2026.06.26 Concistoro straordinario - Messa con i Cardinali

Սիրոյ քաղաքակրթութիւն եւ մարդկային միութիւն. Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի պատգամը Կարդինալական Դասին

Լեւոն ԺԴ կոչ ուղղեց ամրապնդելու եկեղեցական միութիւնը, խաղաղութիւնը եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի օրինակը կը սորվեցնէ հաւատքով, ազատութեամբ եւ ծառայութեան հոգիով ապրիլ ու Աւետարանը վկայել։ Անդրադառնալով աշխարհի պատերազմներուն՝ հաստատեց, որ պատերազմը երբեք Աստուծոյ կամքին համաձայն չէ, եւ մարդկային ընտանիքը կոչուած է արդարութեամբ ու երկխօսութեամբ լուծելու հակամարտութիւնները։ Վերջապէս, ան հրաւիրեց բոլորը միասին կերտելու «սիրոյ քաղաքակրթութիւն»ը.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ` 26 Յունիս 2026-ի առաւօտեան կանուխ, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ-ի եւ մասնակցութեամբ աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած Կարդինալական Դասին: Այս արարողութեամբ պաշտօնապէս սկիզբ տրուեցաւ կարդինալական արտակարգ ժողովին` Քոնչիսթորոյին, զոր գումարուած էր նոյնինքն Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ, Քահանայապետը խոր վերլուծականի ենթարկեց ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները՝ յատուկ շեշտադրում կատարելով եկեղեցական միութեան, խաղաղութեան եւ քրիստոնէական ինքնութեան վրայ:

Աստուծոյ ընծայել համայնքներն ու ժողովուրդները

«Մենք հաւաքուած ենք Տիրոջ սեղանին շուրջ, Սուրբ Պետրոսի գերեզմանին մօտ՝ սկսելու համար Քոնչիսթորոն։ Մենք կու գանք տօնելու այս Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ ժամանելով աշխարհի բոլոր կողմերէն. մեր կեանքին հետ միասին, Աստուծոյ կ՚ընծայենք նաեւ այն համայնքներն ու ժողովուրդները, որոնք կը կրենք մեր սրտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ հովուական հանգստաւէտ թէ յոգնեցուցիչ ծրագիրներն ու փորձառութիւնները» ըսաւ Սրբազան Պապը քարոզին սկիզբը ապա անդրադարձաւ Աւետարանական այն պատգամին ուր Քրիստոս կը ներկայացուի որպէս ճշմարիտ որթատունկը, իսկ հաւատացեալները՝ անոր ճիւղերը:

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Հայրը ակնարկեց ս. Պետրոս եւ Պօղոս Առաքեալներու հանդիսաւոր տօնին որուն նախօրեակին գումարուած է հաւաքը հրաւիրելով միասին կանգ առնել այս յիշատակին առջեւ, որ կը յիշեցնէ կաթողիկէ եւ հռովմէական Եկեղեցւոյ սիւները՝ երկու մարտիրոս առաքեալները, որոնց քարոզութիւնը մէկ ամբողջութիւն դարձաւ իրենց կեանքին հետ՝ այնքան, որ մաս կազմեց Սուրբ Գիրքերուն»։

Տարբեր շնորհները նման են միակ որթատունկի ճիւղերուն

«Այսօր լսելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը՝ ուղղուած Կորնթացիներուն, կրնանք նկատել Աւետարանի հետ հաճելի ներդաշնակութիւնը։ Տարբեր շնորհները, արդարեւ, եկեղեցական պաշտօններն ու գործունէութիւնները նման են միակ որթատունկի ճիւղերուն, այսինքն՝ միայն Տիրոջ (հմմտ. Ա. Կորնթ. 12, 4-6), որ Սուրբ Հոգին կը յեղու Իր Եկեղեցւոյ վրայ։ Այս մարմնական միութեան...» ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ու սուրբ գրային ընթերցումներէն մեկնելով ուզեց մի քանի ուղեցոյցներ քաղել այս օրերու խորհրդածութեան համար։

Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի օրինակը

Առաջին հերթին, Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի օրինակը մեզ կը քաջալերէ հաւատքի մէջ բաժնեկցելու ճշմարիտ ազատութիւնը։ Արդարեւ, ճիշդ Տէր Յիսուսի հետ յարաբերութիւնն է, որ մեզ կ՚ազատէ մեղքէն ու վախէն. մինչ մեզ կը կոչէ Իրեն հետեւելու, Ինքն իսկ մեզ կը ղրկէ աշխարհ՝ որպէս Առաքեալներու յաջորդներ։ Աւետարանը քարոզելը, Սրբազան Խորհուրդները կատարելը եւ Տիրոջ հօտին նուիրուիլը կ՚իրականանան եւ պտուղ կը բերեն այն չափով, որքանով որ կը հաւատանք Իրեն՝ Բարի Հովիւին... Կենդանի Եկեղեցին այն Եկեղեցին է, որ կը հաւատայ՝ մեր սրտերուն մէջ յեղուած Սուրբ Հոգիի պարգեւին շնորհիւ. այս Եկեղեցին շատ պտուղ կը բերէ։

