2026.07.12 Angelus

Լեւոն ԺԴ. Քասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն «Աստուած երբեք չի դադրիր սերմանելէ, որովհետեւ իր սիրոյն զօրութիւնը կը գերազանցէ մեր տկարութիւնները»

«Որքան մեր աշխարհը այսօր կարիքը ունի այս պտուղներուն» հարց տուաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ ու խրախուսեց «յանձնառու ըլլալ յատկապէս այս արձակուրդի օրերուն, տեղ տալու Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան, ընթերցանութեան եւ խոկումին, հանգիստի եւ առողջ ժամանցին հետ մշակելով, նաեւ լռութեան ու աղօթքի իմաստալից պահեր»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը` որ անցեալ օրերուն Հռոմէն փոխադրուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց, Կիրակի 12 Յուլիս 2026-ի կէսօրին Քահանայապետական ամարանոցի մուտքին գտնուող Քասթել Կանտոլֆօ աւանի ազատութեան հրապարակին վրայ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ի ներկայութեան տեղական հաւատացեալներուն եւ այլ վայրերէն ժամանած բազմահազար ուխտաւորներուն եւ այս առիթով իր ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին վրայ որ քաղուած էր Մատթէոս Աւետարանէն` (Գլ. 13,1-23), որուն մէջ աւետարանիչը կը ներկայացնէ Յիսուսին պատմած սերմնացանի առակը «որով կը նկարագրուի այն վեհանձնութիւնն ու վստահութիւնը որով Աստուած իր Խօսքը կը սերմանէ մեր սրտերուն մէջ եւ իր զօրութիւնը մեր մէջ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը իր ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը։

Խօսքի սերմը եւ սրտին հողը

Ան ապա բացատրեց որ Յիսուս այն սերմն է, զոր Հայրը կը շարունակէ սփռել աշխարհի մէջ՝ պտղաբերելու համար։ Թէեւ այս սերմը յաճախ մեր մէջ կը հանդիպի դժուար (կարծր, ցրուած կամ քարքարուտ) հողի, սակայն կան պահեր, երբ ան կը գտնէ ընկալունակ սիրտ մը, որ ընդունակ է յառաջացնելու կեանքը փոխակերպող սիրոյ հրաշքներ։ Աստուած երբեք չի դադրիր սերմանելէ, որովհետեւ իր սիրոյն զօրութիւնը կը գերազանցէ մեր բոլոր տկարութիւնները։

Սրբազան Պապը առ այդ մատնանշեց Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի խօսքերուն որոնցմով ան կը բացատրէ, թէ՝ ի տարբերութիւն երկրագործութեան, արդար է Աստուծոյ Խօսքը սերմանել նոյնիսկ ամենադժուար սրտերուն մէջ։ Արդարեւ, Աստուծոյ ներգործութեամբ, կարծր, մակերեսային կամ մտահոգութիւններով խեղդուած սիրտ մը կրնայ վերածուիլ արգաւանդ հողի, որ ընդունակ է ընկալելու եւ պտղաբեր դարձնելու Խօսքը։

Աստուած մեր մէջ կը տեսնէ բարիքի հնարաւորութիւններ

«Աստուծոյ առատաձեռնութիւնը մեր հանդէպ միամիտ չէ, այլ՝ իմաստուն, եւ գիտէ մեր մէջ տեսնել բարիքի այնպիսի հնարաւորութիւն մը, որուն մասին երբեմն մենք իսկ չենք անդրադառնար։ Ասոր համար է, որ Տէրը, որ լաւապէս կը ճանչնայ մեր սրտին հողը՝ աւելի լաւ, քան ինչպէս մենք զայն կը ճանչնանք, չի դադրիր հաւատալէ մեզի, այն բանին, ինչ որ ենք եւ այն ամէնուն, ինչ որ կրնանք դառնալ օրէ օր, եթէ հաւատքով մենք մեզ Իրեն յանձնենք» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ «այն ձրիութենէն ու վստահութենէն, որով սերմը կը սփռուի, եւ այն խոնարհութենէն ու պատրաստակամութենէն, որով ան կ՚ընդունուի, մեր մէջ կ՚աճին ու կը տարածուին Սուրբ Հոգիին պտուղները, որոնք են՝ ինչպէս Սուրբ Պօղոս կը սորվեցնէ. «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գաղատաց. 5,22)։

Հրաւէր՝ իմաստաւորելու արձակուրդի օրերը

«Որքան մեր աշխարհը այսօր կարիքը ունի այս պտուղներուն» հարց տուաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ ու խրախուսեց «յանձնառու ըլլալ յատկապէս այս արձակուրդի օրերուն, տեղ տալու Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան, ընթերցանութեան եւ խոկումին, հանգիստի եւ առողջ ժամանցին հետ մշակելով, նաեւ լռութեան ու աղօթքի իմաստալից պահեր»։

«Մեր սովորական զբաղմունքներուն պիտի վերադառնանք մարմնով ու հոգիով նորոգուած, պատրաստ՝ աւետելու Աւետարանի Բարի Լուրը եւ աւելի ու աւելի ընդունակ՝ գործակցելու Աստուծոյ Թագաւորութեան աճումին։ Թող Մարիամը՝ Առաքելոց Թագուհին եւ Աւետարանութեան Աստղը, օգնէ մեզի այս գործին մէջ» եղան Սրբազան Քահանայապետի Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ ներկայացուցած Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/07/2026, 12:04

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >