2026.07.05 Angelus

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետը յիշեց Երանելի Ֆրանչեսքօ Սավերիոն եւ աղօթքները ապահովեց վենեզուելլայի ժողովուրդին

«Կամայականութեան եւ բռնութեան մթնոլորտի մը մէջ, Ֆրանչեսքօ Սավերիոն հանդիսացաւ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան եւ չլքեց իր ծխականները: Անոր բարեխօսութիւնն ու աղօթքը թող զօրավիգ ըլլան Աւետարանի այն մշակներուն, որոնք այսօր ալ հալածանքներու կ'ենթարկուին»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի չորս Յուլիսին Իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած աւելի քան 18 հազար ուխտաւորները յիշեց անցեալ հինգշաբթի՝ Յուլիս 2-ին, Վիեթնամի Թաք Սայ սրբավայրին մէջ երանելի հռչակուած Ֆրանչիսկոս Սավերիօ Թրուոնկ Պուու քահանան, «որ սպաննուած էր 1946-ին՝ հաւատքի հանդէպ ատելութեան պատճառով» ըսաւ ան նշելով «Կամայականութեան եւ բռնութեան մթնոլորտի մը մէջ, ան հանդիսացաւ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան եւ չլքեց իր ծխականները: Անոր բարեխօսութիւնն ու աղօթքը թող զօրավիգ ըլլան Աւետարանի այն մշակներուն, որոնք այսօր ալ հալածանքներու կ'ենթարկուին»:

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջոյնը ուղղեց բոլոր ներկաներուն ջերմօրէն ողջունելով Պրազիլէն եկած ուխտաւորները, ապա բարի գալուստ մաղթեց Վենեզուելայի Մերիտայի համալսարանի երգչախումբին հաւաստիացնելով որ իր աղօթքներուն մէջ միշտ կը յիշէ երկրաշարժի զոհերը եւ համայն վենեզուելացի ժողովուրդը.

«Թող Տէրը զօրավիգ կանգնի անոնց այս չափազանց դժուարին պահուն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ ապա ողջունեց միւս ուխտաւորներու խումբերը եւ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/07/2026, 12:27