Պատերազմը երբեք օրհնուած չէ Աստուծմէ

Անդրադառնալով միջազգային ներկայ լարուածութիւններուն եւ արիւնալի հակամարտութիւններուն՝ Լեւոն ԺԴ խստօրէն դատապարտեց պատերազմի երեւոյթը։

«Մինչ բոլոր ժողովուրդները կը հրաւիրենք դէպի հաւատք, որուն մէջ արդարեւ ազատ ենք, միջազգային լարուածութիւններն ու հակամարտութիւնները ծանրօրէն կը վիրաւորեն մարդկային ընտանիքը։ Այսուհանդերձ, չեն պակսիր, ընդհակառակը՝ կը բազմապատկուին Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ այնպիսի նախաձեռնութիւններ ու փորձառութիւններ, որոնք կը հրաւիրեն յարգելու մարդկային արժանապատուութիւնը, արդարութիւնը, իրաւունքը եւ պարզապէս մարդկայինը» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով նաեւ` որ «Պատերազմը երբեք արժանի չէ մարդուն եւ երբեք օրհնուած չէ Աստուծմէ, որովհետեւ Արարիչը մեզ օժտած է բանականութեամբ ու կամքով՝ հակամարտութիւնները լուծելու համար մարդ արարածներու պէս եւ ոչ թէ անասուններու, որոնք գուցէ օժտուած են գեր-արհեստագիտական զէնքերով»:

Այս ուղղութեամբ Ան յիշեցուց, որ «Մարդկային ընտանիքին միութիւնը կը նախորդէ առանձին ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն։ Ասիկա պարզապէս կենսաբանական տուեալ մը չէ, այլ՝ բարոյական սկզբունք։ Խաղաղութիւնը արդարութեան պարտականութիւն մըն է, որովհետեւ մենք մէկ մարդկային ընտանիք ենք, մէկ սքանչելի մարդկութիւն (magnifica humanitas), որ Քրիստոսի մէջ կը գտնէ իր Գլուխն ու Փրկիչը...եւ երբ այդ ընտանիքին մէկ անդամը կը վիրաւորուի կամ կը սպաննուի, բոլորս մեզ յօշոտուած կը զգանք:

Դէպի «Սիրոյ Քաղաքակրթութիւն»

Յղում կատարելով իր հրատարակած վերջին Շրջաբերականին եւ Սուրբ Պօղոս Զ Պապի ժառանգութեան՝ Սրբազան Հայրը վերակենդանացուց «սիրոյ քաղաքակրթութիւն» կերտելու գաղափարը:

Ան ընդգծեց, որ աշխարհիկ գաղափարախօսութիւնները դատապարտուած են թառամելու, մինչդեռ Սուրբ Հոգին կը շարունակէ Եկեղեցւոյ մէջ ծաղկեցնել եղբայրական համաձայնութիւնն ու առաքելական թափը:

Ծառայութիւն եւ ոչ թէ հրաման

Քարոզի աւարտին, Լեւոն Պապը նշեց թէ Սիւնհոդոսականութիւնն ու համակարգչութիւնը, քրիստոնէական եղբայրութեան ձեւերն են, որոնք մեզ կը կապեն իբրեւ մկրտուածներ եւ իբրեւ եպիսկոպոսներ։

«Հետեւաբար, այն օգնութիւնը, որ կրնաք ինծի ընձեռել պետրոսեան պաշտօնի կատարման մէջ, իմ մէջս կը գտնէ մէկը, որ կը խնդրէ, եւ ոչ թէ մէկը, որ կը հրամայէ» ըսաւ Ան ընդգծելով նաեւ թէ «Գահակալութեան հեղինակութիւնը, , յատուկ է անոր, որ մտիկ կ՚ընէ եւ միայն այդպէսով կ՛ առաջնորդէ, անոր՝ որ կը սորվի եւ միայն այդպէսով կը սորվեցնէ, միշտ հետեւելով միակ Վարդապետին»։

«Սուրբ Առաքեալներ Պետրոսի եւ Պօղոսի բարեխօսութիւնը թող ընկերակցի մեզի այս խանդավառ ուղիին մէջ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/06/2026, 09:11