Յանուն մարդկային կեանքի յարգանքի․ Լեւոն ԺԴ․ Պապի Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը՝ այսօր հրապարակուած Յուլիս ամսուայ իր աղօթքի դիտաւորութեան մէջ, կը հրաւիրէ աղօթել իր հետ, որպէսզի Տէրը պարգեւէ՛ մեզի միշտ կեանքը ընտրելու ընդունակ նոր սիրտ մը, եւ առատաձեռն ձեռքեր՝ որոնք զայն պաշտպանեն շօշափելի արարքներով, եւ որպէսզի Եկեղեցին դառնայ կեանքի բաց տուն մը՝ ուր ոչ մէկ անձ ինքզինք աւելորդ կը զգայ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, շարունակելով «Աղօթէ Պապին հետ» արշաւը,  Յուլիս ամսուայ իր աղօթքի դիտաւորութիւնը կը նուիրէ մարդկային կեանքի յարգանքին՝ հրաւիրելով յարգել կեանքը՝ իր բոլոր փուլերով հանդերձ, քաջութեամբ պաշտպանելով ձայնազուրկները։

«Աղօթէ Պապին հետ» արշաւը՝ Տարածուած՝ Քահանայապետին Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցին միջոցաւ եւ գործակցութեամբ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան,  կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթելու Քահանայապետին հետ։

Ուղեկցիլ գոյութեան ամէն մէկ փուլը

Տակաւին շաբաթներ առաջ, Սպանիա կատարած իր Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Սրբազան Պապը՝ դիմելով Խորհրդարանին, նշած էր թէ՝ «ամէն մարդկային կեանք պէտք է ճանչցուի եւ պահպանուի յղացումէն մինչեւ իր բնական վախճանը, իր գոյութեան ամէն պարագայի մէջ»։

Վերահաստատելով այս գաղափարը իր աղօթքի դիտաւորութեան մէջ, Լեւոն ԺԴ․ կը պնդէ, որ իւրաքանչիւր անձ սուրբ պարգեւ մըն է, զոր կը ցոլացնէ Աստուծոյ դէմքը, իր գոյութեան առաջին իսկ վայրկեանէն մինչեւ երկրի վրայ իր ուղիին վերջին շունչը։

Պահպանել արժանապատուութիւնը

Աղօթքը նաեւ ներողութեան խնդրանք կը դառնայ այն ատեն, երբ կը սահինք անտարբերութեան գիրկը կամ այն երեւոյթին մէջ, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կը կոչէր «թափօններու մշակոյթ»՝ դադրելով դիմացինին մէջ տեսնելէ «սիրոյ արժանի էակ մը», իսկ կեանքին մէջ՝ բան մը, որ արժանի է անձին ամբողջական նուիրումին։

Տագնապալի իրավիճակները

Նորին Սրբութեան Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը կ’արտացոլացնէ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) կողմէ փաստագրուած իրականութիւն մը, որ կը նշէ թէ՝ ամէն տարի աշխարհի տարածքին կը գրանցուի շուրջ 73 միլիոն արհեստական վիժում։ Ասոր զուգահեռ կ’աւելնայ մահապատիժի կիրարկման առնչուած միտումը։ «Amnesty International»ը 2025 թուականին արձանագրած է առնուազն 2,707 մահապատիժ՝ 17 երկիրներու մէջ, որ ամենաբարձր ցուցանիշն է 1981էն ի վեր՝ ազդարարելով 78% աճ՝ նախորդ տարուան համեմատութեամբ։ ԱՀԿն նաեւ արձանագրած է, որ 2024-ին 60 տարեկանէն վեր ամէն վեց անձէն մէկը կ’ենթարկուի բռնութեան։

Սրբազան Պապին «Յանուն մարդկային կեանքի յարգանքի» աղօթքը․

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն։

Կեանքի Տէ՛ր,

Դուն մեզ ստեղծեցիր սիրոյ համար եւ կանչեցիր մեզի լիութեամբ ապրելու համար։

Ամէն մէկ անձ սուրբ պարգեւ մըն է, զոր կ՚արտացոլացնէ Քու դէմքդ, 

անոր գոյութեան առաջին վայրկեանէն մինչեւ երկրի վրայ անոր ճամբորդութեան վերջին շունչը։

 

Այսօր կը խնդրենք Քեզմէ շնորհքը ճանչնալու ու պահպանելու 

իւրաքանչիւր մարդու միակ եւ անկրկնելի արժէքը։

Սորվեցու՛ր մեզի ընդունիլ կեանքը առանց պայմաններու, 

գուրգուրանքով սատարել տկարութեան,

յարգանքով ուղեկցիլ ամէն մէկ փուլը

եւ քաջութեամբ պաշտպանել ձայնազուրկները։

 

Ներէ՛ մեզի Տէ՛ր, 

երբ կ’իյնանք անտարբերութեան գիրկը կամ թափօններու մշակոյթին մէջ, 

երբ կը դադրինք դիմացինին մէջ տեսնելէ սիրոյ արժանի էակ մը։

Պարգեւէ՛ մեզի միշտ կեանքը ընտրելու ընդունակ նոր սիրտ մը, 

եւ առատաձեռն ձեռքեր՝ որոնք զայն պաշտպանեն շօշափելի արարքներով։

 

Քու Եկեղեցիդ դարձու՛ր կեանքի Աւետարանի կենդանի վկայութիւն,

բաց տուն մը՝ ուր ամէն գոյութիւն կը փառաբանուի,

ուր ոչ մէկ անձ ինքզինք աւելորդ կը զգայ 

եւ ուր արժանապատւութիւնը միշտ կը յարգուի եւ կը պահպանուի։

 

Տէ՛ր Յիսուս,

Տու՛ր, որ սիրենք կեանքն այնպէս, ինչպէս Դուն կը սիրես զայն՝

քնքշօրէն, հաւատարմօրէն եւ անձնանուիրումով։

Տո՛ւր որ գիտնանք հռչակել, խօսքերով եւ արարքներով, 

թէ ամէն մարդկային կեանք արժանի է մեր անձնուիրումին։

Ամէ՛ն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

02/07/2026, 15:00