2026.07.05 Angelus

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Քրիստոսի Խաչը ազատութեան եւ յոյսի դպրոց է»

«Խաչը, թէեւ բեռ է, դիւրատար կը դառնայ, որովհետեւ Քրիստոս զայն մեզի հետ միասին կը կրէ եւ երբեք մեզ մենակ չի թողուր դժուարութիւններուն մէջ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 4 Յուլիս 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ըստ սովորութեան ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը մեկնացնելով օրուան Աւետարանական հատուածը որ քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանէն (11,25-30) որուն մէջ Յիսուս կը փառաբանէ Հայրը, որովհետեւ Ան Ինքզինք կը յայտնէ պզտիկներուն ու խոնարհներուն, մինչդեռ անոնք, որոնք միայն իրենց իմաստութեան կը վստահին, կրնան չճանչնալ Անոր ներկայութիւնը։

Ինծի եկէք, դուք ամէնքդ՝ յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ

«Աստուծոյ ճշմարիտ իմաստութիւնը՝ կը յայտնուի մարմնի խոնարհութեան մէջ, եւ Անոր ուսուցումը կ՚ուղղուի անոնց, որոնք աւելի կը տառապին. «Ինծի եկէք, դուք ամէնքդ՝ յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ» (հմմտ. 28), կը սահմանէ Տէրը։ Յիսուսին երթալ կը նշանակէ պատասխանել Անոր սիրոյն եւ բաժնեկից դառնալ Անոր կեանքին մինչեւ խաչը, ինչպէս Ինքն իսկ բացատրեց մեզի. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ, իր խաչը առնէ եւ իմ ետեւէս գայ» (Մտ 16, 24)» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով թէ «Խաչը, թէեւ բեռ է, դիւրատար կը դառնայ, որովհետեւ Քրիստոս զայն մեզի հետ միասին կը կրէ եւ երբեք մեզ մենակ չի թողուր դժուարութիւններուն մէջ»։

Յիսուսի խաչին մէջ է, որ չարիքը կը փրկագործուի

«Յիսուսի հետեւելով մեր ուղեւորութիւնը ինքնախոշտանգում մը չէ, անիկա ազատութեան դպրոց է որ լուրջի կ՛առնէ պատմութեան ողբերգութիւնը ու կը լուսաւորէ անոր իմաստը, յատկապէս ամենախաւար պահերուն։ Արդարեւ, միայն Յիսուսի խաչին մէջ է, որ չարիքը կը փրկագործուի. միայն Անոր չարչարանքներուն մէջ մեր մահացու յոգնութիւնը կը գտնէ մխիթարութիւն եւ ազատագրում» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ «Քրիստոս ազատագրութիւն է ստրկութեան մէջ, յոյս՝ պատերազմի մէջ եւ թողութիւն՝ մեղքի մէջ»։

Շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջ` սիրով լեցուն վստահութեան համար

Ասիկա այն ճշմարիտ յոյսի ճանապարհն է, որուն վրայ հաւատացեալները կոչուած են քալելու միասին՝ որպէս աշակերտներ: Յիսուս զայն մեզի կը սորվեցնէ իբրեւ Որդի՝ դառնալով մեր եղբայրը. Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, Ինքն իսկ Եկեղեցիին կը յայտնէ Աստուծոյ եւ մարդուն ճշմարտութիւնը, որովհետեւ «ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ եթէ ոչ Որդին, եւ ան՝ որուն Որդին կ՚ուզէ յայտնել» (հմմտ. 27)» ըսաւ ապա Լեւոն Պապը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջ` սիրով լեցուն այս վստահութեան համար, ապա հայցելու Մարիամին` Խաղաղութեան Թագուհիին բարեխօսութիւնը՝ Եկեղեցւոյ եւ համայն աշխարհի բարօրութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/07/2026, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >