2026.06.26 Concistoro straordinario - Aula Paolo VI - Lavori di gruppo

Քոնչիսթորօ. Աշխատանքներու մեկնարկ՝ 178 կարդինալներով. Առաջին օրուայ աշխատանքներուն ամփոփումը

Քննարկումներէն ի յայտ եկաւ խոր մտահոգութիւններով ու դժուարութիւններով լեցուն պատկեր մը. ընկերային փոխակերպումներ, աճող բեւեռացում, քաղաքական լարուածութիւններ, բռնութիւն, պատերազմներ եւ ապատեղեկատուութեան տարածում։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յունիս 26-ին սկսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ հրաւիրուած Արտակարգ Քոնչիսթորոն (Կարդինալական հաւաքը)՝ ամբողջ աշխարհէն ժամանած 178 կարդինալներու մասնակցութեամբ։

Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագէն ետք, աշխատանքները շարունակուեցան Պօղոս Զ. սրահին մէջ, ուր Պապը արտասանեց իր ներածական ելոյթը՝ ծիրանաւորներէն խնդրելով աջակցութիւն, անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ զատորոշման գործընթացին մէջ։

Առաջին նիստը, որ նուիրուած էր «Ինչպիսի՞ աշխարհի մէջ կոչուած ենք Քարոզելու Աւետարանը» թեմային, սկսաւ Կարդինալ Կժեկոժ Ռիսի (Grzegorz Ryś) աստուածաշնչական խորհրդածութեամբ եւ ընթացաւ աշխատանքային խումբերու նիստերով։

Քննարկումներէն ի յայտ եկաւ խոր մտահոգութիւններով ու դժուարութիւններով լեցուն պատկեր մը. ընկերային փոխակերպումներ, աճող բեւեռացում, քաղաքական լարուածութիւններ, բռնութիւն, պատերազմներ եւ ապատեղեկատուութեան տարածում։

Կարդինալները նաեւ ընդգծեցին կրօնական ու ցեղային փոքրամասնութիւններու հանդէպ յարգանքի պակասը, տարբեր երկիրներու մէջ Եկեղեցւոյ դէմ ցուցաբերուող թշնամանքը եւ հակասեմականութեան վերածնունդին գծով մտահոգութիւնները։

Լայն տեղ յատկացուեցաւ նաեւ ընկերային մարտահրաւէրներուն. անհատապաշտութիւն, ընտանիքի տագնապ, տարեցներու եւ երիտասարդներու մենութիւն, անձնասպանութիւններու ու կախուածութիւններու աճ, անվստահութիւն հաստատութիւններու հանդէպ, ծնելիութեան նուազում, յանցագործութիւն, գաղթականութիւն, բնապահպանական տագնապ եւ փտածութիւն։

Այս իրականութիւններու դիմաց, կարդինալները վերահաստատեցին, որ Եկեղեցին կոչուած է ըլլալու հիւրընկալ մայր մը՝ ընդունակ համայնք ստեղծելու, հաշտութիւն յառաջ մղելու, պաշտպանելու մարդկային արժանապատուութիւնն ու ընդհանուր բարիքը։ Ընդգծուեցաւ սինոդականութեան, բարեգործութեան, դաստիարակութեան, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութեան, քրիստոնէական համայնքներու վկայութեան եւ աղօթքի կարեւորութիւնը՝ որպէս խաղաղութեան ու յոյսի գործիքներ։

Նիստի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը դարձեալ խօսք առաւ՝ յիշեցնելով Կարդինալ Ռիսի կողմէ առաջարկուած վիրաւոր մարդու աւետարանական պատկերը։ Քահանայապետը նշեց, որ առանձնութիւնն ու տառապանքը մեր ժամանակի մեծագոյն մարտահրաւէրներէն են, եւ վերահաստատեց, որ Եկեղեցւոյ պատասխանը կը կայանայ հաղորդութիւն կառուցելու մէջ՝ ոչ միայն խորհուրդներու միջոցաւ, այլեւ մարդոց միջեւ հանդիպման իրական առիթներ ստեղծելով։

Երկրորդ նիստը

Յետմիջօրէի նիստը բացուեցաւ Վենեզուելայի տագնապին եւ վերջերս պատահած երկրաշարժի զոհերուն յիշատակումով։ Կեդրոնական թեման էր՝ «Զօրութեան մշակոյթը եւ սիրոյ քաղաքակրթութիւնը»՝ ներշնչուած Magnifica humanitas շրջաբերականի Ե. գլուխէն։

Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտեսի ներածական խօսքէն ետք, կարդինալները աշխատեցան խմբային բաժանումներով , իսկ աւելի ուշ իրենց մտածումները բաժնեկցեցան լիագումար նիստին ընթացքին՝ Լեւոն Պապի ներկայութեամբ։

Աշխատանքներէն յայտնի դարձաւ խոր մտահոգութիւն մը՝ «զօրութեան մշակոյթի» տարածման վերաբերեալ, որ կը սնուցանէ պատերազմ, բռնութիւն, բեւեռացում եւ ապամարդկայնացում։

Կարդինալները վերահաստատեցին «սիրոյ քաղաքակրթութիւն» մը կերտելու հրատապութիւնը, որ հիմնուած է խաղաղութեան, հաշտութեան, ներողամտութեան, վերականգնողական արդարութեան եւ այնպիսի լեզուի մը վրայ, որ ընդունակ է իւրաքանչիւր անհատ ճանչնալու որպէս եղբայր եւ քոյր։

Քննարկուած գլխաւոր թեմաներուն շարքին էին՝

  • Եկեղեցւոյ վստահելի եւ միասնական վկայութեան անհրաժեշտութիւնը՝ բոլոր քրիստոնեաներուն հետ միասին.

  • Երկխօսութիւնը այլ կրօններու, յատկապէս իսլամութեան հետ.

  • Միջազգային հաստատութիւններու եւ իւրաքանչիւր անհատի ներգրաւումը խաղաղութեան յառաջմղման գործին մէջ.

  • Քրիստոսի հանդէպ հաւատքին եւ Աւետարանին կեդրոնականութիւնը՝ որպէս աշխարհը փոխակերպելու ընդունակ ուժ.

  • Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան արժէքը եւ առաքելական նուիրակներուն դերը.

  • Ընտանիքին եւ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ խաղաղութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ։

Շատ մը ելոյթներ ընդգծեցին «արդար պատերազմի» տեսութիւնը յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը՝ նախընտրելով խօսիլ համաչափ պաշտպանութեան իրաւունքի մասին, որ համահունչ է աւետարանական պատգամին։

Կարդինալները նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Լեւոն Պապին՝ շրջաբերականին համար, եւ իրենց լիակատար աջակցութիւնը յայտնեցին անոր խաղաղութեան կոչին ու պատերազմի դատապարտման։ Շեշտուեցաւ նաեւ Պետրոսեան առաքելութեան (ministero petrino) արժէքը՝ որպէս քաղաքական ուժերէ Եկեղեցւոյ անկախութեան երաշխիք, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան խորհրդանշական արարքներու պահանջքը՝ յիշեցնելով 1986-ի Ասսիզիի միջկրօնական հանդիպման օրինակը։

Նիստը փակուեցաւ անձնական քանի մը ելոյթներով, որոնք վերահաստատեցին Կարդինալական դասի պատասխանատուութիւնը խաղաղութեան յառաջմղման գործին մէջ եւ այլ կրօններու առաջնորդներուն հետ համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը։ Ի վերջոյ, Լեւոն Պապ առաջնորդեց փակման աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/06/2026, 06:02