Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ Եկեղեցւոյ միութիւնը կը կառուցուի ճշմարտութեամբ եւ սիրով

Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով հրաւիրեց հաւատացեալները հետեւելու երկու առաքեալներու օրինակին՝ դառնալով միութեան կերտողներ, ճշմարտութեան եւ սիրոյ ծառայողներ, ընդգծելով, որ Եկեղեցւոյ իսկական հաղորդութիւնը կը կառուցուի խոնարհութեամբ, ապաշխարութեամբ եւ Աստուծոյ Խօսքին փոխակերպող զօրութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 29 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, Լեւոն ԺԴ. Պապը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը, որուն մասնակցեցան կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասերը, ինչպէս նաեւ տարուան ընթացքին նոր նշանակուած արքեպիսկոպոս-մետրոպոլիտները, որոնք արարողութեան ընթացքին Քահանայապետի ձեռքէն ընդունեցան պալիումը (եմիփորոնը), որ կը խորհրդանշէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը։

Պետրոս եւ Պօղոս՝ Եկեղեցւոյ երկու հիմնասիւները

Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները վերագտնելու Եկեղեցւոյ միութեան եւ աւետարանչական առաքելութեան խոր իմաստը՝ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու վկայութեան լոյսին տակ։ Ան նշեց, թէ երկու սուրբերը Եկեղեցւոյ երկու հիմնասիւներն են. Պետրոսը՝ որպէս հաւատքի եւ հաղորդութեան պահապան, իսկ Պօղոսը՝ որպէս ազգերու առաքեալ եւ Աւետարանի անխոնջ քարոզիչ։

Պետրոսի իշխանութիւնը ծառայութիւն է

Քահանայապետը առանձնապէս կեդրոնացաւ Պետրոսի առաքելութեան վրայ՝ շեշտելով, որ ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ձգտեց պահպանել եկեղեցական միութիւնը՝ ունկնդրելով եղբայրներուն, զանոնք համախմբելով եւ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ վճիռներ կայացնելով։ Պետրոսի ձեռքին յանձնուած բանալիները, ըստ Պապին, իշխանութեան խորհրդանիշ չեն, այլ ծառայութեան. անոնք կը բանան դռները, կը վերացնեն բաժանումները եւ բազմաթիւ սենեակներէ կը կազմեն մէկ տուն։ Նոյնպէս ալ Եկեղեցւոյ մէջ իսկական հաղորդութիւնը կը կառուցուի ոչ թէ կեցուածքներու կարծրացումով, այլ ճշմարտութեան մէջ հանդիպման կէտեր որոնելով։

Սխալներ, ապաշխարութիւն եւ հաւատարմութիւն

«Սակայն այս մեծահոգութիւնը չի նշանակեր, թէ Պետրոս անթերի էր։ Չարչարանքներուն ընթացքին ան ուրացաւ իր Վարդապետը, ապա անկեղծ ապաշխարութեան արցունքներով լաց եղաւ (Ղկ 22.54-62)։ Իսկ Պօղոսն ալ, այլ պարագաներու մէջ, անոր նկատողութիւն ըրաւ իր կարգ մը վարքագիծերուն անհետեւողականութեան համար (տե՛ս Գաղ. 2.11-14)։ Բայց Պետրոս գիտէր ընդունիլ իր սխալները եւ զղջալ՝ առանց յուսահատելու ու առանց շեղելու Աւետարանը քարոզելու եւ Քրիստոսի հօտը համախմբելու իր առաքելութենէն, մինչեւ իսկ նահատակութիւնը, զոր կրեց այստեղ՝ Հռոմի մէջ, այն վայրէն ոչ հեռու, ուր այժմ կը գտնուինք»։

Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, որ Պետրոսի օրինակը կը վերաբերի ոչ միայն անոր յաջորդներուն, այլեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, որ կոչուած է ըլլալ միութեան շինարար՝ Աստուած իր կեանքի կեդրոնը դարձնելով եւ եղբայրներուն կարիքներուն նկատմամբ զգօն ու մօտիկ մնալով։

