Լեւոն ԺԴ. Պապը նամակով դիմեց Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայական եղբայրակցութեան՝ կոչ ուղղելով պահպանել եկեղեցական միութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 29 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հայրական ոճով նամակ մը յղած է Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայական եղբայրակցութեան ընդհանուր Մեծաւոր, Հայր Տաւիթ Փալիարանիին՝ դիմելով նաեւ եղբայրակցութեան եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նորընծաներուն եւ հաւատացեալներուն։
Նամակին Քահանայապետը յայտնեց, թէ կը գնահատէ եղբայրակցութեան անդամներուն կողմէ ցուցաբերուած նուիրումը աւանդական ծէսին, քահանայական կազմաւորման, առաքելական ծառայութեան եւ Եկեղեցւոյ աւանդութեան հանդէպ հաւատարմութեան։ Ան յիշեցուց, որ այդ արժէքները պատճառ դարձած են, որպէսզի իր նախորդները մշտապէս վերաբերին անոնց ուշադրութեամբ եւ բարեացակամութեամբ։
Միաժամանակ, Լեւոն ԺԴ. խոր մտահոգութիւն յայտնեց եղբայրակցութեան ներկայ ընթացքին առնչութեամբ՝ սրտագին կոչ ուղղելով հրաժարելու որեւէ քայլէ, որ կրնայ յանգեցնել եկեղեցական բաժանման։ Ան շեշտեց, թէ նման բաժանումը ծանր վնաս պիտի հասցնէ հաւատացեալներուն, զրկելով զանոնք Սուրբ Խորհուրդներու օրինական, իսկ որոշ պարագաներու նաեւ վաւեր ընդունումէն, որոնք անոնք կը փափաքին իրենց սրբացման համար։
Քահանայապետը վերահաստատեց, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին պատրաստ է շարունակելու երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման ճանապարհը՝ վստահելով, որ Սուրբ Հոգին կրնայ այդ ընթացքը դարձնել պտղաբեր եւ յանգեցնել լիակատար հաղորդութեան։
Նամակի աւարտին Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց, որ «Քրիստոսի անկար պատմուճանը պատռելը ծայրայեղ ծանր մեղք է», աղօթեց, որպէսզի Տէրը լուսաւորէ անոնց խիղճը եւ արթնցնէ սիրտերը, ապա իր հովուական իշխանութեամբ խնդրեց հրաժարիլ բաժանարար մտադրութենէն։ Ան իր այս աղերսը վստահեցուց նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Բարի Խորհուրդի Մօր բարեխօսութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
