VATICAN-RELIGION-CLIMATE-PRESSER

Լեւոն ԺԴ. նշանակումներ կատարեց Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան քահանայապետական վերատեսչութեան մէջ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը նոր նշանակումներ կատարեց Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան քահանայապետական վերատեսչութեան ղեկավար կազմին մէջ՝ վերատեսուչ նշանակելով Քոյր Ալեսանտրա Սմերիլլին, փոխ վերատեսուչ՝ Կարդինալ Ֆապիօ Պաճիոն, իսկ քարտուղար՝ գերապայծառ Եոզէֆ Պարլաշը։ Երեք նշանակումներն ալ ուժի մէջ պիտի մտնեն 2026 թուականի սեպտեմբեր 1-ին՝ վերատեսչութեան առաքելութեան շարունակականութեան եւ ծառայութեան ամրապնդման նպատակով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը նոր նշանակումներ կատարեց Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան քահանայապետական վերատեսչութեան ղեկավար կազմին մէջ, որոնք ուժի մէջ պիտի մտնեն 2026 թուականի սեպտեմբեր 1-ին։

Քահանայապետը վերատեսչութեան նոր վերատեսուչ նշանակեց Քոյր Ալեսանտրա Սմերիլլին, որ մինչ այժմ կը ծառայէր իբրեւ նոյն վերատեսչութեան քարտուղար։ Ան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ սեպտեմբեր 1-ին։

Նոյնպէս, Սրբազան Հայրը վերատեսչութեան փոխ վերատեսուչ նշանակեց Կարդինալ Ֆապիօ Պաճիոն, որ մինչ այժմ կը զբաղեցնէր ենթաքարտուղարի պաշտօնը։ Ան նաեւ յատուկ պատասխանատուութիւն պիտի կրէ «Laudato si’» Բարձրագոյն կրթութեան կեդրոնին նկատմամբ։

Ի վերջոյ, Լեւոն ԺԴ. վերատեսչութեան քարտուղար նշանակեց գերապայծառ Եոզէֆ Պարլաշը, որ մինչ այժմ կը ծառայէր որպէս ենթաքարտուղար։ Ան եւս իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2026 թուականի սեպտեմբեր 1-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/06/2026, 12:00