Սաւուղէն՝ խաղաղութեան պատգամաբեր Պօղոս

Խօսելով Սուրբ Պօղոսի մասին՝ Պապը յիշեցուց, որ Աստուծոյ Խօսքը արմատապէս փոխակերպեց հալածիչ Սաւուղը՝ զինք դարձնելով խաղաղութեան պատգամաբեր եւ Աւետարանի ամենէն եռանդուն քարոզիչներէն մէկը։ Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը մէջբերելով՝ ան շեշտեց, որ Աստուած Եկեղեցւոյ հալածիչը վերածեց խաղաղութեան դեսպանի՝ իր ողորմութեամբ եւ շնորհքով։

«Սուրբ Օգոստինոս, մեկնաբանելով անոր դարձն ու առաքելութիւնը, կ՛ըսէր. «Երբ Դամասկոս կ՛երթար՝ սիրտը լեցուն սպառնալիքներով եւ կոտորածի մոլեգնութեամբ, երկնային ձայնը իր անունով կանչեց եւ զայն գետին տապալեց (տե՛ս Գրծ. 9.1-7), այսինքն՝ այն Բանը, որ զինք կը կանչէր»։ Եւ կը շարունակէ. «Աստուած Եկեղեցւոյ հալածիչը վերցուց եւ զայն խաղաղութեան պատգամաբեր դարձուց։ Անոր ներէց բոլոր մեղքերը եւ զայն հաստատեց այնպիսի ծառայութեան մը մէջ, ուր ինք պիտի կարենար ուրիշներուն մեղքերու թողութեան ծառայել»։

Պալիումը՝ հովուական ծառայութեան նշան

Քարոզի աւարտին, անդրադառնալով նոր մետրոպոլիտ արքեպիսկոպոսներուն պալիումներու յանձնման աւանդական արարողութեան, Սրբազան Քահանայապետը բացատրեց, թէ այդ սպիտակ բրդեայ գօտիները խորհրդանշական յիշեցում են, որ հովիւները կոչուած են իրենց ուսերուն վրայ կրել իրենց վստահուած ժողովուրդը եւ անձնուէր կերպով ծառայել անոնց՝ մինչեւ իսկ սեփական կեանքը զոհաբերելու պատրաստակամութեամբ։

«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր մեզի համար կարեւոր է հայեացք նետել այս երկու սուրբերուն՝ Պետրոսին եւ Պօղոսին, որպէսզի սորվինք, թէ ինչպէ՛ս մենք ալ կրնանք ըլլալ առաքեալներ, միութեան կերտողներ եւ սիրոյ մէջ ճշմարտութեան անձնուէր սպասաւորներ։ Այս հոգիով ալ այժմ կը պատրաստուինք ապրելու մետրոպոլիտ արքեպիսկոպոսներուն պալիումներու յանձնման հին եւ խորհրդանշական արարողութիւնը։ Այս սպիտակ բրդեայ, խաչերով զարդարուած գօտիները կը խորհրդանշեն իւրաքանչիւր հովիւի, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի յանձնառութիւնը՝ իր վստահուած եղբայրներն ու քոյրերը, Տիրոջ հօտի գառնուկներու նման, իր ուսերուն վրայ կրելու եւ անոնց համար զոհաբերելու իր ուժերը, ժամանակը, աշխատանքը եւ նոյնիսկ կեանքը, որպէսզի Աւետարանը հասնի բոլորին, եւ ամբողջ աշխարհը անոր մէջ գտնէ ներդաշնակութիւն եւ համերաշխութիւն (տե՛ս Բ. Վատիկանի Տիեզերական Ժողով, Gaudium et Spes, 38)։

Յանձնառութիւն՝ քրիստոնէական միութեան ճանապարհին

Լեւոն ԺԴ. նաեւ ջերմ ողջոյն ուղղեց Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ Հռոմ ժամանած պատուիրակութեան անդամներուն՝ վերահաստատելով կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութեան ճանապարհով շարունակելու իր յանձնառութիւնը։

Աղօթք՝ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ յոյսի համար

Աւարտելով իր քարոզը՝ քահանայապետը հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները աղօթելու Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի բարեխօսութեան ապաւինելով, որպէսզի ամբողջ Եկեղեցին հաստատուն մնայ Քրիստոսի կամեցած միութեան ուղիին վրայ եւ իր վկայութեամբ աշխարհին պարգեւէ համերաշխութիւն, խաղաղութիւն եւ յոյս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

29/06/2026, 10:42