Լեւոն ԺԴ. իր մօտիկութիւնը յայտնեց երկրաշարժէն տուժած Վենեզուելայի ժողովուրդին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, 28 յունիսին, կէսօրին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Կիրակնօրեայ Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնեց Վենեզուելայի ժողովուրդին, որ վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժերուն հետեւանքով մարդկային կորուստներ, վիրաւորներ եւ ծանր նիւթական վնասներ կրեց։
Սրբազան Հայրը աղօթեց զոհուածներուն հոգիներու հանգստութեան համար, մխիթարութիւն մաղթեց անոնց ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ աղէտէն տուժած բոլոր անձերուն, միաժամանակ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով որոնողական ու օգնութեան աշխատանքներուն մէջ նուիրումով ծառայողներուն։
«Կը փափաքիմ իմ մօտիկութիւնս յայտնել Վենեզուելայի այն քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժերուն հետեւանքով մեծապէս տուժած են՝ կրելով բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ եւ ծանր նիւթական վնասներ։ Մինչ Տիրոջմէ կը խնդրեմ զոհուածներուն յաւիտենական հանգիստը, կը վերահաստատեմ իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս անոնց ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ այս ողբերգութենէն ազդուած բոլոր անձերուն, միաժամանակ երախտագիտութիւնս եւ քաջալերանքս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք մեծանձնութեամբ կը մասնակցին որոնողական եւ օգնութեան աշխատանքներուն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սպաներէն լեզուով արտասանած խօսքին մէջ։
Ան ապա Իտալերէն լեզուով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած Հռոմի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած ուխտաւորները, յատկապէս Քամերունի Քումբայի թեմի հաւատացեալները, Քամիլեան երիտասարդ կրօնաւորները, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ տարբեր ծուխերէ եւ երիտասարդական խումբերէ ժամանած հաւատացեալները։
Վերջաւորութեան Լեւոն ԺԴ. բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ հրաւիրեց հաւատացեալները մասնակցելու յաջորդ օրուան Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնակատարութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
