Լեւոն ԺԴ.․ «Աստուած մեզի կը վստահի, որպէսզի յայտնուի Իր զօրութիւնը, որ չարը բարիի կը վերածէ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով, երկուշաբթի, 29 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Առաքելական պալատին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքը եւ կատարեց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը՝ յիշեցնելով, որ Հռոմի երկու հովանաւոր սուրբերը կը մարմնաւորեն այն սկզբնական կապը, որ հաւատքի եւ սիրոյ հաղորդութեամբ կը միացնէ Հռոմի Եկեղեցին աշխարհի բոլոր տեղական եկեղեցիներուն։
Պետրոսի եւ Պօղոսի նահատակութիւնը՝ Աւետարանի կենդանի կնիքը
Քահանայապետը շեշտեց, թէ Պետրոսի եւ Պօղոսի վկայութիւնը, որ կնքուած է անոնց նահատակութեամբ, կը հանդիսանայ Նոր Կտակարանի կենդանի կնիքը։ Անոնց թափած արիւնը Հռոմի մէջ կը վկայէ Աստուծոյ այն անսահման սիրոյ մասին, զոր Քրիստոս մարդկութեան պարգեւեց։ Այդ իսկ պատճառով Աւետարանը արմատաւորուեցաւ կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ՝ բացայայտելով իր նորոգիչ ուժը, որ կը յայտնէ Աստուծոյ ճշմարիտ ճանաչողութիւնը, մարդկային անձի անսահման արժանապատուութիւնը եւ իշխանութեան նոր ըմբռնում մը՝ հիմնուած ոչ թէ տիրապետութեան, այլ ծառայութեան վրայ։
Քրիստոսի առաքելութիւնը կը շարունակուի իր վկաներուն միջոցաւ
Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, որ այսօր եւս Յարուցեալ Քրիստոս կը շարունակէ ներկայ ըլլալ իր վկաներուն միջոցաւ։ Ան կը հասնի թէ՛ աշխարհի կեդրոնները եւ թէ՛ հեռաւոր ծայրամասերը՝ անոնց ձայնով, դէմքով եւ քաջարի ընտրութիւններով, որոնք պատասխանած են իր կոչին. «Հետեւէ՛ ինծի»։ Այս առումով Պետրոսի եւ Պօղոսի առաքելութիւնը կը շարունակէ Յիսուսի իսկ առաքելութիւնը։ Աստուած կը վստահի ներուած մեղաւորներուն՝ որպէսզի անոնց կեանքին մէջ փայլի իր շնորհքը եւ իր զօրութիւնը չարը բարիի վերածէ։
Բազմազանութիւնը՝ Սուրբ Հոգիին շնորհիւ՝ միութեան աղբիւր
Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ երկու առաքեալներու տարբերութիւններուն՝ նշելով, որ անոնք տարբեր էին իրենց ծագումով, կրթութեամբ եւ բնաւորութեամբ, իսկ այդ տարբերութիւնները չանհետացան նոյնիսկ Քրիստոսի կողմէ կոչուելէ ետք։ Սակայն Սուրբ Հոգին այդ բազմազանութիւնը վերածեց միութեան։ Պետրոսն ու Պօղոսը հակառակորդներ չեղան, այլ դարձան այն բազմազանութեան խորհրդանիշը, որ Եկեղեցւոյ մէջ կը միաւորուի նոյն Հոգիին ներգործութեամբ։
Ծառայութիւն, միութիւն եւ հաշտեցում՝ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը
Լեւոն ԺԴ. շեշտեց, որ Հռոմի հովանաւոր սուրբերը իրենց կեանքով ապրեցան հաղորդութեան դժուար ճանապարհը, ծառայեցան անոր եւ հռչակեցին զայն որպէս աստուածային կեանքի խորհուրդ։ Անոնց վկայութիւնը նպաստեց, որ քրիստոնէական ներկայութիւնը պատմութեան ընթացքին չըլլայ տիրապետութեան ձգտում, այլ ծառայութեան, միութեան եւ հաշտեցման առաքելութիւն։
Կոչ՝ պահպանելու եկեղեցական հաղորդութիւնն ու երկխօսութիւնը
Իր խօսքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը աղօթեց, որպէսզի Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի բարեխօսութեամբ Եկեղեցին աւելի խորապէս գնահատէ իր կաթողիկէ բնոյթը, ծառայէ ժողովուրդներու եղբայրական մերձեցման, պահպանէ եկեղեցական հաղորդութիւնը, յարատեւէ քրիստոնէական միութեան ճանապարհին եւ բոլորին հետ շարունակէ անկեղծ ու յարգալից երկխօսութիւնը։
Առաքեալներու Թագուհիին բարեխօսութեան վստահուած աղօթքը
Վերջապէս, ան իր աղօթքը վստահեցաւ Աստուածամօր՝ Առաքեալներու Թագուհիին բարեխօսութեան, խնդրելով, որ ան միշտ պահպանէ Աստուծոյ ժողովուրդը՝ թէ՛ Հռոմի մէջ եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.