւր անձի վերանցական արժանապատուութեան մէջ, որ կոչուած է յաղթահարելու անհատապաշտութիւնը՝ համերաշխութեան, յարաբերութիւններու անձնուիրութեան եւ կաթողիկէութեան լիարժէք վկայութեան միջոցաւ:

Կարդինալները նաեւ վերահաստատեցին Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս հանրային կեանքի ապագայ պատասխանատուներու պատրաստութեան գործիք եւ որպէս պատասխան մեր ժամանակի բաժանումներուն: Աւետարանը նշուեցաւ որպէս բեւեռացումներու դէմ հիմնական դեղամիջոցը՝ հրաւիրելով կառուցել այնպիսի Եկեղեցի մը, որ ընդունակ է հիւրընկալելու, բժշկելու ընկերութեան վէրքերը եւ խուսափելու ամէն տեսակի ծայրահեղականութենէ: Առաջարկուած պատկերն էր քրիստոնեաներու կոչումը՝ ըլլալու ընկերային վերակառուցման «ճարտարապետներ», այլ ոչ թէ արդի ճգնաժամերու պարզ հանդիսատեսներ:

Ի վերջոյ, տարբեր խումբեր ընդգծեցին սինոդականութեան արժէքը՝ որպէս մտիկ ընելու, երկխօսութեան եւ եկեղեցական համապատասխանատուութեան վաւերական ուղի: Նիստը փակուեցաւ կարդինալներու քանի մը անձնական միջամտութիւններով եւ Պապին ուղղուած շնորհակալութեամբ՝ անոր վերջին առաքելական ճամբորդութիւններուն եւ յանուն խաղաղութեան անդադար ջանքերուն համար, նախքան «Հրեշտակ Տեառն» (Angelus) աղօթքի ընթերցումը:

Յետմիջօրէի նիստը

Կէսօրէ ետք, Քոնչիսթորոյի չորրորդ նիստը, որ տեղի ունեցաւ Սինոդի սրահին մէջ եւ զոր կը վարէր Կարդինալ Ճոզեֆ Թոպինը, նուիրուեցաւ Սինոդի գործադրման գոծընթացքին: Կարդինալ Մարիօ Կրեքի զեկոյցէն ետք, քննարկումը խորացուց սինոդականութեան հոգեւոր եւ պատմական չափանիշը աւելի եւս զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կղերին ընձեռել քահանայութեան վաւերական աւետարանական, ստեղծագործ եւ ամէն տեսակի կղերականութենէ զերծ պատկեր մը:

Արծարծուած թեմաներուն մէջ ի յայտ եկաւ նաեւ այն մտահոգութիւնը, թէ չափազանց բարդ խորհրդակցական գործընթացները կրնան դանդաղեցնել Եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութիւնը: Կարդինալները նաեւ վերահաստատեցին, որ թէ՛ նուիրապետութիւնը եւ թէ՛ Աստուծոյ Ժողովուրդը, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ ձեւերով, կը մասնակցին Սուրբ Հոգիի կամքի զանազանման, արժեւորելով նաեւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ներդրումը, որոնք ունին հաստատուն սինոտական աւանդութիւն:

Երկու նիստերը հաստատեցին Կարդինալներու դասին կամքը՝ իրապաշտութեամբ դիմագրաւելու ներկայի մարտահրաւէրները, մատնանշելով եկեղեցական հաղորդութիւնը, Աւետարանի վկայութիւնը եւ սինոdականութիւնը որպէս հիմնական գործիքներ՝ արդի աշխարհին մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ընկերակցելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/06/2026, 18:13