Լեւոն ԺԴ. Պապին պաշտօնական հանդիպումները` Պատրիարքներու, Կարդինալներու եւ եկեղեցական դիւանագէտներու հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի 30 Յունիսը Լեւոն ԺԴ. Պապին համար կը հանդիսանայ խոտ յայտագիրով օր մը, յատկապէս առաւօտեան ժամերուն երբ Ան շարք մը ունկնդրութիւններ պիտի շնորհէ Արեւելեան Եկեղեցիներու շարք մը ներկայացուցիչներու, կարդինալներու, եպիսկոպոսներու եւ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան։
Հանդիպումներու այս յաջորդականութիւնը կը վկայէ Քահանայապետին ուշադրութիւնը համամիութենական երկխօսութեան, եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութեան եւ աշխարհի տարբեր շրջաններէ եկած հովիւներու հետ միտքերու փոխանակման նկատմամբ։
Օրը կը սկսի ժամը 8:30-ին՝ Լիբանանէն ժամանած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ ունկնդրութեամբ։ Ժամը 9:00-ին Քահանայապետը կ՛ընդունի Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները` աւանդական հանդիպում մը, որ կը հաստատէ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան ընթացքը եւ ամէն տարի կը զուգադիպի Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առնթեր։
Ժամը 9:30-ին Պապը կ՛ ընդունի Ճենովայի երբեմնի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Անճելօ Պանեասքոն, իսկ ժամը 10:00-ին կը հանդիպի Մարոնի Եկեղեցւոյ Անտիոքի Ամենապատիւ Պատրիարք, կարդինալ Պեշարա Պութրոս Ռայիի հետ, որ նոյնպէս Լիբանանէն ժամանած է։
Յաջորդաբար, ժամը 10:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան Պանկիի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Տիէօտոնէ Նզափալայինկայի ունկնդրութիւնը, իսկ ժամը 11:00-ին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տենվըրի արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Ճէյմս Ռ. Կոլքայի հետ հանդիպումը։
Ժամը 11:30-ին Քահանայապետը կ՛ ողջունէ Թուրինի արքեպիսկոպոս եւ Սուսայի եպիսկոպոս, կարդինալ Ռոպերթօ Ռեփոլէն, ապա նախքան առաւօտեան հանդիպումներու աւարտը, ժամը 12:00-ին, Ան կը հանդիպի նաեւ Քահանայապետական Դիւանագիտական Ակադեմիայի (Pontificia Accademia Ecclesiastica) աւարտականներուն հետ։ Ունկնդրութեան կը մասնակցին տասներկու հոգի։
Օրակարգը անգամ մը եւս կը շեշտէ Պետրոսեան պաշտօնի միջազգային բնոյթը՝ Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն, Ափրիկէէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն եկած զրուցակիցներով, եւ կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու յարաբերութիւնները Արեւելեան Եկեղեցիներու հետ, խթանելու տիեզերական երկխօսութիւնը եւ ընկերակցելու եկեղեցւոյ դիւանագիտական անձնակազմի պատրաստութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
