Լեւոն ԺԴ. Պապը կարդինալական ժողովի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը կարդինալական ժողովի ընթացքին  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. կարդինալներուն. «Ձեր աջակցութեան պէտք ունիմ, կը խնդրեմ անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն»։

Լեւոն ԺԴ. Արտակարգ կարդինալական ժողովի բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ առաքելութեան կեդրոնը Աւետարանի հաւատարիմ հռչակումն է, իսկ հաղորդութիւնը, սիւնհոդականութիւնը, խաղաղութիւնն ու հասարակաց բարիքը միասին պիտի առաջնորդեն Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ։ Ան նաեւ կարդինալներուն կոչ ուղղեց միասին զանազանելու Սուրբ Հոգիին առաջնորդութիւնը, աջակցելու Պետրոսեան ծառայութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեամբ ամրապնդելու Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնն ու վկայութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 26 յունիսին, արտակարգ Կարդինալական ժողովի բացման նիստին, Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը կարդինալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ վերահաստատեց, որ Եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը Աւետարանի հաւատարիմ հռչակումն է։ Ան շեշտեց, թէ կարդինալներու հաւաքը կոչուած է ոչ միայն քննարկելու Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը, այլեւ միասին զանազանելու այն ուղիները, որոնցմով Եկեղեցին կրնայ աւելի արժանահաւատ կերպով ծառայել ժամանակակից աշխարհին։

Հաղորդութիւնը՝ ամենօրեայ դարձի ուղի

Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալներուն՝ իր հրաւէրին արձագանգելու համար, նշելով, որ անոնց ներկայութիւնը կը վկայէ ամբողջ Եկեղեցւոյ հանդէպ հոգածութեան եւ Տիրոջ վստահած առաքելութեան նկատմամբ ընդհանուր պատասխանատուութեան մասին։

Յիշեցնելով նախորդ կարդինալական ժողովի ընթացքին արտայայտած իր ցանկութիւնը՝ «միասին աշխատելու Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ», Լեւոն ԺԴ. ըսաւ, թէ այդ նպատակը կը շարունակէ մնալ իր առաջնահերթութիւններուն շարքին։ Ըստ անոր, հաղորդութիւնը երբեք վերջնական ձեռքբերում մը չէ, այլ ամէն օր նորոգուող ընթացք, որ կը կառուցուի աղօթքով, փոխադարձ վստահութեամբ եւ եղբայրական լսողութեամբ։

Չորս թեմաներ՝ մէկ առաքելութեան ծառայութեան մէջ

Սրբազան Քահանայապետը բացատրեց, որ կարդինալական ժողովի աշխատանքները պիտի զարգանան չորս իրարու սերտօրէն կապուած նիւթերու շուրջ։

Առաջին նիւթը կը վերաբերի աշխարհին, ուր Եկեղեցին կոչուած է Աւետարանը քարոզելու։ Պապը շեշտեց, որ իրականութիւնը պէտք է դիտել հաւատքի աչքերով եւ լսել ժողովուրդներու ձայնը, որովհետեւ Քրիստոս այսօր եւս կը շարունակէ ներկայ ըլլալ մարդկութեան պատմութեան մէջ։

«Magnifica Humanitas»՝ խաղաղութեան եւ սիրոյ քաղաքակրթութեան ուղեցոյց

Երկրորդ եւ երրորդ նիստերը պիտի նուիրուին «Magnifica Humanitas» շրջաբերականին։ Լեւոն ԺԴ. նշեց, որ ներկայ աշխարհը կը դիմագրաւէ պատերազմներ, բռնութիւն, հասարակական բեւեռացում եւ բաժանումներ, ուստի Եկեղեցին պարտաւոր է նոր լոյս սփռել խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մշակոյթին վրայ։

Պապը յատկապէս հետաքրքրութիւն յայտնեց լսելու, թէ շրջաբերականը ինչպէս կ՛ընկալուի տարբեր տեղական Եկեղեցիներուն մէջ, ինչ հարցումներ կը յառաջացնէ եւ ինչպիսի հովուական ուղիներ կը բանայ։ Ան ընդգծեց, որ շրջաբերականը կեանք կը ստանայ միայն այն ժամանակ, երբ ան գործնականօրէն կ՛ապրուի եւ կը մարմնաւորուի եկեղեցական համայնքներուն մէջ։

