Լեւոն ԺԴ. նոր ինքնագիր նամակով վերանայեց Հռոմի Թեմի կանոնադրութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
24 Յունիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը «Confirma Fratres Tuos» («Զօրացուր քու եղբայրներդ») խորագիրով առաքելական նամակ մը հրապարակեց ինքնագիրի (Motu Proprio) ձեւով, որով ամբողջութեամբ վերանայեց եւ փոխարինեց Հռոմի Թեմի կազմակերպութեան վերաբերող «In Ecclesiarum Communione» առաքելական սահմանադրութիւնը, որ հրապարակուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 6 Յունուար 2023-ին։
Եկեղեցական կառոյցները՝ առաքելութեան ծառայութեան մէջ
Փաստաթուղթին մէջ Քահանայապետը կը յիշեցնէ, որ Սուրբ Պետրոսին յանձնուած՝ եղբայրները հաւատքի մէջ ամրապնդելու առաքելութիւնը այսօր կը շարունակուի անոր յաջորդներուն՝ Հռոմի Եպիսկոպոսներուն ծառայութեան մէջ։ Այս տեսանկիւնէն Հռոմի թեմը կոչուած է ըլլալու եկեղեցական հաղորդութեան եւ աւետարանչական առաքելութեան առանձնայատուկ վկայութիւնը ամբողջ Եկեղեցւոյ համար։
Լեւոն ԺԴ. կը նշէ, որ ներկայ ժամանակներու աւետարանչական մարտահրաւէրները կը պահանջեն ոչ միայն նոր առաքելական եռանդ, այլ նաեւ եկեղեցական կառոյցներու շարունակական նորոգում, որպէսզի անոնք աւելի արդիւնաւէտ կերպով ծառայեն հովուական առաքելութեան եւ ամրապնդեն եկեղեցական միութիւնը։
Փորձառութենէն ծնած բարեփոխում
Քահանայապետը կը յիշեցնէ, որ 2023-ի սահմանադրութիւնը կարեւոր քայլ մըն էր Հռոմի թեմի բարեկարգման ճամբուն վրայ, սակայն անոր գործադրութեան ընթացքին ձեռք բերուած փորձառութիւնն ու թեմի հովուական կեանքէն բխած կարիքները ցոյց տուին, թէ անհրաժեշտ է վերանայել որոշ դրոյթներ։ Այդ նպատակով 2026 թուականի Փետրուար 25-ին կազմուած էր մասնագէտներու աշխատանքային խումբ մը՝ գործող օրէնսդրութիւնը ուսումնասիրելու եւ բարեփոխումներ առաջարկելու համար։
Ուսումնասիրելով ներկայացուած առաջարկները՝ Լեւոն ԺԴ. որոշեց ամբողջութեամբ փոխարինել գործող սահմանադրութիւնը նոր բնագիրով, նպատակ ունենալով Հռոմի թեմը դարձնել աւելի ճկուն, աւելի առաքելական եւ աւելի ընդունակ՝ ծառայելու Հռոմի Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան եւ համայնքային կեանքին։
Ուժի մէջ մտնելու կարգը
Նոր Motu Proprio-ն կը սահմանէ, որ կցուած նոր սահմանադրութիւնը կը փոխարինէ նախորդ ամբողջ փաստաթուղթը եւ ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման նոյն օրը՝ պաշտօնապէս հրատարակուելով L’Osservatore Romano-ին մէջ, ապա ընդգրկուելով Acta Apostolicae Sedis-ի պաշտօնական հատորին մէջ։
Փաստաթուղթը ստորագրուած է Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, 24 Յունիս 2026-ին՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի Ծննդեան տօնին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի գահակալութեան երկրորդ տարուան ընթացքին։
Հաղորդագրութիւն Հռոմի Թեմէն. Կառավարման համակարգի հիմնական փոփոխութիւնները
Հռոմի թեմի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը «Confirma Fratres Tuos» խորագիրով ինքնագիրով արդիականացուց «In Ecclesiarum Communione» առաքելական սահմանադրութիւնը՝ պահպանելով Ֆրանչիսկոս Պապի 2023-ի բարեփոխումներուն հիմնական սկզբունքները, սակայն վերանայելով կառավարման մի շարք դրոյթներ։
Նոր սահմանադրութիւնը կը վերահաստատէ Հռոմի թեմի Փոխանորդին դերը որպէս թեմի հովուական առաջնորդ եւ սովորական դատաւոր, մինչ վարչական կառոյցներու եւ գրասենեակներու համակարգումը կը վստահուի Curiae-ի Moderator-ին, որ կը նշանակուի Քահանայապետին կողմէ հինգ տարուան պաշտօնավարութեան համար։ Փաստաթուղթը նաեւ աւելի յստակ կը սահմանէ օգնական եպիսկոպոսներու եւ փոխփոխանորդին պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ ծխական քահանաներու նշանակման կարգը։
Աւելի մեծ համատեղ պատասխանատուութիւն
Բարեփոխումները կը շեշտեն նաեւ հաւատացեալներու համատեղ պատասխանատուութիւնը Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ եւ կը վերակազմակերպեն խորհրդակցական մարմինները, մասնաւորաբար Եպիսկոպոսական խորհուրդը։ Միեւնոյն ժամանակ անփոփոխ կը մնան թեմի գրասենեակներու, ծառայութիւններու եւ եկեղեցական դատարաններու հիմնական կառուցուածքը, մինչ Անկախ վերահսկողութեան յանձնաժողովին գործունէութիւնը պիտի կարգաւորուի առանձին կանոնակարգով։
Բարեփոխման նպատակը
Փոփոխութիւններուն հիմնական նպատակը Հռոմի թեմը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելն է՝ որպէս գործիք Եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութեան, եկեղեցական հաղորդութեան ամրապնդման եւ թեմի հովուական կեանքի սպասարկման համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
