Concistoro: il Papa ai cardinali, 'aiutatemi nella guida della Chiesa'

Այսօր կը սկսի 2026-ի Կարդինալական խորհրդակցական արտակարգ Բ. հաւաքը

Ծիրանաւորները Քահանայապետի հետ միասին պիտի խորհրդածեն աշխարհի մարտահրաւէրներուն եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան շուրջ։ Հաւաքը կը շարունակուի նաեւ վաղը այս յայտագիրով։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր` 26 յունիս 2026 Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապին կողմէ հրաւիրուած Կարդինալական Արտակարգ խորհրդակցական Ժողովը, որ կը համախմբէ Կարդինալական Դասի անդամները՝ խորունկ մտածումներ կատարելու արդի մարտահրաւէրներուն եւ Աւետարանի քարոզչութեան մէջ Եկեղեցւոյ ունեցած դերին շուրջ:

Օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ Սրբազան Հօր մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով: Այնուհետեւ, կարդինալները փոխադրուեցան Պօղոս Զ Դահլիճ՝ ուր սկիզբ տրուեցաւ աշխատանքային պաշտօնական նիստերուն։

Բացման նիստ

Նախնական նիստը կը սկսի ժամը 9:30-ին՝ «Veni Creator Spiritus» (Եկ, Սուրբ Հոգի) շարականի երգեցողութեամբ, որուն կը յաջորդէ Կարդինալական Դասի Աւագերէց կարդինալ Ճովաննի Պատիստա Ռէի ողջոյնի խօսքը եւ Լեւոն ԺԴ Պապին բացման ճառը, որ ուղիղ եթերով կը հեռարձակուի «Vatican Media»-ի կողմէ:

«Ինչպիսի՞ աշխարհի մը մէջ կոչուած ենք քարոզելու Աւետարանը»

Առաւօտեան առաջին նիստը նուիրուած էր արդի պարագաներու վերլուծման, որոնց մէջ Եկեղեցին կոչուած է իրականացնելու իր աւետարաական առաքելութիւնը:

Կարդինալ Կժեգոժ Ռիսի աստուածաշնչական խորհրդածութենէն ետք, որուն ընկերակցեցան լռութեան եւ անձնական աղօթքի պահեր, կարդինալները համախմբուեցան աշխատանքային խմբակներու մէջ՝ քննարկելու այն գլխաւոր տառապանքները, լարուածութիւններն ու հարցականները, որոնք այսօր կը յուզեն ժողովուրդներն ու եկեղեցական համայնքները:

Յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացուի նաեւ յոյսի նշաններուն, Աւետարանին հանդէպ հաւատարմութեան վկայութիւններուն եւ հաշտութեան այն հնարաւորութիւններուն, որոնք յառաջ կու գան մշակութային ու ընկերային տարբեր միջավայրերու մէջ:

Խմբակներու պատրաստած զեկոյցները այնուհետեւ կը ներկայացուին լիագումար նիստին՝ կէսօրուան Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ:

Խաղաղութեան մարտահրաւէրը. ուժի մշակոյթէն դէպի սիրոյ քաղաքակրթութիւն

Յետմիջօրէին աշխատանքները կը կրեն «Ուժի մշակոյթը եւ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը» խորագիրը:

Նիւթի ներկայացումը վստահուած է կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեսին, որ իր մտորումները կը զարգացնէ «Magnifica humanitas» փաստաթուղթի հինգերորդ գլուխին հիման վրայ:

Քննարկումը հաւանականօրէն կը կեդրոնանայ այն ազդեցութեան վրայ, որ միջազգային լարուածութիւնները, ընկերային բաժանումներն ու զինեալ հակամարտութիւնները կը գործեն Եկեղեցիներու եւ բնակչութեան կեանքին վրայ:

Կէսօրէ ետք կայացած դադարէն ետք, աշխատանքները կը շարունակուին լիագումար նիստով՝ խմբակներու տեղեկագիրներու ներկայացմամբ եւ նիստի նիւթին նուիրուած ազատ ելոյթներով:

Համաշխարհային երկխօսութիւն՝ Եկեղեցւոյ ապագային համար

Արտակարգ խորհրդակցութիւնը կը հանդիսանայ փոխադարձ լսողութեան եւ հաւաքական խորհրդածութեան կարեւոր առիթ մը: Ամէն ցամաքամասէ եկած կարդինալներու ներդրումով՝ Եկեղեցին կը ջանայ կարդալ ժամանակներու նշանները եւ գտնել գործնական ուղիներ՝ Աւետարանը վկայելու համար պատերազմներով, բեւեռացումներով, գաղթերով, մշակութային փոփոխութիւններով եւ հոգեւոր նոր հարցումներով նշանաւորուած աշխարհի մը մէջ:

Հանդիպումը պիտի շարունակուի յունիս 27-ին՝ յաւելեալ աշխատանքային նիստերով, որոնց ընթացքին պիտի խորացուին առաջին օրուան ընթացքին յայտնուած հովուական եւ առաքելական հեռանկարները եւ նոր նիւթեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/06/2026, 07:37