Պապին խօսքը միշտ Հովիւին խօսքն է
Անտրէա Թորնիելլի
Պետրոսի Յաջորդը միշտ հոգեւոր առաջնորդ է եւ այդպէս կը մնայ՝ նոյնիսկ երբ կը խօսի խաղաղութեան եւ պատերազմի, գաղթականներու ընդունելութեան կամ արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մարդկային մնալու ձեւերուն մասին։ Այն իրողութիւնը, որ Հռոմի Եպիսկոպոսը՝ 1929 թուականի Լատերանեան Դաշնագիրերու ուժով, որոնք լուծեցին «Հռոմէական Հարցը», նաեւ աշխարհի ամենափոքր պետութեան ինքնիշխանն է (իտալական մայրաքաղաքի սրտին մէջ գտնուող կէս քառակուսի քիլոմեթրէն ալ պակաս տարածք մը), չի նշանակեր թէ Ան կը գործէ կամ կ՛արտայայտուի իբրեւ քաղաքագէտ, երբ կը շօշափէ մեր մարդկութեան անցուդարձերուն վերաբերող թեմաները։
Ասիկա լաւ բացատրած է Պօղոս Զ․՝ 4 Հոկտեմբեր 1965-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին. «Այս հանդիպումը, ինչպէս բոլորդ կը հասկնաք,– ըսած է Մոնթինի Պապը,– նշեց պարզ ու վեհ պահ մը։ Պարզ, որովհետեւ ձեր դիմաց ունիք ձեզի պէս մարդ մը. Ան ձեր եղբայրն է, եւ ձեր՝ ինքնիշխան պետութիւններու ներկայացուցիչներուդ մէջ, ամենափոքրերէն մէկը, որ օժտուած է նաեւ ինք՝ եթէ կ՚ուզէք մեզ այդպէս նկատել, փոքրիկ, գրեթէ խորհրդանշական աշխարհիկ ինքնիշխանութեամբ մը, որքան որ կը բաւէ իրեն ազատօրէն գործադրելու իր հոգեւոր առաքելութիւնը, եւ հաւաստիացնելու որեւէ մէկը, որ կը յարաբերի իրեն հետ, թէ ինք անկախ է այս աշխարհի ամէն տեսակ ինքնիշխանութենէ»։ Միացեալ Նահանգներ ուղեւորուած Պապը անմիջապէս ետք՝ խօսելով իր մասին, յաւելած է. «Ան չունի որեւէ աշխարհիկ զօրութիւն, ոչ ալ ձեզի հետ մրցելու որեւէ յաւակնութիւն. արդարեւ, չունինք խնդրելիք որեւէ բան, ոչ ալ յարուցանելիք հարց մը. եթէ երբեք ունինք արտայայտելիք փափաք մը եւ խնդրելիք արտօնութիւն մը, այդ ալ ձեզի ծառայելն է այն ամենով, ինչ որ Մեզի տրուած է ընել՝ անշահախնդրութեամբ, խոնարհութեամբ եւ սիրով»։
Քրիստոսի Փոխանորդին բացարձակ ազատութիւնը երաշխաւորելու համար, գրեթէ հարիւր տարի առաջ սահմանուեցաւ, որ գոյութիւն ունենայ հողի փոքրիկ կտոր մը, ուր Հռոմի Եպիսկոպոսը եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւը ըլլար նաեւ ինքնիշխան, հետեւաբար՝ պետութեան գլուխ։ Բայց ատիկա եղաւ եւ կը մնայ համաձայնութիւն մը՝ ճանչնալու համար ճիշդ այլ պետութիւններէ անկախ ըլլալու այս անհրաժեշտութիւնը, եւ ոչ թէ երկակի առաքելութեան մը հաստատումը։ Քահանայապետին՝ իբրեւ պետութեան գլուխ ունեցած դերին ամէն տեսակ մեծարում կամ չափազանցում, այս դերին կարեւորութեան ամէն տեսակ շեշտադրում, հետեւաբար մոլորեցնող է, որովհետեւ կը վնասէ անոր միակ ու իսկական առաքելութեան՝ իբրեւ Տիեզերական Հովիւ։ Հովիւ մը, որ կը խօսի կաթողիկէներուն, քրիստոնեաներուն, հաւատացեալներուն եւ բարի կամեցողութիւն ունեցող բոլոր մարդոց՝ միակ նպատակ ունենալով աւետել Աւետարանը, անոր սիրոյ, եղբայրութեան եւ «զինաթափուած ու զինաթափող» խաղաղութեան պատգամը։
Այս մէկը յստակօրէն ընդգծած է Կարդինալ Ճովաննի Պատիստա Մոնթինին՝ այն ատեն Միլանոյի կարդինալ արքեպիսկոպոսը, 10 Հոկտեմբեր 1962-ին Քամփիթոլիումի (Campidoglio - Հռոմի քաղաքապետարանը) մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին՝ Վատիկանեան Բ․ Տիեզերական Ժողովի բացման նախօրեակին։ Այդ ճառին մէջ, ապագայ Պապը, խօսելով 1870-ին Քահանայապետական Պետութեան անկումով Եկեղեցւոյ աշխարհիկ հզօրութեան վախճանին մասին, ըսած է. «Այդ ժամանակ էր, որ Քահանայապետութիւնը աննախընթաց թափով վերսկսաւ իր գործառոյթները՝ իբրեւ կեանքի վարդապետ եւ Աւետարանի վկայ, այնպէս որ բարձրացաւ այնպիսի գագաթնակէտի մը Եկեղեցւոյ հոգեւոր կառավարման եւ աշխարհի վրայ բարոյական ճառագայթման մէջ, որպիսին երբեք չէր եղած նախապէս»։
Երբ կը պահանջէ, որ մարդկային կեանքը միշտ յարգուի ու պաշտպանուի իր գոյութեան ամէն մէկ հանգրուանին, երբ կը խօսի խաղաղութեան մասին՝ մտածելով ժողովուրդներու բարօրութեան մասին, եւ կը խնդրէ վերջ դնել սպառազինութեան խենթ վազքին՝ նոյնիսկ գերազանցելով «արդար պատերազմի» հասկացողութիւնը, երբ կը հրաւիրէ երկխօսութեան եւ բանակցութեան՝ վերյիշեցնելով Ընկերային Վարդապետութեան Ուսուցումը, երբ կը խնդրէ գաղթականները նկատել իբրեւ ընդունելի անձեր՝ երբեք չմոռնալով անոնց մարդկային արժանապատուութիւնը, երբ մեզի կը յիշեցնէ, որ աղքատները Աւետարանի կեդրոնը կը գտնուին եւ թէ պէտք է կառուցենք աւելի արդար ու հաւասար հասարակութիւններ, երբ կը պաշտպանէ կրօնական ազատութեան իրաւունքը, երբ կը շեշտէ Արարչագործութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը՝ զայն մեր զաւակներուն ու թոռներուն փոխանցելու համար, Պետրոսի Յաջորդը չի խօսիր իբրեւ պետութեան գլուխ։ Ան պարզապէս կը հռչակէ Աւետարանը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
