2024.07.09 MONS RUIZ

Լեւոն ԺԴ. Պապը նոր նշանակումներ կատարեց Վատիկանի երեք վերատեսչութիւններուն մէջ

Լեւոն ԺԴ. Պապը նոր նշանակումներ կատարեց Աւետարանչութեան Վերատեսչութեան, Բարեսիրական ծառայութեան Վերատեսչութեան եւ Օրէնսդրական գիրքերուՎերատեսչութեան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը նոր նշանակումներ կատարեց Աւետարանչութեան Վերատեսչութեան, Բարեսիրական ծառայութեան Վերատեսչութեան եւ Օրէնսդրական գիրքերուՎերատեսչութեան մէջ։

Աւետարանչութեան Վերատեսչութեան՝ Առաջին Աւետարանչութեան եւ Նոր տեղական եկեղեցիներու բաժինի անդամներ նշանակուեցան կարդինալներ Թոմաս Աքուինօ Մանիօ Մայետան (Ճափոն), Ֆրիտոլին Ամբոնկօ Պեսունկուն (Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն), Ժան-Մարք Ավելինը (Ֆրանսա) եւ Ֆրանք Լէոն (Գանատա)։ Անոնց կը միանան նաեւ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ Ալֆրէտ Ատեվալէ Մարթինսը, Անճելօ Վինչենցօ Ձանին, Փաոլօ Ճուլիեթթին, Էնտրու Նքեա Ֆուանիան, Փիթըր Սուն-Թայք Չունկը, Միշէլ Ժալախը, Փաուլուս Պուտի Քլետէնը, Օսքար Ռոպերթօ Տոմինկէս Քութոլենքը, Էլիաս Ֆրանքը, Տանիէլ Էռնէսթ Ֆլորեսը, Լիսանտրօ Ալիրիօ Ռիւաս Տուրանը, ինչպէս նաեւ գերապայծառ. Ռոժէ Ժոզէֆ Լենտրին եւ Հայր Ֆրանչեսքօ Ռափաչիոլին։

Պապը նոյն բաժինի խորհրդատուներ նշանակեց արքեպիսկոպոսներ Տաւիտէ Քարպոնարոն եւ Ֆրանսուա Սիլլան, Մոնս. Ռեմիճիօ Պելլիցիոն, ինչպէս նաեւ Հայր Ժոզէֆ Քունամպարամփիլն ու Հայր Վենցեսլաուս Ս. Մատուն։

Բարեգործական ծառայութեան Վերատեսչութեան քարտուղար նշանակուեցաւ Գերապայծառ Լուչիօ Ատրիան Ռուիսը, որ մինչ այժմ կը ծառայէր իբրեւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան քարտուղար։ Վերատեսչութեան ենթաքարտուղար նշանակուեցաւ դոկտ. Մասիմօ Ռալլին, որ մինչ այժմ կը պաշտօնավարէր նոյն վերատեսչութեան մէջ։ Երկու նշանակումներն ալ ուժի մէջ պիտի մտնեն 2026 թուականի սեպտեմբեր 1-ին։

Միաժամանակ, Լեւոն ԺԴ. Պապը Օրէնսդրական գիրքերու Վերատեսչութեան քարտուղար նշանակեց գերապայծառ Մարքօ Մելլինոն, որ մինչ այժմ կը զբաղեցնէր նոյն վերատեսչութեան լրացուցիչ քարտուղարի պաշտօնը։

Այս նշանակումները կը հաստատեն Սրբազան Քահանայապետին կամքը՝ Վատիկանի վերատեսչութիւններու ղեկավար կազմը հարստացնելու տարբեր աշխարհամասերէ եւ մշակոյթներէ եկող փորձառու եկեղեցականներով՝ ի սպաս Եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութեան, բարեսիրական ծառայութեան եւ եկեղեցական կառավարման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/06/2026, 12:10