Հասարակաց բարիքը՝ Եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը

Անդրադառնալով երրորդ թեմային՝ Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց, որ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը կը սորվեցնէ, թէ հասարակաց բարիքը ինքնաբերաբար չի ստեղծուիր, այլ կը պահանջէ ընդհանուր պատասխանատուութիւն։

Ան ընդգծեց, որ սիւնհոդական ոճը միայն կազմակերպական եղանակ մը չէ, այլ ծառայութիւն՝ ուղղուած Աստուծոյ Արքայութեան առաքելութեան։ Այդ ոճը կը պահանջէ թափանցիկութիւն, պատասխանատուութիւն, համատեղ որոշումներու կայացում եւ բոլորին մասնակցութիւնը։

Սիւնհոդականութիւնը՝ լսելու եւ միասին որոշելու մշակոյթ

Կարդինալական ժողովի վերջին նիստը պիտի կեդրոնանայ Սիւնհոդի որոշումներու գործադրութեան վրայ։ Լեւոն ԺԴ. յստակ կերպով նշեց, որ սիւնհոդականութիւնը պարզ վարչական ընթացակարգ չէ, այլ հոգեւոր կեցուածք, որ կը հիմնուի փոխադարձ լսողութեան, զանազանման եւ համատեղ պատասխանատուութեան վրայ։

Ան նաեւ մերժեց այն մեկնաբանութիւնը, թէ սիւնհոդականութիւնը կը նուազեցնէ եկեղեցական իշխանութիւնը։ Ըստ անոր, իսկական իշխանութիւնը կը ծառայէ հաղորդակցութեան պահպանման, բոլորին մասնակցութեան խթանման եւ Եկեղեցւոյ միասնական ընթացքին։

Առաքելութիւնը՝ Եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառը

Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց, որ քննարկուող բոլոր նիւթերը կը միանան մէկ հիմնական հարցի շուրջ. ինչպէ՞ս կարելի է օգնել տեղական Եկեղեցիներուն աւելի հաւատարիմ, ազատ եւ արժանահաւատ կերպով հռչակելու Աւետարանը։

«Առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ բազմաթիւ գործերէն մէկը չէ, այլ անոր գոյութեան հիմնական պատճառը», ընդգծեց Պապը՝ աւելցնելով, որ Սուրբ Հոգիին գործը տարբեր Եկեղեցիներուն մէջ ճանաչելը կը դարձնէ համայնքը աւելի ընդունակ՝ հանդիպելու մեր ժամանակի մարդոց եւ փոխանցելու Աւետարանի ուրախութիւնը։

Կարդինալներուն ուղղուած անձնական կոչ

Խօսքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը անձնական դիմում ուղղեց կարդինալներուն՝ խնդրելով իրենց փորձառութիւնը, հովուական իմաստութիւնը եւ անկեղծ խորհուրդները։

«Ինծի պէտք է ձեր աջակցութիւնը՝ ուժեղ, բացայայտ եւ հրապարակային։ Պէտք ունիմ զգալու, որ դուք ինծի հետ էք որպէս եղբայրներ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ Պետրոսեան ծառայութիւնը չի կրնար ապրիլ մեկուսացած կերպով։

Միասին սորվիլ սիւնհոդականութիւնը

Աւարտելով իր խօսքը՝ Լեւոն ԺԴ. կարդինալները քաջալերեց վստահութեամբ մասնակցելու խմբային աշխատանքներուն՝ ընդունելով զանոնք որպէս եկեղեցական նոր փորձառութիւն։

«Մենք սիւնհոդականութիւնը կը սորվինք՝ զայն ապրելով», ըսաւ ան՝ յանձնարարելով կարդինալական ժողովի աշխատանքները Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան եւ աղօթելով, որպէսզի բոլոր մասնակիցները միասին գտնեն այն ճանապարհը, որ ամենէն աւելի կը ծառայէ Աւետարանին եւ Աստուծոյ ժողովուրդի բարիքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/06/2026, 10:52